Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վասն Հաւատոյ Եւ Վասն Հայրենեաց

February 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ե՞րբ Հայ եկեղեցին 451 թուականին Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափերուն տեղի ունեցած պատերազմի 1036 զոհերը նահատակներ նկատած է եւ անոնց համար եկեղեցական տօն սահմանած: Իսկ ե՞րբ այդ տօնին տրուած է ազգային ազատագրական պայքարի բնոյթ եւ ազգային տօն սահմանուած: Հայաստանի թագաւորութիւնը խափանուած էր 428 թուականին, եւ երկիրը կը կառավարուէր մարզպանի մը միջոցով: Հայ նախարարները կրցած էին պահպանել իրենց տիրոյթները, առանձնաշնորհները եւ պաշտօնները, որոնք գործակալութիւններ կը կոչուէին: Հայաստան կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը, որ իրականութեան մէջ արդէն տեղական լայն ինքնավարութեան մը տեսքը ունէր Արշակունեաց թագաւորութեան ողջ տեւողութեան:

Գործակալական պաշտօններէն մէկը վերապահուած էր հայոց կաթողիկոսին: Կաթողիկոսը մեծ դատավարութեան գործակալն էր եւ կը ղեկավարէր դատական ատեանները, կ՛ընդունէր հասարակական կեանքը կարգաւորող օրէնքներ եւ կանոններ, կը հսկէր անոնց գործադրութեան: Կաթողիկոսը կը հանդիսանար միաժամանակ թագաւորին գլխաւոր խորհրդականը:

Կը տեսնուի, որ կաթողիկոսին միջոցով Եկեղեցին մասնակից էր պետութեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքի ղեկավարման: Միեւնոյն դերակատարութիւնը ունեցած էր, քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն առաջ, Հայաստանի քրմապետը:

Պարսկական ընդարձակածաւալ կայսրութեան մէջ կային բազմաթիւ քրիստոնեայ հաւաքականութիւններ, որոնց համակրանքը քրիստոնեայ Հռոմէական կայսրութեան մը նկատմամբ բնական էր ու հասկնալի: Հայկական մարզը արտօնեալ կարգավիճակ ունէր. հայկական բանակը պահպանուած էր հայ նախարարի` սպարապետի, հրամանատարութեան ենթակայ: Հայկական բանակը դժկամութեամբ մասնակցութիւն կը բերէր  պարսիկ արքայի արշաւանքներուն: Պարսկաստանի արքայից արքան համոզեցին պալատականները, որ եթէ քրիստոնեայ ժողովուրդները մազդէական կրօնը ընդունին, անոնք ժամանակի ընթացքին կը ձուլուին, եւ կայսրութիւնը կ՛ունենայ միահաւատ ու միասնական հզօր բանակ մը: Հայերը կրօնափոխ ընելով, պարսիկները կը ծրագրէին վերացնել հայկական ինքնութիւնը, հայերը պարսիկ դարձնել:

Հայերը ապստամբեցան այս պարտադրանքին դէմ: Կրօնափոխութիւնը արտաքնապէս քրիստոնէութենէն հրաժարելու հրաւէր էր, միաժամանակ հայկական ինքնութիւնը վերացնելու դաւադրութիւն: Ապստամբելով պարտադրանքին դէմ, պատերազմելով «վասն հաւատոյ» հայկական բանակը կռուեցաւ «վասն հայրենեաց»: Վարդանանց պատերազմը քրիստոնէութեան ընդունումէն մէկուկէս դար ետք, քրիստոնէական հաւատքը դարձուց հայ ազգի ինքնութեան անբաժան ազդակը: Հայութիւնը պահպանող հզօրագոյն գործօնը:

Հայութեան դարաւոր գոյութեան տեւողութեան քիչ են անկախ կամ կիսանկախ պետականութեան ժամանակաշրջանները: Ընդհանրապէս ենթակայ օտար ու յաճախ դաժան տիրապետութիւններու, կրօնն ու եկեղեցին դարձած են մեր ինքնութեան պահպանման գլխաւոր – եթէ ոչ` միակ-ապաստարանը: Ուրիշ ազգային հաւաքականութիւններ բախտը ունեցած են սեփական պետական իշխանութեան երկարատեւ հոլովոյթի ճամբով ազգային-պետական նկարագիր կոփել: Անոնք կրցած են կրօնական ազդակը երկրորդական դարձնել, նոյնիսկ ջնջել: Մենք չէինք կրնար, իրաւունք չունէինք քրիստոնէական հաւատքը պարագայական նկատել ու ազգային ինքնութեան սահմանումէն հեռացնել:

Պետականութեան գոյութեան պայմաններուն տակ Եկեղեցին պէտք է հասարակական ու քաղաքական դերակատարութիւն ունենայ: Մեծ դատաւորութեան պաշտօնը օտար տիրապետութիւններու տակ պահել փորձած Հայ եկեղեցին, այսօրուան աշխարհին մէջ հարկադրուած է զիջիլ պետական դատական համակարգերուն: Սակայն հայկական ինքնութեան պահպանման գործօնը անզիջելի է. գիրերու գիւտէն ու Վարդանանց պատերազմէն ետք, դարերու ընթացքին քրիստոնէութիւնը մաս կազմած է նոյնիսկ անհաւատ հայ մարդուն բարոյահոգեբանական ազգային հոգեխառնութեան:

Այս պատճառներով է, որ Վարդանանքը միաժամանակ տօն է եկեղեցական ու տօն է ազգային: Հայ եկեղեցին ինք ազգային եկեղեցի է: Դաւանաբանական տարբերութիւններէ անկախ, Հայ եկեղեցին տարբեր եկեղեցիներէն կը զատորոշուի իր շաղախումովը հայ ժողովուրդի կեանքին, իղձերուն, նպատակներուն եւ ազատութեան համար պայքարին:

Ազգային պետականութիւնը բացարձակ արժէք է, ինչպէս ազգային եկեղեցին բացարձակ արժէք է: Հայ ազգին ու հայոց հայրենիքին յաւերժացումը պայմանաւորող երկու բացարձակ արժէքները պէտք է ներդաշնակ յարաբերութիւն ունենան: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ պետութեան ընկրկումին նկատմամբ, ինչպէս պետութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ եկեղեցւոյ դերին տկարացման դիմաց: Անտարբեր չմնալ չի նշանակեր տագնապ ստեղծել ու պայքարիլ: Խորհրդակցութիւնն ու փոխադարձ օժանդակութիւնը պէտք է ըլլան գործելաձեւն ու յարաբերութեան եղանակը:

Վարդանանց պատգամը չմոռնանք. վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց:

 

 

Նախորդը

Բաց Նամակ` Պարոն Վարչապետին

Յաջորդը

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆիկ Ալեքսանեան Պարտութեան Մատնեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցը Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.