Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայազգի Մեծ Բարերար, Հոգեւորական-Քաղաքական Գործիչ Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի Վախճանման 65-Ամեակ

February 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Նուիրումի եւ զոհողութեան ասպետ: Այսպէս կարելի է բնութագրել  Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իր նշանակալի դրոշմը ձգած հայազգի մեծ  բարերար, հոգեւորական-քաղաքական գործիչ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Պօղոս ծ.վրդ.Արիսը:

Ան ծնած է 25 յունուար 1889-ին, Հալէպ եւ վախճանած է 24 յունուար 1961-ին, Պէյրութ: Պէյրութի մէջ թաղման կարգը կատարելէ ետք համալիբանանեան մեծաշուք թափօրով դագաղը դէպի Զմմառ ուղղուելով` միաբաններու դամբարանին մէջ փառաշուք յուղարկաւորութեամբ ամփոփուած է միաբանակից եղբայրներուն մօտ:

65 տարիներ անցած են անոր երկրաւոր կեանքի աւարտին, սակայն լիբանանահայութեան ստուար մէկ զանգուածը ցայսօր կը պատսպարուի անոր կառուցած յարկաբաժիններուն մէջ, կ՛աղօթէ անոր կանգնեցուցած եկեղեցիներուն մէջ, կը յաճախէ անոր կառուցած վարժարանները եւ տակաւին կարելի է թուարկել շա՜տ եւ շատ բարեգործական հաստատութիւններ, որոնք Արիսի նախաձեռնութիւններն են, սակայն, ցաւ ի սիրտ, շատեր նոյնիսկ տեղեակ չեն, որ այդ կեդրոններու բարերարը նոյնինքն Զմմառու միաբան հայրն է:

Ուշագրաւ է այն, որ 17 մարտ 1912-ին Մարտինէն Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբաններ` հայրեր Վարդան Սապպաղեանը, Օգոստինոս Պաղտասարեան եւ Հալէպէն Պօղոս Արիս  ձեռնադրուէին նոյն օրը, Մարտինի հրաժարեալ առաջնորդ Յուսիկ արք. Կիւլեանի ձեռամբ, իսկ նախախնամութեան միջամտութեամբ միեւնոյն ձեռնադրութեան ներկայ գտնուած եւ իր օրհնութիւնը տուած ըլլար նաեւ Մարտինի նորանշանակ առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեան: Պատմական այդ օր կարծէք, կանխորոշուած էր, որ ձեռնադրուողներէն երկու մարտինցիներու նահատակութիւնը իրենց առաջնորդին` Իգնատիոս արք. Մալոյեանի հետ ըլլար, իսկ ինք` Պօղոս Արիս (ծագումով մարտինցի, բայց Հալէպ ծնած) թրքական եաթաղանէն հրաշքով փրկուած եւ Լիբանան ապաստանած, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայութեան բեկորները ի մի բերելով, պատսպարած է եւ անոնց բարօր կեանք մը ապահովելու ելքերը որոնելով` նպաստած է գաղութակազմութեան նուիրական գործին:

Պօղոս ծ.վրդ. Արիս` արմատներով մարտինցի, ծնած է Հալէպ, 25 յունուար 1889-ին: 1902-ին մեկնած է Կ. Պոլիս, ուր յաճախած է Սեն Լուիզ ֆրանսական դպրեվանքը, երկրորդական ուսումը եւ իմաստասիրութիւնը աւարտելէ ետք վերադարձած է ծննդավայր:

1910-ին ընդունուած է Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարան` հետեւելով հայոց լեզուի եւ եկեղեցական ուսմանց:

1912-ին ստանձնած է Պէյրութի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը: Պատերազմէն ետք ամբողջովին նուիրուած է ազգային կեանքի, իր անխոնջ գործունէութեամբ համայն լիբանանահայութեան վստահութիւնն ու համակրանքը վայելած է:

Ցեղասպանուած հայու բեկորները երբ ֆրանսական շոգենաւով Լիբանանի առափնեայ նաւահանգիստը հասան, իրենց դէմ Լիբանանի դռները փակ գտան:

Այդ ժամանակ ազգին օգնութեան փութացին Զմմառու միաբան հայրեր Պօղոս Արիսն ու  Յակոբ Նեսիմեանը:

Անոնք թախանձագին աղերսով մը դիմեցին օրուան հեղինակաւոր եւ ազդու մարոնի Հուայէք պատրիարքին, որ ասպնջականութիւն ցուցաբերէ անօթեւան հայերուն,  բայց պատրիարքը մերժեց` ըսելով. «Թշուառը թշուառին փոխ չի տար: Չեմ ուզեր, որ Լիբանանը հայութեան որպէս գերեզման ծառայէ: Թող երթան ուրիշ երկիրներու մէջ մահանան»:

Ազգասէր Պօղոս ծ. վրդ. Արիսին պատասխանը կ՛ըլլայ. «Ամենապատիւ տէ՛ր, հայը անօթի չի մեռնիր, կրնայ քարէն իսկ ջուր հանել, բացէք ձեր երկրին դռները անոնց առջեւ, գոհ պիտի մնաք անոնցմէ»: Պատրիարքը այս յուզիչ արտայայտութիւնը լսելով` անսաց Մեծ Հայուն խնդրանքին եւ հրահանգը հաղորդեց կուսակալին: Այսպիսով, հայերը շնորհիւ հայր Պօղոս Արիսի ջանքերուն` հաստատուեցան հիւրընկալ Լիբանան:

Պօղոս ծ. վրդ. Արիս յատկանշուած է իր բարեհամբոյր վերաբերմունքով եւ անմիջականութեամբ. այսպիսով, սերտ կապեր հաստատած է պետական բարձրաստիճան այրերու հետ, եւ որպէս արաբագէտ` յաջողած է օժանդակել հայրենազուրկ իր ժողովուրդին` տեղական լեզուին եւ պայմաններուն ընտելանալու աշխատանքին մէջ:

Անոր փխրուն եւ դիւրաբեկ սիրտը չէր կրնար անտարբեր գտնուիլ` անօթեւան եւ թափառական տեսնելով Կիլիկեան Հայաստանէն տեղահանուած բազմահազար որբուկներ, որոնք Ժիպէյլ հասնելով` փրկութեան յոյսեր կը փայփայէին:

Ան հ. Պօղոս Պզտիկեանի հետ Ժիպէյլ ուղղուելով` բազմահարիւր որբերու խումբ մը առած ու վերադարձած է Էշրեֆիէ Սիուֆիի կողմերը, ուր ֆրանսացիներու եւ ժողովուրդին օգնութեամբ 1923-1935-ին հիմնած է Էշրեֆիէի որբանոցը` պատսպարելով 300 որբուկներ,  որոնք զինք կոչած են «Հայրիկ»: Այնտեղ պետական կրթական ծրագիրի դասաւանդման կողքին, գործած է նաեւ արհեստից վարժարան, որպէսզի ուսման մէջ ունակ չեղող երեխաները արհեստ մը ձեռք բերելով` հետագային կարողանան աշխատանքի ասպարէզի մէջ գործ ապահովել:

Մանչերուն համար հիմնած է արհեստանոցներ, իսկ աղջկանց համար` տնային աշխատանքներու եւ ձեռագործի վարժարաններ:

Սաներու աշխատանքներու արտադրանքները վաճառելով` որբանոցը ինքնաբաւ վիճակի մէջ յայտնուած է:

Զմմառու մայրավանքի մէջ պատսպարուած շուրջ 200 երեխաները 1923-ին Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի ճիգով փոխադրուած են Պէյրութ, ապա Պուրճ Համուտ` անոր հիմնած «Սեն Կրեկուար»- Ս.Գրիգոր լուսաւորիչ երկրագործական բնոյթի որբանոցը:

1925-ին հիմնած է կոյրերու վարժարան մը եւս:

Պօղոս ծ. վրդ. Արիս նշանակուած է Ազգային միութեան քարտուղար եւ վարիչ` Լիբանանի Քարանթինայի հայկական աւանին:

Իր խոհեմ, շրջահայեաց եւ դիւանագէտի հնարամտութեամբ, հիմնած եւ կազմակերպած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Ան իր ամբողջ կարելիութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնելով` հայկականացուցած, զարգացուցած, ծաղկեցուցած է խոպան աւանը` դարձնելով Լիբանանի առաջատար առեւտրական եւ վաճառականական շրջաններէն կարեւորագոյնը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին տուած Պօղոս ծ. վրդ. Արիսի վկայութեան մէջ կը նշուի, որ քաղաքապետարանը`

Ա.- Հայթայթեց շրջանի ըմպելի ջուրի մատակարարումը:
Բ.- Կոյուղիներու շինութիւնը յաջողցուց:
Գ.- Ճամբաները օրինաւոր կերպով կարգաւորեց:
Դ.- 77 յարմարաւէտ շէնքեր կառուցելով` 770 հիւղաւաններու բնակիչներէն ամէնէն կարիքաւորները տեղաւորեց:
Ե.- Գիշերապահներ տրամադրեց` ապահովութիւնը երաշխաւորելու:
Զ.- Ոստիկանութիւն նշանակեց անվտանգութեան համար:
Է.- Առողջապահական պայմանները բարելաւեց:
Ը.- Սպանդանոցներու մաքրութիւնը հսկողութեան ենթարկեց:

Հայր սուրբը իր բարեհամբոյր, հոգեհարազատ եւ մարդամօտ բնաւորութեամբ կարողացած է ժողովուրդին վստահութիւնը, սէրն ու համակրանքը նուաճել:

Ան անձամբ շրջելով Պուրճ Համուտի փողոցները` մօտէն հետաքրքրուած է ժողովուրդի կենցաղով, դժուարութիւններով եւ առողջապահական հարցերով: Իր նախաձեռնութեամբ, Պուրճ Համուտի թաղամասերու բաժանումը կատարուած է:

Ան եղած է մտաւորական, դաստիարակ եւ գրիչի մարդ: Բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է «Մասիս»-ի մէջ եւ որոշ ժամանակ եղած է խմբագրակազմի անդամ:

1939-ին  հիմնած է Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, որուն տնօրէնի պաշտօնը վարած է 1951-1952 տարեշրջանին:

1953-ին հիմնած է Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցին` ազդուած հայր Պօղոս Պզտիկեանի հետեւեալ խօսքէն. «Վարդապե՛տ, դուն որբերուն հայր եղար եւ իրենց տուն հայթայթեցիր, աղքատներուն օգնեցիր, դպրոցներուն նպաստեցիր: Եթէ անդի աշխարհ երթաս, Հայր Աստուած քեզի հարց պիտի տայ, թէ դուն, որ ամէնուն տուն շինեցիր եւ օգտակար եղար, բայց ինչո՞ւ Աստուծոյ համար տուն մը չշինեցիր»:

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Պօղոս Ծ. վրդ.Արիս լիբանանահայութեան բնութագրմամբ որակուած է` որպէս մաքրամաքուր հայ, օրինապահ լիբանանցի, անխոնջ շինարար, ձեռնհաս տնտեսագէտ, շրջահայեաց դիւանագէտ, ողջամիտ մտաւորական, որբերու հայր, անձնուէր դաստիարակ եւ անբասիր վարդապետ:

Լիբանանեան մամուլը բազմիցս անդրադարձած է անոր բարեգործութեանց մասին:

Պօղոս ծ. վրդ. Արիս կեանքի վերջին տարիներուն` 1953-1957, ընտրուած է Զմմառու վանքի մեծաւոր: Տուեալ ժամանակաշրջանին ան զարկ տուած է դպրեվանեցիներուն հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ գիտական ուսմանց:

Անզուգական միաբանը իր մահկանացուն կնքած է 24 յունուար 1961-ին:

Զմմառ

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Լռութեան Գինը

Յաջորդը

Բաց Նամակ` Պարոն Վարչապետին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.