Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, 135-Ամեայ Ուղի` Անձնազոհութենէն Մինչեւ Պետականակերտում

February 9, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Հայոց արդի պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահերուն, երբ ազգին գոյութիւնը վտանգուած էր, ասպարէզ իջաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: 1890-ին Թիֆլիսի մէջ իր հիմնադրութենէն ի վեր Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական ուժ, այլ նաեւ` հայութեան հաւաքական կամքին ու ոգիին մարմնաւորումը: Այսօր` 135 տարիներ ետք, կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մնալ ազգային պահանջատիրութեան ամէնէն զօրաւոր դրօշակիրը` միացնելով Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ տեսլականի շուրջ:

Դաշնակցութեան էութիւնը կը յանգի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարին: Հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի առաջնորդութեամբ, ՀՅԴ-ն ձեւաւորեց յեղափոխականի այն կերպարը, որ պատրաստ է ամէն տեսակի զոհողութեան` յանուն հայրենիքի փրկութեան: Ան կազմակերպեց ֆետայական շարժումը, պաշտպանեց հայ շինականը եւ եղաւ այն հիմնաքարը, որուն վրայ 1918-ին բարձրացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրօշը: Դաշնակցութիւնը փաստեց, որ պետականութիւնը զուտ քաղաքական ձեռքբերում չէ, այլ` ազգային արժանապատուութեան վերականգնում:

Ժողովուրդին համար ՀՅԴ-ի կարեւորութիւնը յատկապէս հիմնարար դարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ձեւաւորուած սփիւռքի մէջ: Երբ հայութիւնը կանգնած էր ձուլման ու ոչնչացման վտանգին դէմ յանդիման, Դաշնակցութիւնը ստեղծեց «հայակերտման» հզօր ցանց մը: Դպրոցներու, ակումբներու, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի միջոցով կուսակցութիւնը պահեց հայուն ինքնութիւնը: Անոր ջանքերով է, որ այսօր աշխարհի որեւէ անկիւնը հայ երիտասարդը հպարտութեամբ կը խօսի իր մայրենի լեզուով եւ կը պահանջէ իր արդար իրաւունքները:

Աւելի՛ն. արցախեան ազատամարտի առաջին իսկ օրերէն Դաշնակցութիւնը իր կամաւորական ջոկատներով կանգնեցաւ սահմանին: Հայ դատի գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը այսօր ալ կը մնայ հայութեան ամէնէն ազդու զէնքը միջազգային դիւանագիտութեան մէջ` հետապնդելով Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայրենիքի անվտանգութիւնը:

Այսօր 135-ամեայ կազմակերպութեան գրաւականը անոր երիտասարդութիւնն է: Դաշնակցական երիտասարդին դերը ներկայ  աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ ունի քանի մը հիմնական ուղղութիւններ` սփիւռքի մէջ պահել հայապահպանման ամրոցները, տիրապետել հայ լեզուին եւ մշակոյթին, միաժամանակ օգտագործելով արդիական գիտելիքները` ի նպաստ Հայ դատի աշխատանքներուն, հանդիսանալ միասնականութեան կամուրջ, երբ դաշնակցական երիտասարդը այն օղակն է, որ կը միացնէ սփիւռքի ներուժը հայրենիքի կարիքներուն հետ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակը պարզապէս թուական մը չէ, այլ` վերանորոգման հրաւէր: Կազմակերպութիւնը կը մնայ հայ ժողովուրդի յոյսի փարոսը, որովհետեւ անոր հիմքը ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն ու անձնազոհութիւնն է: Քանի դեռ կայ Դաշնակցութիւնը եւ անոր նուիրեալ երիտասարդութիւնը, հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

 

 

Նախորդը

Հայապահպանումը` Սերունդներու Շղթայ

Յաջորդը

135 Տարիներու Պայքար, Մէկ Գաղափար

RelatedPosts

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

October 6, 2026
Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

September 29, 2026
Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.