Արցախեան շարժման առաջին իսկ օրերէն, երբ լիբանանահայութիւնը հիմնեց «Արցախի օժանդակութեան մարմին»-ը, (հետագային` «Արցախ ֆոնտ») այսինքն առաւել քան երեսնամեակ մը, ամէն հինգշաբթի, թղթապանակ մը ձեռքին, Մասիս Ալեքսանդրեան կը միանար ֆոնտի կազմի իր ընկերներուն, որոնք, ի տարբերութիւն իրեն, յաճախ փոփոխութեան կ՛ենթարկուէին, մինչ ինք մինչեւ Լիբանանէն տեղափոխուիլը մնաց անփոփոխ ու անփոխարինելի:
Թղթապանակը անպայմանօրէն կը պարունակէր յուշաթերթիկ մը, ուր թուագրուած կ՛ըլլային այդ շաբթուան կազմակերպական գործերու, ստանձնուած պարտականութիւններու ու հաշուետուութիւններու ցանկերը, որոնց գոյութիւնը զգօնութեան կը մատնէր բոլոր ընկերները: Եթէ պարտականութիւն մը ստանձնած էիր, փախուստ չունէիր, կա՛մ կատարած պիտի ըլլայիր զայն, կա՛մ ալ պիտի արժանանայիր իր քաղաքավար, բայց պահանջկոտ հայեացքին:
Ընկերներուն համար պատիւ էր իրեն հետ ժողովական ըլլալը: Անոնք անհամբեր կը սպասէին ժողովի օրուան, որովհետեւ նաեւ պիտի հանդիպէին իրեն: Բոլորին նկատմամբ ուշադիր ու հոգատար, ֆոնտի ոչ միայն հիմնադիր, այլեւ մղիչ ուժերէն մէկը եղաւ Մասիս Ալեքսանդրեան:
Մասնագիտութեամբ հաշուապահ` երկար տարիներու ընթացքին բծախնդրօրէն կատարեց ֆոնտի եւ, աւելի ուշ, ԱՌԻ բաժնետիրական ընկերութեան հաշուական բոլոր գործառնութիւնները:
«Արցախ ֆոնտ»-ի մէջ, ինչպէս այլուր, եղաւ համեստ ու հետեւողական: Հեզ ու խոնարհ այս գլխագիր Մարդը եղաւ նորարար ու իւրաքանչիւր ծրագիրի յաջողութիւնը կրեց իր մտքին ու գործին կնիքը: Իրերայաջորդ ծրագիրները գործադրուեցան առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ, որովհետեւ անոնց մտայղացման, ծրագրաւորման ու իրականացման մէջ նաեւ եղաւ արթուն պահակ մը, որ իր կերպարով ներշնչեց իրմէ կրտսերները: Խաղաղաշունչ, լրջախոհ, առարկայական ու գործնապաշտ, քննական մտքով ու անկողմնակալ կերպով մօտեցաւ յառաջացած բոլոր խնդիրներու լուծման: Դրական կերպար մը եղաւ ու դրական ապրումներով վարակեց բոլորը: Կենդանի Գործին ու անոր արդիւնքին հաւատացող Մասիս Ալեքսանդրեան հեռու մնաց լուսարձակներէ: Իրեն յատուկ իրական համեստութեամբ կրցաւ կանխել Արցախի պետութեան կողմէ իրեն շնորհուելիք շքանշանի տուչութիւնը: Այս առումով իր ընկերները չկրցան համոզել զինք գէթ այն առումով, որ իր անձին ընդմէջէն շքանշանը պիտի տրուէր ամբողջ լիբանանահայութեան, եւ որ` անոր ընդունումը օրինակելի պիտի ըլլար երիտասարդութեան համար: Մնաց անդրդուելի: Արցախի նախագահի թելադրանքով, երբ Արցախէն հեռաձայնով զինք համոզելու վերջին փորձ մըն ալ ըրի, կ՛երեւակայեմ իր ժպտուն ու խոհուն դէմքը, երբ խօսակցութեան աւարտին, ճարահատեալ, կէս լուրջ-կէս կատակ յառեցի. «Եթէ կը մերժես, ուրեմն արժանացեր ես, որ կը մերժես»: Պատասխանեց կտրուկ ու դիպուկ. «Վնաս չունի, դուն անանկ կարծէ»:
Դաշնակցական էր ողնուծուծով եւ գաղափարական առողջ ու ամուր հենքով, սակայն իր լայնախոհութեամբ ու անաչառութեամբ յարգուեցաւ ու սիրուեցաւ բոլորին կողմէ անխտիր:
Համակ օրինակելի տիպար մը եղաւ մեր կեանքէն ներս: Հայաշունչ օճախի ամուսին ու հայր, միութենական կազմաւորումով ծառայասէր ու բարի Մարդ: Աստուածաշնչեան թելադրականութեամբ` «Ձախ ձեռքը չգիտցաւ աջին տուածը», եւ դեռ աւելի՛ն. իր կենդանութեան ոչ ոք գիտցաւ, որ քանի մը ընկերներու հետ միասին յաճախ նուիրատուութիւններ կատարեց բոլորովին շինծու անուններով…
Այժմ, երբ քառասնօրեակ մը առաջ անցաւ յաւիտենութեան, իր ետին թողուց անհուն վաստակ մը, լի` հանրօգուտ ձեռքբերումներով եւ անմոռաց յիշատակներով:
Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի ու դաշնակցական զանազան յանձնախումբերու ու մարմիններու, ԱՌԻ բաժնետիրական ընկերութեան եւ այլ զանազան նախաձեռնութիւններու մէջ մեծ վաստակ ունեցաւ:
Մասիս Ալեքսանդրեան այսպէս ապրեցաւ ու գործեց, որովհետեւ վաւերական Մարդ էր եւ աննկուն դաշնակցական:
Արցախի կորուստի ցաւը սրտին մեկնեցաւ…
Կրնանք մտածել, որ երեսնամեակի մը իր վաստակը ի զուր անցաւ: Սակայն ո՛չ, յումպէտս չվատնուեցաւ Արցախին ու արցախահայութեան համար թափած իր ճիգն ու տրամադրած ժամանակը: Հաւատքով ու ապրումով գործեց, եւ այն օրերուն արցախահայութիւնը նաեւ ի՛ր ջանքերով զգաց, որ դժուարին պայքարին մէջ, ի տարբերութիւն արդի օրերուն, առանձինն չէ: Երիտասարդ ընտանիքներու հիմքեր դրուեցան, անոնց համար բնակարաններ տրամադրուեցան, դպրոցականներուն համար գրենական պիտոյք հասաւ Արցախ, բժշկական պիտոյքներ եւ այլ ձեւի զօրակցութիւններ. այս բոլորը նպաստեցին, որ արցախահայութիւնը ապրի ու արարէ իր պապենական հողին վրայ:
Եւ այսպէս, հինգշաբթիները առանց ընկեր Մասիսի պիտի շարունակեն թաւալիլ` մինչեւ արդարութեան լիակատար յաղթանակ, մինչեւ կրկին գան պայծառ օրեր: Իսկ Մասիս Ալեքսանդրեանի հոգին անդենականէն զանոնք պիտի զգայ անպայման, եւ այդ օրերուն մենք կրկին պիտի յիշենք ու արժեւորենք զինք եւ հետեւինք իր օրինակելի վարքին:
Արդ, խաղաղ հանգչի հոգին:



