ԾԱՒԻ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն ներս պարոն Աւոյին աշակերտելու բախտաւորութեամբ օրհնուած, ֆրանսաբնակ երիտասարդուհիի մը տողերը շատերու ուսուցիչը եղած` Աւօ Չաքմաքեանի մահուան առթիւ:
Ցաւը մեծ է, կը պոռթկաս:
Կլլող մութը կը պատէ: Սենեակիդ լռութիւնը կ՛անհանգստացնէ:
Ցնցումէն գետին թափած զգացումներուն տակէն ինչպէ՞ս ելլել:
Մարդկային բնական փափաքով պիտի վերադառնաս տուն` ըլլալու սիրելիներով, կողք-կողքի:
Բայց սեւ-ճերմակ էջերու չքնաղ քաղաքն ես, ապահով սահմաններով երկիրը:
Ազատութեան թուղթէ դրօշին տակ, տուն երթալու փաստաթուղթէ զուրկ:
Ուրեմն ինչպէ՞ս:
Հասնելու ճանապարհին կը դիմես: Սկսիլ դասարանի երկրորդ շարքէն: Աթոռով երկրորդ շարք, գրասեղանով առաջին շարք, դասընկերուհիիդ քով: Գլուխ գլխի, զուգահեռ նստուածքները մէկ ուղղութեամբ դարձած` կը սպասէք օրուան կախարդութեամբ հմայուելու, որ աւազէ աշտարակ գիտելիքդ պիտի ծակէ եւ առուակի նոր ուղիներ բանայ: Քսան տարի անց, աթոռիդ վրայ նստած աշակերտին պատմութիւններով խնդուք սփռէ:
Այս անգամ երկու դասընկերուհի` գլուխները համակարգիչի պաստառին, աչքերը դէմ դիմաց, գլուխները զուգահեռ, դէպի վար…
Մեր առտուն ձախէն կը սկսէր: Դասարանի պատուհանին ձախ պատին յենած, գիրքին ու իր ողնայարը ուղիղ երկարած` մտիկ պիտի ընէիր:
«I celebrate myself, and sing myself,
And what I assume you shall assume,
For every atom belonging to me as good belongs to you.»
Մարմինով մէկ արեւմուտք ես: Ապահով սահմաններու երկիրը, հոն ուր արեւը վերջնականապէս մար մտած է: Երկիր մը, ուր դաշտը վազելով` ազատութիւն կը փնտռեն, արեւելքին պէտք չունեցող, անոր արեւը անգամ մըն ալ չընդունող, ողնայարները ծռած, Թուր էյֆելի փայլփլուն լոյսերուն տակ անոնց դէմքերն են մթնած:
Աթոռները անգամ մը եւս երկրոդ շարք կը քաշես, դէմքերը դէպի ձախ եւ թաց խնդուքը դարձեալ կը սփռուի, կեդրոնացումը դարձեալ կը սրի` ըմբոշխնելու տողերը, պատմութիւնը, կատակները եւ անոնց իմաստութիւնը, որ պարոն Աւոն պիտի հոսեցնէր կողմնացոյցէն: Այն կողմէն, որ տուեալ պահը, ապրումը կը թելադրէր: Ըլլայ չորս, ըլլայ ութ, ըլլայ տասնվեց կողմէ:
Չէ՞ որ հեռաձայնած էիր սգալու: Եւ կ՛անդրադառնաս, որ նոյնիսկ իր մահով պարոն Աւոն իր շուրջ կը հաւաքէ իր աշակերտները կողմնացոյցի բոլոր կողմերէն` ողնայարերը շտկելու, անգամ մը եւս զիրար լսելու, կարեկցելու, մարդկայինը վերագտնելու, արեւելքին ծանօթ կեանքը ամբողջութեամբ ապրելու, մութ փողոցներուն մէջ ամէնէն լուսաւոր խնդուքները արձագանգելու:
Արեւմուտքի անծայրածիր դաշտերուն վրայ չի վազեր ազատութիւնը: Շուրջդ ապահով նստած գառնուկներու կլորին մէջ կը հանգչի:
Երրորդ պահուն պատուհանի ձախ պատէն կ՛անցնի դասարանին կեդրոնը` հրաւիրելու գրականութեան երկինքի բոլոր երանգները:
Մոպի Տիքի փոթորիկով կը պարպես մեր գրասեղանները` տեղ տալով մեր մտածումներուն եւ տողերուն, Ուոթըրինկ Հայցի խորունկ ապրումներով կ՛անցնիս դասարանին աջ կողմը, արմուկդ ամբողջովին երկարած, վճռական, նոյնիսկ քիչ մը վշտացած կը գրես` you don՛t fall in love, you rise in love. Love raises you up եւ գրատախտակի շրջանակին վրայէն ցատկելով, քու սիրովդ ինքնավստահ դարձած իւրաքանչիւրիս կողմնացոյց մը կը նուիրես` մեր դիմաց բանալով տասնվեց դռներ:
Շուտով զանգը պիտի հնչէ… եկեղեցիին: Էջը պէտք է յանձնել…
Ուսուցչական ասպարէզին արժանացած մինչեւ վերջին վայրկեանս կը խոստանամ ձգտիլ լաւագոյնիս, հասնելու քեզի, ինչպէս իւրաքանչիւր հայ կը ձգտի, երբ Արարատին կը նայի:
Ֆիզիքական աշխարհին մէջ չարժանացայ քեզի ցտեսութիւն մը ըսելու, որպէս մէկ գառնուկդ` քեզ ուսիս վերցնելու:
Կը խոստանամ հիմա ի՛մ դիմաց գտնուող գառնուկներուն ըմբոշխնել եւ տաքուկ ժպիտդ սփռել: Իւրաքանչիւր գառնուկի ձախ ուսիս գրկած, մարդկայնութիւնդ ալ աջիս` լուսաւոր դէմքով, ուղիղ ողնայարով, քալել ու ժպտիլ որպէս մարդ, արժանանալու ու հասնելու քովդ, նոր զրոյց մը սկսելու:
Կողմնացոյցին կարմիր սլաքը, սիրելիներ, պարոն Աւոյին փայլուն աստղն է, որ նոյնիսկ իր մահէն ետք, աստղի մը նման, կը շարունակէ իր հարիւրաւոր աշակերտներուն երկինքը զարդարել եւ իր լոյսը հասցնել մարդկութեան:


