Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Օմանէն Պէյրութ Եւ Կազա

February 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու վայրի յանկարծակի փոփոխութիւնը որոշ դիտարկումներու կ՛առաջնորդէ: Անգարան բաւական խանդավառ ինքնաառաջադրուած էր ստանձնելու միջնորդական առաքելութիւն: Այս ճիգը արդիւնաւորուած կը թուէր, երբ մանաւանդ Պոլիսը կ՛ընտրուէր բանակցութիւններու վայր: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նոյնիսկ բանակցային ձեւաչափ կ՛առաջարկէր եւ կ՛առաջարկէր կեդրոնանալ միայն հիւլէական թղթածրարին վրայ: Ածանցեալ խնդիրները, որոնք սկզբունքով օրակարգային կէտեր էին բանակցութիւններուն, կը վերաբերէին հեռահար հրթիռներու ռազմարդիւնաբերութեան սահմանափակման եւ Իրանի կողմէ ֆինանսական եւ սպառազինական օժանդակութիւններու դադրեցման տարածաշրջանի այլ յենակէտերու:

Պարզ է, որ Թեհրանի առաջարկով է, որ բանակցային հարթակի փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենար: Կ՛առաջարկուէր, որ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենային չէզոք միջավայրի մէջ: Ուրեմն Իրանի ընկալումով Անգարան կը շարժէր այս պարագային ամերիկեան կանոններով:

Հիմա փորձենք պարզել վայրի փոփոխութեան ետին կանգնած կարեւորագոյն հանգամանքներէն բաժին մը:

Անգարայի երկկողմանի մօտեցումը կրնար բացատրուիլ հետեւեալով: Կեդրոնանալ միայն հիւլէական թղթածրարին վրայ, կամ որդեգրել բանակցութիւններու փուլային տարբերակը, սկզբունքով կը բխէր Իրանի շահերէն: Ռազմարդիւնաբերութեան եւ արտաիրանեան յենակէտերու օժանդակութիւններու սահմանափակումը այս փուլին քննարկելի չէին ըլլար: Միւս կողմէ,  սակայն, իրանական իւրանիոմի պաշարներու Թուրքիա տեղափոխումը հաշտ չէր ընկալուեր Իրանի կողմէ, որ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած էր իւրանիոմի օգտագործման համեմատութիւնը նկատելիօրէն պակսեցնելու պահանջին:

Այստեղ միայն Իրանի որոշումով պէտք չէ պարզաբանել բանակցային հարթակի փոփոխութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ Իսրայէլ-Թուրքիա մրցակցութիւնը: Իսրայէլ ընդհանրապէս հանգիստ չ՛ընկալեր Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերագործարկումը: Թել Աւիւի ուզածը համապարփակ զիջումն է, թէ՛ հիւլէական, թէ՛ հեռահար հրթիռներու եւ թէ՛ տարածաշրջանին մէջ իրանեան յենակէտերը վերջնականօրէն արմատախիլ ընելու առումներով: Անգարայի առաջարկած փուլայինը հակոտնեայ մօտեցում է յարաբերաբար Իսրայէլի առաջադրածին:

Երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէր, որ Թեհրան պատրաստ է բանակցելու եւ կ՛առաջարկէր բանակցային թղթածրարի ձեւաչափի փոփոխութիւն,  յայտնապէս իր նախաձեռնութիւնը համաձայնեցուցած էր Իրանի հետ: Այդ նախաձեռնութիւնը յայտնապէս ոչ միայն չէր համաձայնեցուած Իսրայէլի հետ, այլ նաեւ կը հակադրուէր անոր:

Ուաշինկթընը նախ եւ առաջ չէր հակադրուած Պոլսոյ մէջ բանակցելու առաջարկին: Սակայն Իւրանիոմի պաշարներու Թուրքիա տեղափոխումը փաստօրէն ընդունելի չէր ոչ միայն Իրանին կողմէ, այլ նաեւ Իսրայէլին: Գործընթացները այնքան արագ են, որ իրենց կշռոյթին տակ կը պահեն նաեւ այս փոփոխութիւնները:

Մետասաներորդ պահուն, լուրեր շրջանառուեցան Օմանի հանդիպումի ջնջումին մասին` ընդգծելով, որ բանակցութիւնները տապալեցան: Պաշտօնական Թեհրանը աւելի ուշ հերքեց այդ լուրերը եւ ըսաւ, թէ կողմերը պիտի հանդիպին Օմանի մէջ, ըստ որոշումին: Հանդիպումի կայանալ-չկայանալու այս խաղը եւս ճնշամիջոցներու շարքին մէջ պէտք է տեսնել: Յայտնապէս, Օմանի մէջ փուլային կշռոյթով բանակցութիւնները կը մեկնարկեն:

Փուլային ձեւաչափը կը կիրարկուի նաեւ Լիբանանի եւ Կազայի մէջ: Երկու միջավայրերու պարագային յայտարարուած է առաջին փուլի կայացումը: Երկրորդ փուլի անցումը արագ չէ եւ նոր բարդութիւններու կը հանդիպի: Նախադրեալները այնպէս կը յուշեն, որ լիբանանեան եւ համասեան փուլայինները կապուած են օմանեան փուլայինին: Որքան ալ որ հաստատուի, որ այս հանգրուանին զանց կ՛առնուին միւս երկու հիմնական կէտերը, յստակ է, որ Լիբանանն ու Կազան պիտի կրեն հետեւանքները Օմանին, դրական թէ բացասական առումներով:

Միացեալ Նահանգներ-Իրան ապալարուածութիւն ապահովելու եւ բանակցութիւններ գործարկելու համար հաւանական միջնորդներու մասին կը խօսուէր, եւ կը շրջագայէին Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Թուրքիոյ անունները: Օմանը ընդհանապէս չկար այդ ցանկին մէջ: Օմանը սակայն հիւրընկալած էր այդ բանակցութիւնները մինչեւ վերջին պատերազմական գործողութիւնները: Հիմա կը վերստանձնէ իր առաքելութիւնը: Իսկ այս մէկը կը նախանշէ առկախուած շարքի վերագործարկումը:

 «Ա.»

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն. «Գերեվարուած Հայերը Փաստացի Պատանդներ Են Ազրպէյճանի Ձեռքում»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (6 Փետրուար 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.