Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցկեանս Եւ 20 Տարուան Բանտարկութեան Վճիռներ` Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Նկատմամբ

February 6, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի զինուորական դատարանը 5 փետրուարին ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, զօր. Դաւիթ Մանուկեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը: Այս մասին հաղորդեց Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը դատապարտուեցան 20 տարուան բանտարկութեան, որովհետեւ Ազրպէյճանի օրէնսդրութիւնը կ՛արգիլէ 65 տարին ամբողջացուցած անձեր ցկեանս բանտարկել:

Պաքուն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը մեղադրէ քանի մը տասնեակ յօդուածներով` պատերազմ ծրագրելու եւ իրականացնելու, ապօրինի վերաբնակեցման, չարչարանքներու եւ այլնի մէջ:

Միւս մեղադրեալները` Մադաթ Բաբայեանը եւ Մելիքսէթ Փաշայեանը դատապարտուեցան 19 տարուան, Գարիկ Մարտիրոսեանը` 18, Լեւոն Բալայեանը եւ Դաւիթ Ալավերդեանը` 16, Վասիլ Բեգլարեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը եւ Էրիկ Ղազարեանը` 15 տարուան բանտարկութեան: Պաքուն բոլորն ալ կը մեղադրէ ծանր յանցանքներու մէջ` ահաբեկչութենէն մինչեւ ցեղասպանութիւն:

Նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը առանձին կ՛ընթանայ:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան արձագանգեց եւ ըսաւ. «Չկայ աշխարհի մէջ որեւէ երկիր, որ այս ձեւով նուաստացած ըլլայ, եւ որուն իշխանութիւնները ջայլամի պէս նկատեն, թէ ամէն ինչ բնական է»:

Ան պատմեց, որ ճիշդ այն ժամերուն, երբ իր եղբայրը` զօր. Դաւիթ Մանուկեանը, Պաքուի մէջ ցմահ բանտարկութեան կը դատապարտուէր, ինք Երեւանի մէջ` խորհրդարանին մէջ, հանդիպում կ՛ունենար քանի մը տասնեակ ուսանողներու հետ: Ան հետեւեալ հարցումը ուղղած է անոնց. «Արդեօք անոնք գիտե՞ն աշխարհի մէջ երկիր մը, որուն քաղաքացիները, ռազմաքաղաքական ղեկավարները գերութեան մէջ են իր դրացիին մօտ, երկիր մը, որու հսկայական տարածքներ բռնագրաւուած կը մնան, եւ այդ երկու երկիրները կը յայտարարեն իբրեւ թէ խաղաղութեան մասին, ատոր համար կը ժպտին, կ՛եղբայրանան, մրցանակներ կը ստանան եւ կը նկատեն, որ ամէն ինչ բնական է»: Հարցումին յաջորդած է քար լռութիւն:

Եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներուն իրաւունքները ներկայացնող Սիրանուշ Սահակեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի դատարանը ընդամէնը վաւերացուց նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական որոշումները: Ըստ անոր, Ալիեւի վարչակազմը քաղաքական յայտարարութիւններով բազմիցս մերժած է ինքնորոշման իրաւունքը եւ օրինականացուցած ուժի գործադրութիւնը, իսկ այս քայլով Պաքուն նաեւ ցուցադրաբար կը պատմէ ինքնորոշման իրաւունքը իրականացնողները:

«Այս դատավճիռները գործնականին մէջ չեն կրնար խոչընդոտել կամ կանխել հայերու հայրենադարձման, քանի որ կրկին գործընթացը իրաւական չէ, քաղաքական չէ: Դատարանները ցոյց տուին, որ այս հարցը գերքաղաքական է, եւ անոնք ունակ չեն ապահովելու արդար դատաքննութիւն», ըսաւ Սահակեան:

Մայր Աթոռը Կը Դատապարտէ

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց.

«Խոր ցաւով տեղեկացանք Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկատմամբ կայացուած ակնյայտ շինծու դատավճիռներու մասին:

«Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` աշխարհասփիւռ իր կառոյցներով շարունակելու հետեւողական ջանքեր գործադրել միջազգային եւ միջեկեղեցական հարթակներուն մէջ` ի խնդիր գերեվարուած հայորդիներու ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձին:

«Սուրբ Էջմիածինը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի պատանդառուած պետական գործիչներուն, ռազմագերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն»:

 

Նախորդը

Օվերչուք. «Երեւանը Պէտք Է Հաշուի Առնէ, Թէ Եւրոպական Միութիւնը Տնտեսական Միութենէն Ռազմաքաղաքականի Կը Վերածուի»

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն. «Գերեվարուած Հայերը Փաստացի Պատանդներ Են Ազրպէյճանի Ձեռքում»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.