– ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Մուաուատ. «Լիբանանեան բանակին ու զինեալ ուժերուն աջակցութեան շարունակման խոստումներ ստացանք, եւ բանակի հրամանատարի հանդիպումները շատ դրական են»:
– «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը այլեւս վճռուած է, եւ ան հանդիպում պիտի ունենայ Թրամփի հետ»:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը նշէ, որ պաշտօնական ապահովական հեղինակութիւններ այն մտավախութիւնը ունին, թէ Դամասկոս Իսրայէլի հետ Լիբանանի դէմ ճակատ կրնայ բանալ:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ կարգ մը տեղեկութիւններու, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը քանի մը օր առաջ Հայըաթ Թարհիր Շամի պատասխանատուներուն հետ դռնփակ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Հիմա Հըզպալլայի կարգն է: Մեր վրէժը պիտի չմոռնանք»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Ռաատի Պաապտա այցելութիւնը որոշ չափով կտրեց յարաբերութեան մէջ սառոյցը, եւ հաղորդակցութեան դռները բաց պահեց` առանց ռազմավարական նիւթերու շուրջ Հըզպալլայի կողմէ որոշ նահանջ բացայայտելու»:
– ՊԱԱՊՏԱՅԻ մթնոլորտին ծանօթ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Դրական արձագանգ որեւէ դրական ընկալման, որ կրնայ յանգեցնել քաղաքական մերձեցման, մասնաւորաբար ներկայ փուլին, եւ ան բոլորէն ալ հաւասար հեռաւորութիւն կը պահպանէ»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ռաատի Պաապտա այցելութիւնը նախագահական պալատ հեռաձայնելէն ետք իր ուղղակի դիմումով տեղի ունեցաւ: Ժողովը գումարուեցաւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի կեանքը մայիս ամիսէն անդին պիտի չերկարի: Անոր բացառապէս զինուորական բնոյթին վերադառնալու որոշումը տրուած է: Քաղաքայինները բացառաբար եւ վերջին անգամ ըլլալով փետրուարի ժողովին պիտի մասնակցին»:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի ընտրական օրէնքին անհրաժեշտ բարեփոխումներու քննարկման օրէնսդրական նիստ պիտի չհրաւիրէ, որպէսզի իրագործուի այն, ինչ որ կը յայտարարէ, թէ ընտրութիւնները պիտի կայանան իրենց ժամկէտին եւ գործող օրէնքին հիմամբ»:
– «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ամերիկեան կողմը կը նախընտրէ առանց զէնքի ընտրութիւնները, այսինքն` ընտրութիւններ, որոնք շիի երկեակին 27 երեսփոխաններու ապահովումը չեն արտօներ եւ զայն կը զրկեն իր մեծամասնութենէն»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի օգտագործուին իսրայէլեան ծրագիրին մէջ, այսինքն` Ժոմպլաթի ընդդիմախօսներուն ֆինանսաւորման եւ տիւրզի շրջանակին մէջ անոնց ազդեցութեան ընդլայնման փորձ պիտի կատարուի, բան մը, որ կը յիշեցնէ այն, ինչ որ Ասատի վարչակարգը կը կատարէր, երբ Ժոմպլաթի ընդդիմադիրներուն աջակցութիւն կը ցուցաբերէր»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Ֆնէյշ-Պասիլ հանդիպումը փոխհասկացողութիւններու գոյացման չյանգեցաւ: Իւրաքանչիւր կողմ պիտի շարունակէ միւս ուժերուն հետ իր հաղորդակցութիւններն ու հանդիպումները, որոնց արդիւնքը պիտի յստակացնէ ընտրական հոլովոյթին մէջ յարաբերութեան բնոյթը»:
– ԸՆՏՐԱԿԱՆ թղթածրարին հետեւող մը «Նահար» օրաթերթին. «Հըզպալլան իր ընտրացանկէն շարք մը հիմնական անուններու փոփոխութեան պիտի դիմէ: Անոնց գլխաւորն է երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որուն պիտի վստահուի կուսակցական ղեկավար պաշտօն մը»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Հասան արեւմտեան նշաններ, թէ ներկայիս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելուն մէջ շահ չկայ, որովհետեւ որեւէ նոր խորհրդարանէն պիտի բխի նոր կառավարութիւն մը, որուն կազմութիւնը պիտի տեւէ ամիսներ, ինչ որ պիտի կանգնեցնէ Սալամի կառավարութեան որդեգրած երթը»:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ժամաա Իսլամիան կ՛ուսումնասիրէ իր ղեկավար դէմքերը Սայտայի, Իքլիմ Խարրուպի, Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանի, Արեւմտեան Պեքայի, Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ թեկնածու ներկայացնել, եւ որոշած է ընտրապայքարը մղել առանց փոխզիջումներու` ինչպէս նախապէս կը կատարուէր»:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Մուսթաքպալ հոսանքի հարցին մէջ յստակ չէ տակաւին հարցերուն առնելիք ուղղութիւնը, մանաւանդ որ Ժամաա Իսլամիան մէկէ աւելի ընտրաշրջանի մէջ, մասնաւորաբար Սայտայի մէջ կը սպասէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան վերաբերեալ Մուսթաքպալ հոսանքի որոշումին»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն տակաւին կը խոչընդոտէ լիբանանեան ջանքը եւ անոր կ՛արգիլէ վերաշինութեան պաշտօնական աշխատանքի մեկնարկը տալէ եւ ստեղծելէ միջազգային նուիրատուութիւններու ֆոնտ մը, որովհետեւ այդ քայլը կը կապուի Հըզպալլայի զինաթափման իսրայէլեան պահանջի իրագործման»:
– «ՌՈՅԹԸՐԶ». «Վենեզուելայի մէջ ամերիկեան եւ վենեզուելական իշխանութիւններու միացեալ գործողութեան ծիրին մէջ ձերբակալուեցաւ վենեզուելացի պաշտօնատար Ալեքս Սաապը»:
– ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ այսօր տարբեր է, ապահովական խոցելիութեան տարողութիւնն է, որ Հըզպալլայի սպասումներէն անդին անցաւ: 2006 թուականին գործակալներու եւ լրտեսներու ցանցը սահմանափակ եւ աւելի նուազ էր»:


