Ուրբաթ օր Իտալիոյ Միլանօ-Քորթինա քաղաքներուն մէջ պիտի սկսին 2026-ի ձմեռնային Ողիմպիական 25-րդ խաղերը:
Միլանօ եւ Քորթինա Տ՛Ամփեցցօ իրարմէ հեռու շրջաններ են (մօտ 400 քմ) Իտալիոյ հիւսիսը եւ պիտի հիւրընկալեն Ողիմպիական խաղերը 6-էն 22 փետրուարին:
Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս խաղերուն երեք մարզաձեւերու մէջ` 5 մարզիկներով:
Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն Միքայէլ Միքայէլեան եւ Կայտա Գալստեան (դահուկարշաւ), Արտեոմ Արտեոմեան (լեռնադահուկարշաւ), ինչպէս նաեւ սառոյցի վրայ պարող զոյգ` Կարին Յակոբովա եւ Նիքիթա Ռախմանին:
Պաշտօնական բացման արարողութեան ժամանակ Հայաստանի դրօշակակիր պիտի ըլլան Յակոբովա եւ Ռախմանին:
Սոյն զոյգը հանդէս պիտի գայ Արա Գէորգեանի «Արցախ» ստեղծագործութեամբ:
Նոյն նուագով Հայաստանի զոյգը նուաճեց Հայաստանի մասնակցութեան իրաւունքը` Փեքինի մէջ կայացած զտումի մրցումներուն, արծաթէ մետալներ շահելով:
Նախապէս երկու անգամ Հայաստանի ներկայացուցիչներ (1998-ին եւ 2002-ին) կրցած են մասնակցիլ սառոյցի վրայ պարի Ողիմպիական ձմեռնային մրցումներուն:
Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ պարզ պատուիրակութեամբ, որուն մաս պիտի կազմեն երկու մարզիկներ` Սամեր Թաուք (քրոս քաունթրի) եւ Անտրէա Հայեք (սլալոմ):
Մանու Օուէյս սկզբունքով պիտի մասնակցէր այս Ողիմպիականին, սակայն քանի մը օր առաջ ան փորձի պահուն ոտքը կոտրած էր:
2026-ի Ողիմպիական խաղերուն 116 մետալներ պիտի բաժնուին 16 մարզաձեւերու գծով:


