Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 3, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին` մէջբերելով արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը. «Կացութիւնը մեծ համեմատութեամբ դէպի կարգաւորում կ՛ուղղուի, սակայն առանց պատերազմի հաւանականութիւնը ջնջելու: Սակայն հարցումը հետեւեալն է. այս կարգաւորման մէջ Լիբանանի տեղը ո՞ւր է: Լիբանանը անոր ծիրին մէջ պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ առաջնահերթութիւնները այլուր են եւ զայն կը շրջանցեն»:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Ինչ որ մտավախութիւնները կ՛աւելցնէ այն է, որ իրանեան թղթածրարը կրնայ ստանալ անակնկալ ցնցումներ, որոնցմէ ուղղակի կերպով կ՛ազդուի լիբանանեան կացութիւնը, սակայն լիբանանեան առումով աւելի կարեւորը բոլոր առնչակիցներու փոխհասկացողութիւններէն դուրս չգալն է, որովհետեւ մարտահրաւէրներու մէջ մտնելը կրնայ բոլորին համար ծանր հետեւանքներ ունենալ»:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «նախագահ Աունը Սպանիոյ հետ պիտի քննարկէ եւրոպական ուժերու ՖԻՆԻՒԼ-ին մասնակցութիւնը, որովհետեւ Սպանիան անոր ամէնէն մեծաթիւ մասնակցութիւն բերող պետութիւններէն է, եւ եւրոպական կարգ մը պետութիւններ իրենց ուժերը ՖԻՆԻՒԼ-ի պայմանաժամի աւարտէն ետք հարաւի մէջ պահելու փափաք ունին»:

– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Ուշադրութիւնները ուղղուեցան Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՛այցելէ բանակի հրամանատարը, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպում պիտի ունենայ եւ շարք մը թղթածրարներու, մասնաւորաբար բանակի առաքելութեան եւ անոր աջակցութեան շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարէ»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Այս շաբթուան ամէնէն նշանակալից զարգացումը բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի այցելութիւնն է Միացեալ Նահանգներ, ուր շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկեան բանակէն հրամանատարներու ու Քոնկրեսի մէջ լիբանանեան հարցերու եւ լիբանանեան բանակին աջակցութեան առնչակից յանձնախումբերու հետ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած արարողակարգային հանդիպումներ պիտի ունենայ:

«Կը նախատեսուի, որ Հայքալ վերադարձի ճամբուն վրայ այցելէ Ֆրանսա` քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան արդիւնքներն ու անոնց ազդեցութիւնը Փարիզը հետաքրքրող թղթածրարներու վրայ, ներառեալ լիբանանեան բանակին աջակցութեան համար մարտին նախատեսուած խորհրդաժողովի պատրաստութիւններուն վրայ»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը նշէ, որ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր հանդիպումներուն ընթացքին կը յայտնէ, թէ բանակը մտադիր չէ բոլորին հաւանութիւնը չվայելող որոշումի մը գործադրութեան համար լիբանանեան որեւէ կողմի հետ բախումի մէջ մտնել:

Ան պիտի զգուշացնէ բանակը ընդարձակ շրջաններու բնակիչներուն հետ հակամարտութեան մէջ մտցնելու վտանգներէն` շեշտելով, որ ամերիկացիները եւ ուրիշներ անհրաժեշտ է, որ հասկնան այս իւրայատկութիւնը, եւ թէ լիբանանեան կառավարութիւնը միայն կարող է մշակել մեքանիզմ մը, որ զայն կարող կը դարձնէ առանց որեւէ կողմի հետ բախումի իր իշխանութիւնը ամբողջութեամբ տարածելու:

– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութիւնը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Թիկունք կանգնելու պատերազմները կը քանդեն հայրենիքն ու պետութեան ձեռքբերումները եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչները կը դնեն ճակատագրական նոր փորձութեան առջեւ»:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Մուսաուիի խօսքը յարաբերութիւններու բնականոնացման կամ այդ ուղղութեամբ քայլերը արագացնելու համար Լիբանանը, Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները ներառող եռակողմ յանձնախումբի նման առաջարկներուն ճամբան կը փակէ»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Սաքսաքիէ-Անսարիէ ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի անդամ մը թիրախաւորած է:

– ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժորժ Պրաքս Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քարիւղի պահեստը Իրանի դէմ պատերազմէ մը, պիտի չազդուի` նշելով, որ բաւարար քանակ ապահովուած է եւ նաւթամթերքի աղբիւրը Միջերկրական ծովն է:

– ՍԱՅՏԱՅԻ սերայի պաշտօնատարները երէկ գործադուլ կատարեցին` բողոքելով 2026 թուականի պետական ամավարկին մէջ պաշտօնեաներու ամսականներու թէկուզ աստիճանական բարելաւման կէտերու բացակայութեան դէմ: Անոնք այսօր եւս պիտի շարունակեն իրենց գործադուլը:

 

Նախորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

Յաջորդը

Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.