Տարեդարձս կը մօտենայ: Գիտեմ: Լաւ եմ: Թէեւ այլեւս այն չեմ, ինչ որ էի, բայց չեմ ափսոսար, որ այս տարիքիս յիշողութիւնս սկսած է դաւաճանել եւ անցեալս կորսնցնել: Բայց միշտ կը փորձեմ վերադառնալ ես ինծի:
Երբ կը նայիմ տարիքիս երկայնքին ու լայնքին, անմիջապէս կը փորձեմ զննել հարազատներուս աչքերը, որոնք յաճախ ինծի լռութիւն սորվեցուցին, ու կը զգամ, որ տակաւին կեանքի գիրքը լման չեմ կարդացած: Իսկապէս կ՛անդրադառնամ, որ բոլորին նման եւ բոլորէն տարբեր` ես ալ մեծցած էի տարուէ տարի` խրատներու շարանով, մեծերուս աչքերու խիստ հայացքներուն տակ, ինծի համար նոր ու երբեմն ալ անհասկնալի օրէնքներով, բազմաշերտ աւանդութեան տողերով, հարազատներուս փորձառութեան թելերէն կախուած… սակայն` ոչ միշտ, յաճախ ընդդիմանալով, երբեմն տեղի ու անտեղի պատժուելով, իսկ վերջաւորութեան` միշտ հնազանդելով:
Բոլորին նման, մեծցած էի` պարզ եւ բարդ օրերով, ահով, վախով, խաղերով, դասերով, թախիծով, ցաւերով, ուրախ եւ տխուր յուզումներով, զգուշաւոր սէրերու կարօտով, նոյնքան երանելի օրերով: Այս բոլորին մէջէն ճանչցած էի` կեանքը, ընկերներս, շրջապատս: Միշտ ուզած էի անմիջական շրջապատէս ներս պարզ թիւ մը չմնալ: Անոր համար յաճախ արցունքները ինձմէ առաջ վազած էին: Ու երբ բաւական մեծցած էի` իբրեւ Ամենակալէն շնորհ-պարգեւ, սկսած էի գրել` սրտի արիւնով, տողերուս վրայի վէրք-սպիներով եւ կարօտով: Իսկ ահա նոր օր մըն է, որ կը մօտենայ: Նոր տարեդարձ: Կեանքի նոր թուական:
Կը հաւատամ` թուականներ կան, որոնք ժամանակի ընթացքին աւելի կ՛իմաստաւորուին, աւելի կ՛արժեւորուին ու կը դառնան տեսակ մը նոր մեկնակէտ` մեծ, մնայուն, կենարար, հասուն եւ հոգածու: Կարծես այս մէկն ալ անոնցմէ է:
Ու նոյն այս հասունցած տարիքն է, որ կը սնուցանէ հոգեկան ծարաւդ: Նոր իմաստ կու տայ օրերուդ: Կեանքիդ: Կը խորացնէ ժամերուդ իմաստը: Կը համախմբէ մտածումներդ: Եւ իբրեւ հոգածու վերաբերում ու շնորհակալ աշխատանք` նաեւ կ՛արժեւորէ օրուան պահերդ, մթնոլորտդ, վայրկեաններդ: Ու անկէ ետք կը սկսիս սքանչացումով ապրիլ: Ամէն օր երեւակայութիւնդ կը հալածէ քեզ, մտածումներդ կ՛օրօրէ ու յստակօրէն կը սկսիս լսել սրտիդ տարբեր տրոփումը: Ու վախ մը կ՛ապրիս: Կը զգաս, որ այլեւս ուրիշ մըն ես: Ա՜լ տարբեր` քու հինէդ…նախկինէդ: Ապա ջուրը, գինին, գարեջուրը կը սկսիս խմել կում առ կում: Նոյնիսկ երբ սկսիս խօսիլ, կարծես կեանքը նոր սկսած ըլլայ: Բառերդ կը ծամես դանդաղ եւ նոյնքան ալ կմկմալով: Ամէն օր ետեւ նայելով` անցեալդ կը փնտռես ու վերջապէս կ՛անդրադառնաս, որ տարիներուդ ստեղծած ակօսներուն մէջ, այդ հսկայ տարածութեան տակ պահ դրած ես բոլոր յուշերդ:
Ապա ինքնաբերաբար կը սկսիս համրել մտածումներդ: Միտքդ, անհանգիստ հոգիդ անհամբեր ժամեր շարունակ կեանքիդ երանութիւնը երակներուդ մէջէն հոսիլ կու տաս:
Այսպէս, ամայացած լիճի նման, առանձնացած, երկար կը մնաս սենեակիդ չորս պատերէն ներս` անշպար գեղեցկութեամբ, եւ սակայն` հետապնդող աչքերով: Ու ինքնաբերաբար կը փորձես մտնել նոյն այդ լիճին մէջ, տեսնելու վաւերականը, իրականը, դուն քեզ կրկին ճանչնալու միտումով: Ու որքան մօտենաս լիճի յատակին հետաքրքրութիւնդ կը սկսի լայննալ ու կը փորձես հաւատաւոր ուխտաւորի նման պտտիլ: Անհանգիստ որոնում: Ման գալ` միաժամանակ ապրելով տեսակ մը հոգեկան վայելք:
Ու վերջին. ահա թէ ինչպէ՛ս կը գիտնաս…թէ «ո՛վ էիր դուն…»:
Այս բոլորէն ետք դուն կը սկսիս երկար լռութիւններով խօսիլ: Այրող բառերով արտայայտուիլ: Լսելի ոտնաձայներով քալել: Շրջիլ: Կը փորձես բոլորին հետ չմեռնող բառերով միտքդ բացատրել` յաճախ կրկնելով այն բոլորը, որոնք տարիներէ ի վեր կրկնած էիր, եւ որոնք նոյնիսկ խօսակիցներուդ մտածումները սահմանած էին:
Անկախ քեզմէ` նաեւ կը խօսիս ինքնավստահ, բացուած գիրքի նման, երբեմն ալ` զանազան մտածումներ օրօրելով ու յաճախ ալ շուշանի նման ճերմակ մտերմութեամբ: Ու կը զգաս, որ շա՜տ շատեր աչքերէդ պիտի փորձեն կարդալ հոգիիդ քարտէսը: Ու դուն կամաց-կամաց, պիտի շարունակես անցեալիդ մէջ մխրճուած պատահարները դուրս հանել: Պիտի ուզես հոն բոյն դրած պահերը, որոնք չեն մոռցուիր, լոյս աշխարհ բերել: Բոլորին դիմաց փռել: Պահեր ցաւալի, ուրախ, տխուր կամ թախծոտ, նոր բացուող խորհուրդի նման, խաղաղ եւ նոյնքան ալ խռոված աչքերով դուրս հանել:
Բայց չես գիտեր` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յանկարծ այդ յուշերուդ մէջէն կարօտը կը ծնի ու շուտով կը բռնկի: Կեանքը ինքզինք կը կրկնէ: Դուն անպայման կը ցանկաս հինը վերապրիլ: Հինը: Նախկինը: Հին գարուններուդ վերադառնալ: Ահա թէ ինչո՛ւ ինքնաբերաբար կը պատռուին մտքիդ խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը, ու դուն շատ մօտիկէն կը լսես երանութեանդ աղաղակը` երկար հառաչանքի մը աղմուկով պարուրուած:
Ու վերջապէս կը փորձես կախարդական այս երազներէդ հեռանալ: Կը զգաս, որ երկար ատենէ ի վեր կապուած էիր յուշերուդ խառնուած երազներովդ: Կ՛ուզես անպայման էութեանդ վերադառնալ: Կը զգաս նաեւ, թէ այս բոլորին հետ մեղքի զգացումն է, որ ապրած էիր: Կը շեշտես բոլորին, որ տակաւին աշխարհ մը ըսելիքներ-ընելիքներ ունէիր` հասցէագրած գաղութիդ ու հայրենիքիդ, ջերմ հաւատք փոխանակող, ճակատագրի վրձինով գծուած խորունկ համոզումով: Վերջապէս այս ձեւով կը փորձես կեանքիդ նոր գիծը ուղիղ գծել:
Եւ ահա…կը գիտակցիս…. տարիներդ անցած էին երազի մէջէն` անվերադարձ:
Տեսանելի եւ այրող հարցերդ ու պատկերներդ արդէն մշուշոտ տարածութիւն մը կազմած են մտքիդ մէջ: Ու խաղաղ դաշտի վրայ յանկարծ ինկող շանթի նման` յանկարծ կը սթափիս: Կը սարսափիս: Կ՛ուզես արթուն մնալ ու անպայման հինէն դէպի նորին` անծանօթին վերադառնալ: Բայց եւ այնպէս, յուշերուդ ստեղծած քաղցրութեան, կ՛ուզես բաժնեկից դարձնել շրջապատդ ալ: Ու կը զգաս, որ ներկադ արդէն ծածկած էր անցեալդ: Սակայն յամառօրէն կը փորձես բոլորին հասկցնել, որ անցեալը մարդու կեանքին անբաժան մէկ մասնիկն է, եւ կարելի չէ զայն սրբել, սրբագրել, ճշդել: Իսկ վերջաւորութեան գոհունակ ժպիտով կը փորձես բաժնուիլ մթնոլորտէն` հոն ձգելով կեանքիդ գունաւոր եւ անգոյն պատկերները: Գրեթէ գոհացած ես…



