Սոյն բաց նամակը կը ներկայացնէ ոչ միայն մէկ քաղաքացիի մտահոգութիւնը, այլ կը հնչեցնէ ամբողջ ազգի խղճմտանքը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի նկատմամբ մինչեւ այսօր չիրագործուած պարտաւորութեան մասին:
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ` առ ի գիտութիւն քաղաքապետական եւ պետական բոլոր պատասխանատու կառոյցներուն:
Յարգարժա՛ն պատասխանատուներ,
Այս նամակով կը դիմեմ ձեզի` իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակ, մտահոգ քաղաքացի եւ ազգային յիշողութեան նկատմամբ պատասխանատու անձ, խիստ յորդորելով ձեր անմիջական ուշադրութիւնը դարձնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի առնչուող մինչեւ այսօր չիրագործուած կենսական առաջադրանքներուն:
Այս տարի կը նշուի Արամ Մանուկեանի մահուան 107-րդ տարելիցը: Ան այն պատմական անձնաւորութիւնն է, որ վճռականօրէն խարսխեց մեր պետականութեան հիմնաքարը: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը տակաւին չէ կատարած իր բարոյական ու պետական պարտքը անոր անմեռ յիշատակի առջեւ:
* Արամ Մանուկեանի աճիւնները տակաւին չեն ամփոփուած Երեւանի պանթէոնին մէջ` մեծերու կողքին,
* Անոր փլատակ դարձած բնակարանը` Արամի փողոցին վրայ, տակաւին չէ վերականգնուած եւ տուն-թանգարանի վերածուած,
* Եւ անոր արժանի պետական մեծարումը կը մնայ կիսատ ու անտեսուած:
Այս իրականութիւնը ոչ միայն ազգային անպատուութիւն է, այլ նաեւ` պատմական յիշողութեան դէմ լուռ անարդարութիւն:
Հետեւաբար, խիստ յորդորով ձեզի կը թելադրեմ, որ ձեր պատասխանատու կառոյցները`
1.- Ձեռնարկեն Արամ Մանուկեանի աճիւններու արժանապատիւ ամփոփման գործին` Երեւանի պանթէոնին մէջ,
2.- Անյապաղ մեկնարկեն անոր բնակարանի վերականգնման ու տուն-թանգարանի հիմնադրման ծրագիրը` այս ամբողջ նախաձեռնութիւնը իր լրումին հասցնելով մինչեւ Արամ Մանուկեանի մահուան 110-ամեակը:
Այս նախաձեռնութիւնները ոչ թէ անցեալի հարցեր են, այլ` մեր ապագայ սերունդներու համար պատմական ինքնութեան ամրապնդման կենսական քայլեր:
Վստահ եմ, որ դուք կը կիսէք այս խորապէս ազգային ու սրբազան պարտքի գիտակցութիւնը եւ շուտափոյթ գործնական քայլերու կը ձեռնարկէք:
Յարգանքով`
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ



