Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Կիրակի, 1 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։

Նիստի առաջին օրակարգով  քննարկուեցան Սուրիոյ, Իրանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց թէժ իրավիճակներու մէջ գտնուող մեր թեմերու եւ ազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած բազմաթիւ հաղորդակցութիւնները։

Ժողովականները քննարկեցին այս իրադարձութիւններու մէջ քրտական գործօնի դերակատարութեան վերափոխման, Անգարայի աշխուժացման եւ այդ երեւոյթներու հետ կապուած հաւանական հետեւանքները։

Յատուկ օրակարգով քննարկուեցաւ նաեւ Իրանի եւ յատկապէս մեր համայնքին հետ աղերս ունեցող խնդիրները, նկատի ունենալով իրանահայ երեք թեմերու կացութիւնը։

Օրակարգի առանձին կէտ էր Հայաստանի իշխանութիւն-եկեղեցի խորացող տագնապն ու էջմիածնական սրբազաններու դէմ յարուցուող քրէական դատերը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յաճախակի կապի մէջ է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, աննախընթաց այս տագնապի յաղթահարման համար։ Ժողովականները անընդունելի գտան իշխանութեան կողմէ պառակտիչ այս ընթացքին շարունակութիւնը՝ ընդգծելով, որ պառակտումի ալիքը հասած է նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող էջմիածնական թեմեր, եւ շեշտելով, որ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգումը, եկեղեցական կանոններու համաձայն, եկեղեցւոյ ներքին խնդիրն է։

Ժողովի աւարտին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձուց ժողովականները Քանատա այցելութեան ընթացքին վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանին մէջ նախաձեռնուած տարբեր եկեղեցիներու ղեկավարներուն կողմէ Լեւոն ԺԴ. Պապին կատարուած գրաւոր դիմումին մասին՝ Արցախի ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով։

Նախորդը

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.