Շաբաթ օր Քննչական կոմիտէ հրաւիրուած են Յովնան եպս. Յակոբեան, Մակար եպս. Յակոբեան եւ տէր Մովսէս քահանայ:
Աւելի կանուխ փաստաբան Արա Զոհրաբեան յայտնած էր, որ «շաբաթ առաւօտէն ոստիկանութեան միջոցով ծանուցագիրներ կը յանձնուին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներուն` իբրեւ մեղադրեալ Քննչական կոմիտէ ներկայանալու համար»:
Փաստաբանին համաձայն, եպիսկոպոսները կը մեղադրուին դատական վճիռի կատարման խոչընդոտելու արարքի յանցանքով:
Քննչական կոմիտէն առայժմ չի մեկնաբաներ այս տեղեկատուութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ սա հերթական միջամտութիւնն է եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, եւ ասոր հիմնական նպատակն է խոչընդոտել Եպիսկոպոսաց ժողովի կայացման», գրած է փաստաբան Արա Զոհրաբեան:
Աւելի ուշ, փաստաբան Արմինէ Ֆանեան Քննչական կոմիտէին մօտ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ. «Կը կարծենք` նպատակը Եպիսկոպոսաց ժողովը տապալելն է, որովհետեւ հոգեւոր խորհուրդի անդամները մէկ անգամէն ծանուցուած են մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակով: Սա ալ եզակի բան է: Կը նշանակէ, որ արդէն քրէական հետապնդում յարուցելու որոշում կայ, պիտի ընտրուին խափանման միջոցներ», լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ փաստաբան Արմինէ Ֆանեան:
Հաղորդուեցաւ, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներուն արգիլուած է երկրէն դուրս գալ:


