Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ սկսած են ապասառեցնել պատժամիջոցներուն պատճառով սառեցուած վենեզուելական գումարները:
Ռոտրիկեզ, որ նախագահի պաշտօնակատարի պաշտօնը ստանձնեց նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ամերիկեան ուժերու կողմէ ձերբակալումէն ետք, պատկերասփիւռէն յայտնեց. «Մենք սկսած ենք վերացնել սառեցումը Վենեզուելայի հաշիւներուն, որոնք վենեզուելացի ժողովուրդի սեփականութիւնն են»:
«Պիտի կարենանք այդ մեծ հաշիւները ներդրել հիւանդանոցերու սարքաւորման համար: Անոնք սարքաւորումներ են, զորս կը գնենք Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ երկիրներէ», նշեց ան:
Ռոտրիկեզ ապասառեցուած գումարներու չափը չնշեց:


