Սուրիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնած է Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի եւ անոր հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ փոխանցման փուլի զարգացումները, անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան հորիզոնները, ի շահ շրջանային ու միջազգային կայունութեան:
Ըստ Սուրիոյ նախագահական պալատին, Թրամփ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը յայտնած է միացեալ եւ հզօր պետութեան կառուցման սուրիացի ժողովուրդի ձգտումին:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ ողջունած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ գոյացած զինադադարի համաձայնութիւնը եւ զայն նկատած «հակամարտութեան վերջ տալու ուղղութեամբ առանցքային քայլ»:
Ան նաեւ բարձր գնահատած է զինուորական ուժերը, ներառեալ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պետական պաշտօնական հաստատութիւններուն մէջ ներառելու փոխհասկացողութիւնները:
Շարհ իր կարգին շեշտած է. «Նոր Սուրիան արտաքին աշխարհին բացուելու գործելաոճ կ՛որդեգրէ, եւ գործակցութեան իր ձեռքը կ՛երկարէ միջազգային բոլոր կողմերուն` հիմնուելով հասարակաց շահերուն ու փոխադարձ յարգանքին վրայ»:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ նշած է, որ իր երկիրը ամբողջովին կը կառչի սուրիական հողերու ամբողջականութեան եւ ազգային գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ շեշտած է իր հաստատութիւնները պահպանելու եւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու պետութեան նախանձախնդրութիւնը:
Նաեւ Թրամփ–Էրտողան
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, որ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ քննարկած Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը, Կազայի կացութիւնը եւ Խաղաղութեան խորհուրդի աշխատանքը:
«Մեր նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Ղեկավարները քննարկած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը եւ Կազայի խաղաղութեան խորհուրդի աշխատանքը:
«Մեր նախագահը նշած է, որ Թուրքիան մեծ նշանակութիւն կու տայ զինադադարի համաձայնագիրի լիարժէք իրականացման եւ Սուրիոյ զինեալ ուժերու համարկման, եւ ուշադիր կը հետեւի այս հոլովոյթին` Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ համակարգուած: Էրտողան յոյս յայտնած է Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի արդիւնաւէտ աշխատանքին վերաբերեալ եւ վստահութիւն յայտնած, որ Կազայի մէջ մարդասիրական աղէտի աւարտն ու քաղաքի վերակառուցումը պիտի հարթեն մեր շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան ճամբան», նշուած է Էրտողանի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:


