Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ եթէ Նուրի Մալիքին Իրաքի վարչապետ ընտրուի, Միացեալ Նահանգները Իրաքին օգնութիւն պիտի չտրամադրեն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Անոր քաղաքականութեան եւ խենթ գաղափարախօսութեան պատճառով, եթէ ան ընտրուի, Միացեալ Նահանգները ապագային Իրաքին որեւէ օգնութիւն պիտի չտրամադրեն»:
«Վերջին անգամ, երբ Մալիքին իշխանութեան վրայ էր, երկիրը դէպի աղքատացում եւ համատարած քաոս անկում կրեց: Պէտք չէ ատոր կրկնութիւնը արտօնել», աւելցուց ան:
«Եթէ Ուաշինկթընը Իրաքին օգնելէ դադրի, անիկա յաջողելու, բարգաւաճելու եւ ազատութեան որեւէ առիթ պիտի չունենայ», եզրափակեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Նշենք, որ Համակարգումի շրջագիծը Նուրի Մալիքին առաջադրած է Իրաքի վարչապետի պաշտօնին:
Իրաքի նախկին վարչապետ Մալիքի մերժեց Իրաքի ներքին գործերուն ամերիկեան միջամտութիւնը` զայն նկատելով Իրաքի գերիշխանութեան ոտնահարում:
Ան շեշտեց, որ պետութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը քաղաքական միակ ընտրանքն է` աւելցնելով, որ կը մերժէ ցուցմունքներու եւ սպառնալիքներու ոճը:
Մալիքի ընդգծեց, որ մինչեւ վերջ պիտի աշխատի իրագործելու համար Իրաքի ժողովուրդին գերագոյն շահերը:


