Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանն ու Սուրիան յառաջիկայ շաբաթ համաձայնութիւն մը պիտի կնքեն` լիբանանեան բանտերուն մէջ գտնուող շուրջ 300 սուրիացի կալանաւորուածներ յանձնելու հարցով:
Մըթրի ըսաւ, որ կառավարութեան ուրբաթ օր հաւանութիւն տուած համաձայնութիւնը պիտի ներառէ շուրջ 300 սուրիացի դատապարտեալներու, որոնք լիբանանեան բանտերուն մէջ 10 եւ աւելի տարիներ մնացած են:
Փոխվարչապետը նշեց, որ համաձայնութիւնը յառաջիկայ շաբաթ պիտի ստորագրուի Պէյրութի մէջ եւ անմիջապէս ուժի մէջ պիտի մտնէ: Հաւանական կը նկատուի, որ ստորագրութեան արարողութեան ներկայ գտնուի Սուրիոյ արդարադատութեան կամ արտաքին գործոց նախարարը:
«Սուրիացի դատապարտեալները ազատ պիտի չարձակուին, այլ իրենց երկրին պիտի յանձնուին` այդտեղ կրելու համար իրենց պատիժին մնացած բաժինը», շեշտեց Մըթրի:
Փոխվարչապետը նշեց, որ համաձայնութեան կնքումը «երկու երկիրներուն միջեւ առկախ մնացած խնդիրներու լուծման առումով մեծ քայլ է եւ իսկական առիթ մը` Սուրիոյ հետ կառուցելու նոր յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան ու յարգանքի, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններու գերագոյն շահերուն համահունչ»:


