22 տարեկան աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս երէկ շահեցաւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը` 3-1արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք նախկին թիւ 1 թենիսմեն սերպ Նովաք Ճոքովիչը:
38 տարեկան Ճոքովիչ, որ պատմութեան ամէնէն շատ կրան շլեմի մրցաշարքեր շահող թենիսմենն է, լաւ ձեւով սկսաւ աւարտականը եւ 34 վայրկեաններու ընթացքին շահեցաւ առաջին սեթը (6-2): Սակայն Ալքարաս յաջորդ 2,5 ժամերուն կրցաւ կարեւոր կէտեր շահիլ` պարտութեան մատնելով իրմէ 16 տարեկան երէց Ճոքովիչը` 2-6, 6-2, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով:
Ալքարաս 22 տարեկանին եղաւ ամէնէն կրտսեր մարզիկը, որ կը շահի 4 կրան շլեմի
մրցաշարքերը: 2022-ին ան շահած էր «Եու. Էս. Օփըն»-ը, ապա ան 2025-ին կրկնած զայն: 2023-ին եւ 2024-ին` Ուիմպըլտընը, 2024-ին եւ 2025-ին Ռոլան Կարոսը եւ այս տարի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը:
Օր մը առաջ, թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա 6-4, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրած էր Ղազախստանը ներկայացնող Էլենա Ռիպաքինոյէն:
2018-էն սկսեալ Ղազախստանը ներկայացնող Ռիպաքինա 2022-ին կրցած էր Ուիմպըլտընը շահիլ:
Սապալենքա 2023-ին եւ 2024-ին շահելէ ետք Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը երկրորդ յաջորդական տարին ըլլալով չկրցաւ շահիլ այս մրցաշարքը:


