Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 31, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ եռօրեայ քննարկումներէ ետք 59 թեր եւ 34 դէմ քուէներով վաւերացուց 2026 թուականի պետական ամավարկը:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Սուր գաւառի Սըտիքին գիւղին մէջ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Հըզպալլայի անդամի մը վրայ յարձակում գործած է:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններով, «գոյութիւն ունին ամերիկեան երաշխիքներ նոր պատերազմի մը ընթացքին զերծ կացուցելու պետութեան հաստատութիւններն ու քաղաքայինները: Այդ պատերազմին նպատակը պետութիւնը հարուածելը պիտի չըլլայ, այլ Հըզպալլան քանդելը»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը չ՛ուզեր, նոր կատարուած իրողութիւն կը պարտադրէ եւ որոշումը տուած է: Սեփական խողովակներով մեզի այսպիսի բան մը հասաւ»:

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբէն կը պակսի քաղաքական հիմնական տարր մը, որովհետեւ չի կրնար սահմանափակուիլ զինուորական կողմով կամ առօրեայ թեքնիք ժողովներով` առանց քաղաքային կամ քաղաքական որեւէ ներկայացուցչութեան, ինչ որ Փարիզ կը նկատէ կառուցուածքային թերութիւն»:

. ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, պարզապէս հետեւանքն է հարաւային Լիբանանի շուրջ քաղաքական բանակցութիւններու ճակատագիրին առնչուած անորոշ ու զգայուն փուլի մը մէջ շարք մը հարցերու մեծ խառնումին»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին` յարձակումի ենթարկուելուն պարագային Իրանի նկատմամբ Հըզպալլայի դիրքորոշման վերաբերեալ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի ըսածին մասին. «Ան հաստատօրէն տեղի ունենալիք բանի մը մասին չխօսեցաւ, եւ անոր խօսքը կը պարունակէ կրօնական բաժին մը, որ թերեւս բոլորը չեն հասկնար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Քրէական օրէնսգիրքը կը քրէականացնէ օտար պետութեան մը օգտին կռուելու համար անձերու զինուորագրումը, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէ իրաւական հարցաքննութեան ենթարկելու որեւէ կողմ, որ օտար պետութիւն մը պաշտպանելու համար կռիւի ջատագովում կը կատարէ, իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի յայտարարութիւնը զինք դատական հետապնդման ենթակայ կը դարձնէ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Շրջանին մէջ զարգացումները մեծ անդրադարձ պիտի ունենան Լիբանանի վրայ: Բոլոր գնահատումները կը հաստատեն, որ Իրանի դէմ հարուածը տեղի պիտի ունենայ, եւ կը սպասէ պատրաստութիւններու ամբողջացման»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Լիուա» օրաթերթին. «Քուէարկողները հրաւիրելը յստակ ցուցանիշ է ճամբայի փակման խորհրդարանին ներկայացուած բոլոր նախագիծերուն դիմաց, որոնցմէ ոչ մէկը քննարկուեցաւ, որովհետեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ձգտումներուն կը հակասեն»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «տարբեր ուժերը իսկական տագնապ մը կ՛ապրին, ոչ միայն ընտրական ֆինանսաւորման նուազումի մակարդակին վրայ, այլ նաեւ ընտրական օրէնքին մէջ օրէնսդրութեան մակարդակին վրայ»:

. ԸՆՏՐԱԿԱՆ քննարկումներուն ծանօթ քաղաքական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Երբ ընտրական օրէնքը խորհրդարան հասնի, փառատօնը պիտի սկսի»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենան չյայտարարուած հանդիպումներ` քննարկելու համար յայտարարման կարելիութիւնը ընտրական դաշինքի մը, որ կը ներառէ Մարատա հոսանքը, Ժամաա Իսլամիան եւ երեսփոխաններ Ժիհատ Սամատն ու Քարիմ Քապպարան»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Երեսփոխաններ Աշրաֆ Ռիֆին ու Ֆայսալ Քարամէն շուրջ մէկ ամիս առաջ շէյխ Սալեմ Ռիֆայիի միջնորդութեամբ անջատաբար օգնականներ Սուրիա ուղարկեցին` ընտրութիւններուն մէջ աջակցութիւն ստանալու նպատակով համակարգումի կապեր հաստատելու համար»:

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութենէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ընտրական մեքենայի կեդրոնական մակարդակի վրայ պատրաստութիւնները աւարտեցան, իսկ շրջաններու մէջ պատրաստութիւնները պիտի աւարտին փետրուարի սկիզբը»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Լիուա» օրաթերթին. «Քուէարկողները ճշդուած ժամկէտին հրաւիրելը բացարձակապէս ներկայ ընտրական օրէնքի բարեփոխումներուն դուռը չի փակեր, որովհետեւ խորհրդարանը կրնայ երբ որ ուզէ բարեփոխումը կատարել, նոյնիսկ ընտրութիւններէն շատ կարճ ժամանակ առաջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Գերմանիան պարտաւոր չի զգար, որ իր ուժերը լքեն Լիբանանը, երբ ՖԻՆԻՒԼ-ը հեռանայ. դիրքորոշում մը, որ կը կիսեն նաեւ Սպանիան, Ֆրանսան ու Իտալիան` առաքելութեան մեծագոյն զօրքեր տրամադրող երկիրները»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ կ՛աշխատին շուրջ հազար լիբանանցիներ, որոնք քաղաքական, փրոթոգոլային եւ տեղեկատուական առաքելութիւններ կը կատարեն, ինչպէս նաեւ, խոհարարութիւն, մաքրութիւն եւ նորոգութեան աշխատանք»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 38000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.381.000 լ.ո.-ի եւ 1.420.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 21000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.292.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազինը մնաց անփոփոխ` 1.229.000 լ.ո.:

Նախորդը

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

Յաջորդը

Պասիլ. «Ժահժահը Պատկերասփռուած Բանավէճի Կը Հրաւիրեմ, Եւ Գիտեմ, Թէ Պիտի Չհամարձակի Ընդառաջել, Որովհետեւ Վախկոտ Է»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.