Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակին կար ու չկար (չէ՛, անպայման կար) հիւսիսային բեւեռին մէջ լայնատարած կղզի մը` Կրինլանտ, որ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյնը…

Այսպէս կարելի է սկսիլ դանիացի հռչակաւոր հեքիաթագիր Հանս Քրիսթիան Անտերսընէն (1805-1875) ներշնչուած առասպել մը:

Երկար տարիներ մոռցուած սպիտակով ծածկուած այս վիթխարի հողաշերտը, ահաւասիկ քանի մը ամիսէ ի վեր դարձած է կիզակէտ եւ էջերով մելան կը հոսեցնէ առօրեայ լուրերուն մէջ:

Կարճ պատմական ակնարկ մը կատարելով` յայտնենք, որ ՔԵ 950-ականներուն, Իսլանտայի մօտակայքը` հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող մեծ կղզիի մը գոյութեան մասին կը նշուի պատահմամբ ուղղութենէն շեղած նաւու մը անձնակազմին կողմէ:

978 թուականին, հանրածանօթ հետազօտող մը` Սնէյպիորն Կալթի, կամաւորաբար կը նաւարկէ դէպի այդ հսկայ կղզին եւ կը փորձէ արեւելեան ափին վրայ բնակավայր մը հաստատել:

Կրինլանտի առաջին մշտական բնակավայրը հիմնադրուեցաւ 985-ին` հետազօտող Էրիք Թորվալտսընի (կարմրամորթ ըլլալուն պատճառով ծանօթ «Կարմիր Էրիք» ծածկանունով) կողմէ, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփէն աւելի քան դար մը առաջ նկատեց, թէ այդ կղզիին մէջ կարելի է ներդրում կատարել: Այդ նպատակով ալ, ներգրաւելու համար մօտակայ իսլանտացիներն ու սկանտինաւեան երկիրներու բնակիչները, կղզին անուանեց Կրինլանտ` Կանաչ Երկիր, եւ զայն ներկայացուց որպէս տնտեսական եւ առեւտրական մեծ կարելիութիւններ խոստացող վայր:

Վստահաբար Թորվալտսընի համար այդ օրերուն յստակ չէր, թէ որքա՛ն հարուստ էր այդ վիթխարի կղզիին ընդերքը: Մինչդեռ այսօր, հակառակ անոր որ ձկնաբուծութիւնը կը մնայ Կրինլանտի հիմնական առեւտուրը, սակայն յստակ է, թէ շրջանը հարուստ է հանքային պաշարներով: Դեռ քանի մը տարի առաջ էր, որ կառավարութիւնը արգիլեց նոր նաւթի եւ կազի հետախուզումը` բնապահպանական պատճառներով, մինչդեռ Թրամփի համար ախորժաբեր է այս ոլորտը: Եւ դեռ աւելի՛ն. այս կղզիին աշխարհագրական դիրքը` հիւսիսային բեւեռի տարածաշրջանէն ներս, հետզհետէ մեծ ռազմավարական նշանակութիւն կը ստանայ սառոյցներու անջատումէն եւ հալումէն ետք բացուող նոր ծովային ուղիներուն պատճառով: Ըստ Թրամփի մօտիկ հլու կամակատարներուն, այդ շրջանին մէջ կը գտնուի աշխարհի կազի պահեստին 30 տոկոսը եւ նաւթի` 13 տոկոսը, որոնք ցարդ չեն օգտագործուած:

Պատմութեան սլաքը բաւական մը յառաջացնելով, 1261-ին երբ ԱՄՆ տակաւին գոյութիւն չունէր, Նորվեկիան ստանձնած էր Կրինլանտի կառավարումը, ապա Դանիա-Նորվեկիա-Շուէտ երրորդութիւնն է, որ 1397-1523 տարիներուն ղեկավարեց այդ երկիրը, մինչեւ որ 1814-ի Գերմանիոյ հիւսիսային Քիլ քաղաքի պայմանագրով Կրինլանտը դարձաւ Դանիոյ թագաւորութեան մաս կազմող ինքնավար տարածք մը, որ ունի իր լեզուն, դրօշը եւ քաղաքացիական հաստատութիւնները: Ասոր կողքին, դրամական, պաշտպանական եւ արտաքին գործերը մնացին Դանիոյ վերահսկողութեան տակ:

1953-ին գաղութային կարգավիճակը վերացուեցաւ, եւ 1979-ի «Ինքնավարութեան օրէնք»-ով կղզին ստացաւ լայն իրաւասութիւններ: 1985-ին ան դուրս եկաւ եւրոպական տնտեսական համայնքէն: 2009-ին ստացաւ ինքնիշխան ինքնակառավարում, բայց կը շարունակէ տարեկան նիւթական օժանդակութիւն ստանալ Դանիայէն:

Միացեալ Նահանգները քանի մը անգամ փորձեցին գնել Կրինլանտը: 1867-ին, ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Սիւըրտ Ռուսիոյ հետ երկար բանակցութիւններ կատարելէ ետք, ձեռք բերաւ Ալասքան: Ան նոյն տարուան ընթացքին լրջօրէն քննարկեց Կրինլանտն ու Իսլանտան գնելու կարելիութիւնը, որ ապարդիւն դուրս եկաւ: 1946-ին նախագահ Թրումըն առաջարկեց 100 միլիոն տոլար գումար մը, սակայն Դանիան մերժեց եւ միեւնոյն ժամանակ ստորագրեց համաձայնագիր մը` թոյլ տալով, որ ամերիկեան ռազմակայան մը հաստատուի: Այսօր կղզիին ամէնէն հիւսիսային տարածաշրջանին մէջ կը գտնուի այդ խարիսխը, ուր շուրջ 150 ամերիկացի զինուորներ մնայուն բնակութիւն հաստատած են, եւ հոն տեղադրուած են հրթիռային զգուշացման եւ տիեզերական դիտարկման գերարդիական համակարգեր:

Ահաւասիկ, Վենեզուելայի գրաւումէն ետք, Թրամփ մտադրած է ամէն գնով կուլ տալ Կրինլանտը: Այս մասին, ան Տաւոսի (Զուիցերիա) Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին իւրայատուկ թրամփեան ոճով եւ քմահաճոյքով միեւնոյն յանկերգը երգեց: Ըստ Սպիտակ տան վարձակալին, Կրինլանտի բացերը կը վխտան ռուսական եւ չինական նաւեր, որոնք սպառնալիք են` Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն դիտուած:

Նիւ Եորք, Զանգեզուր («Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» – «Trump Route for International Peace and Prosperity» – TRIPP), կամ այլուր կատարած իր ներդրումներուն նման, Թրամփի համար Կրինլանտն ալ մեծ անշարժ գոյքի գործարք մըն է, որուն համար ան կ՛ուսումնասիրէ տարբերակներ, ներառեալ` երկարաժամկէտ վարձակալութեան համաձայնագիր մը:

Կրինլանտի վարչապետ Ենս-Ֆրետերիք Նիլսընի համար անընդունելի իրողութիւն մըն է, որ Միացեալ Նահանգները գրաւեն այս վիթխարի կղզին, մինչդեռ Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսըն աւելի մտահոգ է եւ կը զգուշացնէ, թէ ամերիկեան նման քայլ մը պիտի նշանակէ ՕԹԱՆ-ի աւարտը:

Ահաւասիկ Անտերսընէն ներշնչուած իրապաշտ հեքիաթ մը… «Կայսեր նոր հագուստը» («The Emperor’s New Clothes») անուան փոխարէն` … «Կայսեր նոր երկիրը» («The Emperor’s New Country»), որ դժուար թէ քլիշէ` «Եւ անոնք ապրեցան երջանիկ ու բարեբախտ` մինչեւ իրենց կեանքի վերջը» տողերով աւարտի:

 

Նախորդը

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Յաջորդը

Չեմփիընզ Լիկ. Պենֆիքա – Ռէալ Մատրիտ` Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն

RelatedPosts

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
Վահէ-Շաբթին Կը Մնայ
Անդրադարձ

Վահէ-Շաբթին Կը Մնայ

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.