Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կրնայ ըլլալ, որ այս վերջին շաբաթներուն դուն լսեցիր, որ մարդիկ շատ կը խօսին Կրինլենտին մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ՛ուզէ, որ Կրինլենտը իրենց երկրին պատկանի` Միացեալ Նահանգները դարձնելով աւելի հզօր երկիր մը: Սակայն ասիկա միակ պատճառը չէ. Կրինլենտը ուրիշ Խաղաղական կէտեր ալ ունի:
* * *
– Ո՞ւր կը գտնուի Կրինլենտը
Ան կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսի հիւսիսը` բեւեռին մօտ: Ան աշխարհի ամէնէն մեծ կղզին է: Սակայն, հակառակ ասոր, ան շատ քիչ թիւով բնակչութիւն ունի` միայն 56 հազար հոգի:
Ասիկա զարմանալի չէ, որովհետեւ անոր տարածքին երեք քառորդը սառոյցով ծածկուած է:
Բնակչութեան մեծ մասը ինուիթ է, այդ շրջաններու առաջին բնակիչներուն ժառանգորդները: Սակայն հոն կ՛ապրին նաեւ քիչ թիւով դանիացիներ, որովհետեւ Կրինլենտը ամբողջովին անկախ չէ, այլ մաս կը կազմէ Դանիոյ թագաւորութեան, որ կը գտնուի Եւրոպայի մէջ: Սակայն ասիկա արգելք չ՛ըլլար, որ ուրիշ երկիրներ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան կամ Չինաստանը այս կղզիով հետաքրքրուին:
– Սակայն ինչո՞ւ Կրինլենտը այդքան հետաքրքրական է
Նախ եւ առաջ որովհետեւ ան շատ լաւ դիրք մը ունի քարտէսին վրայ… Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Հետեւաբար, Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն հոն հաստատուիլ հսկելու համար Ռուսիոյ, որ իրենց մրցակիցն է: Եւ որովհետեւ կլիմայի տաքութեան պատճառով սառոյցը կը հալի, նոր անցքեր կը բացուին վաճառականական նաւերուն համար: Այս երեւոյթը վնասակար է մոլորակին համար, սակայն օգտակար` միջազգային վաճառականութեան համար:
Սակայն, ասոր կողքին պէտք է յիշել, թէ այդ սառոյցին տակ պահուած է մեծ գանձ` քարիւղ, կազ եւ հազուագիւտ մետաղներ, որոնք անհրաժեշտ են շինելու համար, օրինակ, հեռաձայններ: Հետեւաբար Կրինլենտի վրայ ձեռք դնելը կրնայ շատ դրամ շահելու լաւ աղբիւր ըլլալ…
Կապոյտ Դարձած
Սառոյցի Կոյտ Մը
Հսկայական սառոյցի կոյտ մը (այսպըրկ), որ ճանչցուած է A23a անունով, Անթարքթիքէն բաժնուած էր 1986 թուականին: Ապա, ժամանակի ընթացքին, ան կտրտուած է, եւ անկէ բաժնուած են տարբեր կտորներ:
Այս սառոյցի կոյտը այժմ կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսին հարաւը: Անոր ամէնէն մեծ կտորը նախորդ ամիս նկարուեցաւ անջրպետէն: Ան կապոյտ է: Ըստ մասնագէտներու, այս կը փաստէ, որ սառոյցը կը տաքնայ եւ ջուրով կը լեցուի: Այս այսպերկը մօտ օրէն ամբողջովին հալելու վտանգին տակ կը գտնուի, որովհետեւ այժմ ամառ է հարաւային կիսագունդին մէջ:
Գիտէի՞ր, Թէ
Յունուար Ամիսը Կը Վերջանայ
Տարուան առաջին ամիսը արդէն աւարտին հասած է: Վերջին ակնարկ մը նետենք այս ձմեռնային երկար ամսուան վրայ:
– Յունուար ամիսը հիւսիսային կիսագունդին մէջ ամէնէն պաղ ամիսն է, մինչ հարաւային կիսագունդին մէջ` ամէնէն տաք ամիսը:
– Անոր անունը եկած է հռոմէացի չաստուած Ժանուսի անունէն: Ժանուս ունէր 2 գլուխ, որոնցմէ մէկը կը նայէր ետեւ, իսկ միւսը` առջեւ:
– Սկզբունքով յունուար ամիսը միայն 30 օր ունէր, Յուլիոս կայսրն է, որ աւելցուց 31-րդ օրը:
– Դարձեալ սկզբնական օրերուն, հռոմէական օրացոյցին մէջ յունուար եւ փետրուար ամիսները գոյութիւն չունէին:
– Նահանջ տարիներուն յունուար, ապրիլ եւ յուլիս ամիսները միշտ նոյն օրը կը սկսին:
– Փորթուկալցիները հարաւային Ամերիկա (այժմ` Պրազիլ) հասան 1 յունուար 1502-ին: Քաղաքը անուանեցին Ռիօ տը Ժանէրօ, որ կը նշանակէ յունուարի գետը:
– Կինսէի մրցանիշներու գիրքին մէջ նշուած է, թէ ամէնէն պաղ ջերմաստիճանը արձանագրուած է 21 յուլիս 1983-ին Անթարքթիքայի Վոսթոք կեդրոնին մէջ, ուր ան հասած է -53,667 աստիճան սելսուսի:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս պատկերին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը զետեղել տարբեր բաժինները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ վարի թիւերուն տեղերը:







