Եթէ Սթրազպուրկի մէջ ընդունուած ԵԽԽՎ-ի «Վեհաժողովի վերահսկողութեան ընթացակարգի յառաջընթացը» խորագիրով բանաձեւը կը նկատուի ընդդիմութեան տապալում, ապա, ուրեմն, պէտք է ընդդիմութեան տապալում նկատել նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արեւմուտքը ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ այս իշխանութիւնները: Սա, կը կարծեմ, ոեւէ մէկուն համար նորութիւն չէ: Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով այն քննադատութիւններուն, թէ նախօրեակին ընդունուած բանաձեւը կը նկատուի պատուիրակութեան ընդդիմադիր հատուածի տապալում:
«Այս մթնոլորտին մէջ, ուր այս կառոյցը ունի յստակ քաղաքական դիրքորոշում եւ ամբողջովին հակառուսական ընթացք կը հետապնդէ, այդ է իրենց համար գլխաւորը: Եթէ ոեւէ մէկը հետեւած է Եւրոպական խորհուրդի նիստերուն, պիտի տեսնէ, որ հոս հակառուսականութիւնը առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ: Եւ այս վիճակէն կ՛օգտուին Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւնները` ներկայանալով իբրեւ եւրոպական արժէքներ կրողներ, մինչդեռ մենք բոլորս շատ լաւ գիտենք, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի երկրին մէջ:
«Մենք դժգոհ ենք բանաձեւին մէջ առկայ ձեւակերպումներէն` նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ զեկուցումը ներկայացնելէ առաջ պահանջուած էր, որ վերահսկողութեան համանախագահները այցելութիւն մը կատարէին Հայաստանի Հանրապետութիւն, սակայն անհասկնալի եւ անընդունելի պատճառաբանութիւններով այդ այցելութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ: Անոնք կրնային յետաձգել այցելութիւնը, որովհետեւ իբրեւ պատճառաբանութիւն ներկայացուած էր համանախագահներէն մէկուն հիւանդութիւնը:
Այս առնչութեամբ մեր դժգոհութիւնը փոխանցած ենք իրենց: Մենք հարկադրուած եղանք առանձին հանդիպումներ ունենալ համազեկուցողներուն հետ եւ ամբողջովին փոխանցեցինք, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: Անոնք լաւ տեղեակ են ամէն ինչէ` քաղաքական բանտարկեալներու գոյութենէն, եկեղեցւոյ նկատմամբ հալածանքներէն ու արշաւէն, եւ այս բոլորը անոնք շատ լաւ գիտէին, բայց, ինչպէս ըսի, իրենց համար գերակայ է քաղաքական դիրքորոշումը` ամէն գնով պաշտպանել այս իշխանութիւնները, եւ ասիկա ոչ մէկուն համար ո՛չ գաղտնիք է, ո՛չ ալ նորութիւն»:
Ռուստամեան նշեց, որ այս ընդհանուր պատկերին մէջ բանաձեւին մէջ կը փորձուի նաեւ որոշ յայտարարութիւններու մէջ շեշտել այն հանգամանքը, որ գոյութիւն ունի անհասկնալի լարուածութիւն վարչապետին եւ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան միջեւ: «Միաժամանակ խօսք եղած է նաեւ վարչական միջոցներու չարաշահման մասին` ընտրութիւններու նախօրեակին, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու շուրջ. այս բոլորը բանաձեւին միւս, այսպէս ըսած, «դիմագիծն» են, որոնք կարելի է տեսնել, թէ համապատասխան են իրականութեան:
Մնացեալը, ընդհանուր առմամբ, կը բխի իրենց քաղաքական դիրքորոշումէն, այն է` Արեւմուտքը անվերապահօրէն կ՛աջակցի այս իշխանութիւններուն` յայտնի պատճառներով»:
Ռուստամեան նաեւ շեշտեց, որ պատուիրակութեան անդամները կը շարունակեն հանդիպումներ ունենալ համանախագահներուն հետ եւ բանաձեւին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները կը փոխանցեն: «Մենք պիտի փորձենք զիրենք մղել առնուազն աւելի համարժէք դիրքորոշումի, որպէսզի լսեն ոչ միայն իշխանական կողմը եւ չառաջնորդուին միայն անոնց հաղորդումներով, այլ նաեւ ընդդիմութեան տեսակէտներով: Ի վերջոյ, անոնք գրասենեակ ունին Հայաստանի մէջ, թող երթան եւ ուսումնասիրեն այդ շինծու դատավարութիւնները: Այլ խօսքով` շատ ըսելիք ունինք իրենց, որովհետեւ այսպէս չի կրնար վարուիլ այնպիսի կառոյց մը, որ կը փորձէ ժողովրդավարութիւն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն իրականացնել», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակը յարիր չէ այս կառոյցի հեղինակութեան:


