Հայոց բանակի կազմաւորման 34-րդ տարեդարձին առիթով, երէկ` 28 յունուարին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներն ու «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն:
Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին Եռաբլուրի մէջ` ի յիշատակ նահատակ հայորդիներու, որոնք անմնացորդ նուիրուեցան հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին:
«Հակառակորդը կը խօսի խաղաղութեան մասին, բայց ամէն օր յատուկ նշանակութեան նոր ստորաբաժանումներ ու զօրամասեր կը ձեւաւորէ, իսկ Հայաստան նոր յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ու կառոյցներու փոխարէն ոստիկանական ստորաբաժանումներ կը ձեւաւորէ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան:
Անդրադառնալով բանակի օրուան նշանակութեան` Սէյրան Օհանեան նշեց. «Ես մեր ժողովուրդը կը շնորհաւորեմ հայկական բանակի կազմաւորման կապակցութեամբ: Ի հարկէ այսօր տօնակատարութիւնները այն մեծ շուքով ու տրամադրութեամբ չեն նշուիր, ինչպէս նախապէս կը նշուէին, որովհետեւ մենք 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին պարտութիւն կրած ենք, այնուհետեւ բազմաթիւ անյաջողութիւններ եղած են, Արցախը կորսնցուցած ենք, բայց այնուամենայնիւ ես կը գտնեմ, որ հայկական բանակը այն կառոյցն է, որ պատշաճ ուշադրութեան պարագային առաջինը կրնայ շտկել իր ողնաշարը եւ վերականգնիլ: Մեր ժողովուրդը կ՛ակնկալէ, որ հայկական բանակը պէտք է ըլլայ իր անվտանգութեան երաշխաւորը, բանակը իւրաքանչիւր պետութեան ռազմական հզօրութեան առանցքն է»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան իր կարգին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Ես համոզուած եմ, որ մեր նորանկախ պատմութեան մեծագոյն ձեռքբերումն է Հայոց բանակը: Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ ենք, ի՛նչ հոգեբանական վիճակի մէջ ենք, սա տօն է, սա կարեւորագոյն տօն է եւ այդ առիթով շնորհաւոր բոլորիս: Մենք պետութիւն ստեղծած ենք, որ անվտանգ ըլլանք ու այդ անվտանգութեան ամէնէն կարեւոր, ամէնէն հիմնական հիմնասիւնը մեր բանակն է»:


