Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Բանակը Միջին Արեւելքի Մէջ Օրերու Վրայ Երկարող Օդուժի Ռազմափորձի Պիտի Ձեռնարկէ

January 29, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Միջին Արեւելքի մէջ օրերու վրայ երկարող օդուժի ռազմափորձի պիտի ձեռնարկէ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը:

Հրամանատարութիւնը յայտնեց, թէ 9-րդ օդուժը, որ նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան` «Սենթքոմ»-ի մէջ ծանօթ է կեդրոնական օդուժ անունով, կը գործադրէ քանի մը օրուան վրայ երկարող ռազմափորձ մը կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան տարածքին մէջ մարտական օդային զօրութիւնը տեղակայելու, բաշխելու եւ պահպանելու կարողութիւնը ցուցադրելու համար:

Կեդրոնական հրամանատարութիւնը նշեց, որ այս վարժանքին նպատակն է բարելաւել միջոցներու եւ զօրքերու տեղակայման կարելիութիւնները, ամրապնդել շրջանային գործընկերութիւնը եւ պատրաստել ճկուն արձագանգներ Կեդրոնական հրամանատարութեան գօտիին մէջ: Անիկա նաեւ առիթ է ստուգելու զօրքերու եւ օդանաւերու արագ տեղաշարժի ընթացակարգերը, բաշխուած գործողութիւններ իրականացնելու արտակարգ կացութիւններու վայրերու մէջ, սահմանափակ ծաւալով կայուն գումակային աջակցութիւն տրամադրելու, ինչպէս նաեւ ստուգելու համարկուած, բազմազգ հրամանատարութիւնը եւ լայն գործառնական տարածքի մէջ վերահսկողութիւնը:

Կեդրոնական օդուժը աւելցուց, որ ռազմափորձերու ընթացքին ամերիկեան ուժերու խումբեր պիտի տեղակայուին քանի մը արտակարգ իրավիճակներու վայրերու մէջ եւ պիտի ստուգեն արագ նախապատրաստման, թռիչքի եւ վերականգնման ընթացակարգերը` օգտագործելով փոքր, արդիւնաւէտ աջակցութեան թղթածրարներ:

Օդուժը ընդգծեց, որ ռազմափորձերը պիտի կատարուին բոլոր գործողութիւնները հիւրընկալող երկիրներու համաձայնութեամբ եւ քաղաքացիական ու զինուորական թռիչքներու իշխանութիւններու հետ սերտ համագործակցութեամբ` հիմնուելով ճշգրտութեան եւ գերիշխանութեան յարգանքի վրայ:

 

 

Նախորդը

Քիւրտերու Լքումը Աղէտ Նկատելով` Կրահամ. «Քիւրտերը Թիրախաւորող Որեւէ Կողմի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Օրինագիծ Մը Պիտի Ներկայացնեն»

Յաջորդը

Փեզեշքիանի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Թագաւորութիւնը Իր Օդային Տարածքն Ու Հողերը Իրանի Դէմ Որեւէ Զինուորական Գործողութեան Մէջ Օգտագործելը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.