Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը զգուշացուց, թէ մերձակայ երկիրները թշնամական պիտի նկատուին, եթէ Իրանի վրայ յարձակում շղթայազերծելու համար օգտագործուին:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի հրամանատարի քաղաքական օգնական Մոհամետ Աքպարզատէ յայտնեց. «Մերձակայ պետութիւնները մեզի բարեկամ են, սակայն, եթէ անոնց հողերը, օդային կամ ջրային տարածքը Իրանի դէմ օգտագործուին, թշնամական պետութիւններ պիտի նկատուին»:


