Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանի ընդունած է Լիբանանի հարցով ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:
Քաթարի վարչապետը նշած է, որ Լիբանանի կայունութիւնը շրջանի կայունութեան հիմնական սիւն կը նկատուի` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է, որ բոլոր կողմերը գործադրեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ ամբողջովին յարգեն Լիբանանի գերիշխանութիւնը:
Ան վերահաստատեց Քաթարի` Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն դատապարտումը` անհրաժեշտ նկատելով, որ Ապահովութեան խորհուրդը ստանձնէ այդ յարձակումները դադրեցնելու եւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու իր պատասխանատուութիւնը:
Պըն Ժասեմ բարձր գնահատեց Լիբանանի աջակցութեան մէջ հնգեակ խումբին առանցքային դերը` նշելով այս ծիրին մէջ Քաթարի իր գործընկերներուն հետ միացեալ ու սերտ աշխատանքը` ապահովելու համար Լիբանանի գերիշխանութեան ու անոր հողային ամբողջականութեան զօրակցող ջանքերու համակարգումը եւ աջակցելու համար վերականգնման ու բարգաւաճման հոլովոյթներուն:


