Կ’ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի: Այս ուղղութեամբ կարեւոր հանգրուաններուն մասին տեղեակ պահեցինք մեր ժողովուրդի զաւակները` յիշեալ դատը նկատելով մեր ժողովուրդին եւ մեր Եկեղեցւոյ դատը, ինչպէս նաեւ առաջին եւ յանդուգն քայլ մը` ազգային պահանջատիրութեան իրաւական մարզէն ներս:
Արդարեւ, թրքական դատարաններու նախադատ ատեաններէն ետք, ուր մերժուած էր դատը յետ քննութեան, այժմ ան կը գտնուի Վճռաբեկ ատեանին մօտ: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Սահմանադրական դատարան, որմէ ետք պիտի ուղղուինք դէպի Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան:
Այս ծիրէն ներս, քանի մը օրեր առաջ, կաթողիկոսարանին մէջ, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սիսի դատին իրաւական յանձնախումբի անդամներէն նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, փրոֆ. Թենի Սիմոնեանի եւ փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլուի մասնակցութեամբ, եւ քննուելէ ետք դատի իրաւական գործընթացի նախկին հանգրուանները, ընդհանուր գիծերով ճշդուեցան յառաջիկայ քայլերը: Այս մասին նոր զարգացումներու լոյսին տակ բնականաբար տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդի զաւակները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ


