Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի շուրջ «արդիւնաւէտ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Քրտական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ:
Պարրաք «Էքս»-ի վրայ երկուշաբթի գիշեր գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Այս գիշեր արդիւնաւէտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ պարոն Մասուտ Պարզանիի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութիւնը, եւ զինադադարը պահպանելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները, մասնաւորաբար Քոպանիի մէջ կարիքաւորներուն հասնիլը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը»:
«Ինչ կը վերաբերի Իրաքին, ապա Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը յստակ է` Իրանի կողմէ նշանակուած կառավարութիւնը ո՛չ պիտի յաջողի իրաքցիներուն եւ սուրիացիներուն աւելի լաւ ապագայի ձգտումները իրագործել, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգներու հետ ազդու գործընկերութիւն հաստատել», աւելցուց Պարրաք:
Նշենք, որ Իրաքի խորհրդարանը որոշեց յետաձգել երէկ երեկոյեան նախատեսուած հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստը:


