Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը թիրախաւորող յարձակում մը ձախողութեան մատնուած է, եւ երեք ազրպէյճանցիներ ձերբակալուած են:
Նախքան այդ, Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, հաղորդած էր, որ հետաքննութիւններու հիմամբ, ապահովական մարմինները կասկածած են, թէ ազրպէյճանցի երեք քաղաքացիներ Պաքուի մէջ կրօնական ատելութեան դրդապատճառով Պաքուի մէջ օտար դեսպանատան մը վրայ ահաբեկչական յարձակում կը ծրագրէին:
Անոնցմէ մէկը 2000 թուականի ծնունդ է, իսկ միւս երկուքը` 2005 թուականի:
Ծառայութիւնը նշեց, որ նշեալները կը գործակցէին ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող «Խորասանի նահանգ» խմբաւորման հետ, եւ օտար պետութեան մը դեսպանատան վրայ ահաբեկչական յարձակում գործադրելու համար իբրեւ զէնք օգտագործուող գործիքներ ստացած են:
Անոնք ձերբակալուած են, երբ դեսպանատան վայրին մօտեցած են:


