Փենթակոն պաշտպանական նոր ռազմավարութեան մը մէջ յայտարարեց. «Ամերիկեան բանակը առաջնահերթ պիտի նկատէ ներքին անվտանգութիւնը եւ Չինաստանի զսպումը` Եւրոպայի մէջ եւ այլուր իր դաշնակիցներուն աւելի սահմանափակ աջակցութիւն ցուցաբերելով»:
2026 թուականի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան համաձայն, «մինչ ամերիկեան ուժերը կը կեդրոնանան իրենց հողերուն եւ Հնդկաց ու Խաղաղական ովկիանոսներու շրջաններու պաշտպանութեան վրայ, մեր դաշնակիցներն ու գործընկերները իրենք պիտի կրեն իրենց պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը` ամերիկեան ուժերուն կողմէ հիմնական, սակայն աւելի սահմանափակ աջակցութեամբ»:
«Կը թուի, թէ Իրան մտադիր է վերականգնել իր ուժերը, հակառակ ստացած հարուածներուն», կը նշէ փաստաթուղթը` աւելցնելով. «Իրանի ղեկավարութիւնը հիւլէական զէնք ձեռք բերելու իր ձգտումին կարելիութեան դուռը բաց ձգեց»:
«Իրանն ու անոր գործընկերները կը հրահրեն շրջանային տագնապներ, որոնք կը վտանգեն ամերիկացի զինուորներու կեանքերը եւ կ՛ականահարեն խաղաղութիւնը», կ՛ըսէ Փենթակոնի փաստաթուղթը:
«Իսրայէլ ապացուցեց ամերիկեան վճռական, սակայն սահմանափակ աջակցութեամբ ինքզինք պաշտպանելու իր կամքն ու կարողութիւնը», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը` 2026 տարուան ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան փաստաթուղթին մէջ:


