Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Տաւոսէն Լիբանան Նոր Աշխարհակարգի Ցնցումները

January 24, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քանի մը օրակարգ գրաւած է արծարծուող նիւթերու առաջին հորիզոնականները: Անոնցմէ առաջինը զէնքի մենաշնորհումի գործընթացին առաջին փուլի աւարտի արձանագրումն է, իսկ երկրորդը խորհրդարանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու հրամայականն է:

Այս երկու օրակարգերը քաղաքական կապեր կրնան ունենալ` նկատի ունենալով զէնքի մենաշնորհումի յառաջիկայ փուլերուն ունենալիք ազդեցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ: Այստեղ սակայն այլ շեշտադրումներ կ՛արծարծուին, պետութեան հեղինակութեան պահպանման, արտաքին աշխարհին կողմէ ընկալելի ըլլալուն եւ քաղաքական պատճառներով որոշուած թուականները յետաձգելու նախկին վարքագիծի էջը դարձնելու առումներով:

Զէնքի մենաշնորհումի օրակարգը ամբողջական տրամաբանութիւն ունի սկզբունքով: Վարչապետին յայտարարութիւնը առ այն, որ 1969 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով լիբանանեան պետութիւնը Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ գործողութիւններու ամբողջական վերահսկողութիւն ունի, ունի իր ածանցեալ բաժինը:

Անոր համաձայն,  կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած ծրագիրի երկրորդ փուլի ծիրին մէջ յառաջ կը շարժի Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ: Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի կացութեան,  թէեւ տեղի ունեցողը համապարփակ պատերազմ չէ, սակայն միակողմանի մաշեցման պատերազմ է` նշելով, որ Իսրայէլ գրեթէ առօրեայ յարձակումներ կը գործէ եւ տակաւին հարաւէն բաժիններ բռնագրաւուած կը պահէ:

Հարցադրումը յաւելեալ նշանակութիւն կ՛ունենայ: Զէնքի մենաշնորհումի առաջին փուլը կայացած է: Այդ կը նշանակէ, որ կայացած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Հըզպալլան եւ լիբանանեան կողմը իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններու առաջին փուլը կատարած են: Մինչ, Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել զինադուլը, արգելակել հարաւային շրջաններու մէջ ժողովուրդի վերադարձը եւ ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան օդային, ծովային եւ ցամաքային ուղղութիւններով:

Հիմա կ՛ակնկալուի երկրորդ փուլի անցում, կամ Լիթանիի հիւսիսային հատուածէն յետքաշում: Ակնկալութեան այս յաջորդ փուլը հարցական կրնայ դառնալ, այնքան ատեն որ հակառակ առաջին փուլի իրականացումին, Իսրայէլի չի փոխեր իր դիրքորոշումն ու չի դադրեցներ ռազմական յարձակումները: Զինադուլն ու անոր հետեւելիք քայլերը, ըստ համաձայնութիւններուն, ամբողջական-փաթեթային էութիւն ունին եւ հետեւաբար համակողմանիօրէն եւ զուգահեռաբար գործադրելի են:

Համաձայնութիւններու միակողմանի գործադրութիւնը չի նպաստեր խաղաղութեան հաստատման: Ընդհակառակը` կրնայ խանգարիչ գործառոյթ ունենալ: Հասկնալի է, երբ արտաքին ուժեր միակողմանի պահանջներով կը ներկայանան լիբանանեան կողմին եւ կը շրջանցեն Իսրայէլի ստանձնած պարտաւորութիւններու գործադրութեան պահանջը: Լիբանանեան կողմեր սակայն, որքան նախանձախնդիր են զէնքի մենաշնորհի անմիջական իրականացումին, նոյնքան անհրաժեշտ է, որ  դատապարտեն եւ պահանջեն համաձայնութեան ամբողջական փաթեթային-համաժամանակեայ գործադրութիւնը:

Համաձայնութիւններու գործադրութեան վերահսկողութիւնը սկզբունքով պիտի կատարէր այն մեքենականութիւնը, որուն ներգրաւուած էին նաեւ յանձնառութիւն ստանձնած Ուաշինկթընն ու Փարիզը:  Ըստ  լիբանանեան մամուլին, լիբանանեան պաշտօնական հեղինակութիւնները, հակառակ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին իրենց կատարած հաղորդակցութիւններուն, 14 յունուարին նախատեսուած ժողովի յետաձգումէն ետք, «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի թուականի ճշդման վերաբերեալ ոչինչ ստացան:

Առկախուած է ուրեմն ճշդուած մեքենականութիւնը: Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը խնդիր ունին Փարիզին հետ: Այս խնդիրը աւելի համընդհանուր պարունակի մէջ կրնայ դիտարկուիլ նոր աշխարհակարգի ամերիկեան ձգտումներուն շարքին: ՄԱԿ-ի կառոյցը հեղինակազրկելու թէ անվտանգային նոր կառոյց ստեղծելու` «Խաղաղութեան խորհուրդ» խորագիրով:

Միջազգային այս վերահսկիչ համակարգի առկախումը  ինքնին կրնայ աւելի անկաշկանդ ձգել եւ իրողապէս ճանապարհը բաց պահել Իսրայէլի առջեւ  համաձայնութիւնները միակողմանիօրէն գործադրելու պահանջները շեշտելու եւ դէպի Լիբանան իր վարքագիծը շարունակելու:

«Ա.»

Նախորդը

Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի, Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք, Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 232-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.