Լոս Անճելըս Քլիփըրզի աստղերէն Քուայ Լենըրտ վերադարձաւ` օգնելով, որ Քլիփըրզ յաղթէ Լէյքըրզին` «տաք» 4-րդ մասի սուր պայքարին:
Լենըրտ 24 կէտեր նշանակեց իր ասպարէզի մրցանիշը բարելաւելով` իր կատարած 23-րդ յաջորդական մրցումին 20-է աւելի կէտեր նշանակելով:
Քլիփըրզ իր վերջին 8 մրցումներէն 7-ն շահեցաւ` ձախող ձեւով սկսելէ ետք այս տարեշրջանը: Լըպրոն Ճէյմս 4 կէտ նշանակեց, իսկ Լուքա Տոնչիչ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, երբ Լէյքըրզ վերջին մասին 19-7 արդիւնքով տիրապետեց` Քլիփըրզի տարբերութիւնը 2 կէտերու նուազեցնելով: Հարտըն 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց, եւ Քլիփըրզ ինքզինք վերագտաւ 10 յաջորդական կէտեր նշանակելով: Լէյքըրզ չյանձնուեցաւ եւ Լըպրոնի կողովէն ետք ֆաուլ մըն ալ շահեցաւ: Լէյքըրզ 11-2 կէտեր նշանակեց` 3 կէտերու նուազեցնելով տարբերութիւնը: Իվիցա Զուպաց տանք կատարեց, մինչ Ճոն Քոլինզ 3 կէտնոց կողով նշանակեց` 8 կէտերու բարձրացնելով առաւելութիւնը, եւ Հարտըն փակեց հաշիւը 2 յաջող ազատ հարուածներով:
Լուքա Տոնչիչ 32 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, մինչ Լըպրոն 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ վերջին 11 մրցումներուն կրեց իր 6-րդ պարտութիւնը:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ պէտք ունեցաւ երկարաձգման` յաղթելու Հիուսթըն Ռոքեթցին` 128-122 արդիւնքով: Ժոել Էմպիիտ 32 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, որ 24-րդ յաղթանակը արձանագրեց (19 պարտութիւն), մինչ Ռոքեթց, որ 36 կէտեր ունեցաւ Քեւըն Տիւրենթի միջոցով, կրեց իր 16-րդ պարտութիւնը:


