Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Իրաք
Թեմի Գործունէութիւնները
1 յունուարին թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան Ազգային ծերանոցի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց իսլամ կրօնապետներու պատուիրակութիւն մը: Հանդիպման ներկայ էին քահանայ հայրերը, Կեդրոնական վարչութիւնը:
3 յունուարին Օշական եպս. Կիւլկիւլեան հովանաւորեց Պաղտատի Ազգային վարժարանի եւ մանկապարտէզի Նոր տարուան հանդէսը, որ տեղի ունեցաւ վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ քահանայ հայրերուն, Կեդրոնական վարչութեան, առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն:
Փոքրիկներու ամանորեան եւ ազգասիրական երգերը, պարերն ու արտասանութիւնները մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցին ներկաներուն մօտ:
Նոյն օրը, գլխաւորութեամբ Մար Կիորկիս Գ. պատրիարքին, ասորական արեւելեան հին եկեղեցւոյ սրահին մէջ կայացաւ Քրիստոնեայ համայնքապետներու խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Օշական եպս. Կիւլկիւլեան եւ կարգ մը այլ հոգեւոր պետեր: Ժողովին քննարկուեցան Իրաքի քրիստոնեաներուն հետ առնչուող հարցեր:
4 յունուարին, Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան տօներուն առիթով, սրբազանը Ազգային ծերանոցի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ասորական տեմոքրաթ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան:
7 յունուարին Իրաքի մէջ Պապական նուիրակ մոնսինիոր Միրոսլաւ Վախովսքին դեսպանատան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի կարգ մը քրիստոնեայ համայնքապետներու այցելութիւնը, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: Բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութեան մաս կը կազմէր սրբազան հայրը:
7 յունուարին Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան տօներուն առիթով սրբազանը առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ էին քահանայ հայրերը:
Այցելութեան ընթացքին հիւրերը սրբազան հօր ընկերակցութեամբ այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր ծանօթացան անոր պատմութեան եւ ճարտարապետական ու հոգեւոր արժէքներուն:
8 յունուարին, Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, Իրաքի քրիստոնեայ այլ հոգեւոր պետերու եւ առաջնորդներու ընկերակցութեամբ, այցելեց Պաղտատի եւ Պասրայի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սեւերիոս Հաուա արքեպիսկոպոսին:
Այցելութեան ընթացքին Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորանքներ եւ բարեմաղթանքներ փոխանակուեցան երկու կողմերուն միջեւ:
10 յունուարին Օշական եպս. Կիւլկիւլեան առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Միջազգային միութեան ազգայնական փոքրամասնութիւններու մամուլի եւ մարդու իրաւունքներու նախագահ Մահմուտ Մանտիլի եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ներկայ էին քահանայ հայրերը, Կեդրոնական վարչութեան անդամները, նաեւ` առաջնորդարանի դիւանապետը:
12 յունուարին, Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան տօներու առիթով սրբազանը առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Պաղտատի Հայոց մանկապարտէզի փոքրիկները, զորս օրհնեց եւ փայլուն ապագայ մաղթեց:
5 յունուարին Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, ընկերակցութեամբ Գէորգ քհնյ. Արշակեանի եւ Քերքուկի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Մասիս Սարգիսեանի, այցելեց Քերքուկի քաղդէացիներուն առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ Եուսեֆ Թոմա առաջնորդ սրբազանին կողմէ:
5 յունուարին Օշական եպս. Կիւլկիւլեան Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցեց Քերքուկի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ խաչվառի օրհնութիւն:


