2013-ին, երբ սըր Ալեքս Ֆերկըսըն հեռացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն, «Կարմիր սատանաները» մօտ 100 միլիոն սթերլինկ փաունտ ծախսած են մարզիչներու եւ ղեկավար կազմի անդամներու նշանակման ու հեռացման փոխհատուցումներու համար:
Անցեալ շաբաթներուն, երբ Ռուպեն Ամորիմ պաշտօնանկ եղաւ, անոր պայմանագիրի մնացած 1,5 տարուան համար փորթուգալցի մասնագէտը իբրեւ փոխհատուցում ստացած է 10 միլիոն սթերլինկ փաունտ:
Այսպիսով, 2013-էն ի վեր Եունայըտ 78 միլիոն սթերլինկ փաունտ վճարած է միայն հեռացուած մարզիչներուն եւ անոնց օգնականներուն:
Ստորեւ` ցանկը.
1.- Ժոսէ Մուրինիօ 19,6 միլիոն
2.- Ռալֆ Ռանյիք 14,7 միլիոն
3.- Օլէ-Կունար Սոլսքիար 10 միլիոն
4.- Էրիք Թեն Հաակ 10 միլիոն
5.- Լուիս Վան Կաալ 8,4 միլիոն
6.- Տէյվիտ Մոյես 4,9 միլիոն
Բացի այս ծախսերէն, Մանչեսթըր ակումբը 21 միլիոն սթերլինկ փաունտ եւս ծախսած է մարզիչներ հրաւիրելու, ինչպէս նաեւ տնօրէններու նշանակման ու ազատման համար: Ամէնէն բարձր գումարը ծախսուած է 2024-ին, երբ Ամորիմի նշանակման համար Սփորթինկ Լիզպոնին վճարուած է 11 միլիոն եւրօ:


