Հայաստան կամարներու երկիր է. անոր գաւիթը կամարակապ է, լուսամուտը` կամարազարդ, գիւղը` կամարաշէն, դահլիճը` կամարածածկ, խորանը` կամարաձեղուն, դարպասը` կամարագեղ, Տաթեւի վանքը` կամարաքիւ, Արարատը դիտելու լաւագոյն կէտը` 1500 մեթր բարձրութեան վրայ, Երեւան-Գառնի ճանապարհի աջ կողմը, Ողջաբերդ գիւղի մօտ` «Չարենցի կամարը», կամ, բուն անունով` «Արարատի կամարը»: Իսկ երկրիս տիկինները, դուք արդէն գուշակեցիք, «յօնքերը կամար»: Այս իրիկուն, յարգելի ընթերցող, երբ աշունը կը պարգեւէ շառագունած երկնակամար, որոշեցի «կամար» բառի գեղաքանդակ պատմութեան մէջ ճեմել ու հայկական կամարներու պատկերազարդ ժողովածու մը կազմել: Իսկ երբ յօդուածս հասնի իր աւարտին, կ՛առաջարկեմ, որ մենք ականջ տանք «կամար յօնքեր»-ու նուիրուած երգի մը ու հիանանք «կամար» բառի հեզաճկուն տեսքին:
Գիւղս Շինեցի Կամարի Մօտ
Կամարներ շինող հայուն համար զարմանալի չէ, որ ան իր բնակավայրն ալ անուանած ըլլայ «կամար» բառով: Այժմ, եկէք, պտոյտ մը կատարենք Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ, անցնինք քանի մը միակամար կամ եռակամար կամուրջներ եւ այցելենք «կամար» անունով քանի մը հայկական բնակավայրեր. ԿԱՄԱՐԱԿԱՊ` գիւղ Ակն գաւառակի մէջ, Ակն քաղաքէն 2 քմ հարաւ-արեւելք, Եփրատի բարձրադիր աջ ափին: Գիւղը ինչո՞ւ այդպէս կոչուած է: Ըստ աւանդութեան, գիւղին տեղը նախապէս եղած է անտառ մը: Անտառը հրդեհուած է: Երկինք բարձրացած բոցը հսկայական կամար կազմած է: Ապա մօտակայ Վարդիշ գիւղի բնակիչները տեղափոխուած են հոն եւ հիմնած են նոր գիւղ` զայն կոչելով Կամարակապ: Գիւղին մօտ, Եփրատի բարձրադիր աջ ափին, դուք կը գտնէք նաեւ Կամարակապ կոչուած ժայռախումբ մը եւ Կամարակապ ուխտավայրը: ԿԱՄԱՐԱԿ` (այժմ Gemerek) Սեբաստիոյ մարզին մէջ, Ալիս գետի ձախ կողմը մեծ աւան մը: Կամարակը 1500-ական թուականներու սկիզբը հիմնուած է Կիլիկիայէն եկած 20 տուն հայերու կողմէ: Գիւղաքաղաքը կառուցուած է հին կամարակապ աղբիւրի մը մօտ: Այդ պատճառով, ըստ մէկ ենթադրութեան, անիկա կոչուած է Կամարակ: ԿԱՄԱՐԱԿ` Խարբերդ նահանգի Չարսանճաք գաւառակի մէջ գիւղը: Մէկ այլ ԿԱՄԱՐԱԿ` Տրապիզոնի մէջ գիւղ:
Երջանկութեան Կամարը
Հրաշալիքներու երկիր Հայաստանի մէջ բնութիւնն ալ կառուցած է ի՛ր ճաշակով ի՛ր կամարը: Անունն է` Երազանքներու կամար: Անիկա կը գտնուի Ջերմուկ քաղաքին մէջ, Ջրահարսի վարսեր ջրվէժին քով: Բնութեան գեղեցիկ ստեղծագործութիւն մըն է անիկա` երկրաբանական յուշարձան մը: Տեղացիները զայն կը կոչեն նաեւ Բախտի կամար: Յարգելի՛ ընթերցող, երբ Ջերմուկ երթալու ըլլաք, անպայման անցէք այդ կամարին տակէն: Քանզի, ըստ տեղական հաւատամքի, այդ կամարը ունի հրաշագործ զօրութիւն: Իւրաքանչիւր անձ, որ անցնի անոր տակէն, իր երազը անպայման կը կատարուի:
Ադամանդեայ Կամար
5-րդ դարէն սկսեալ մեր մատենագիր այրերը բառ բառի վրայ շարելով` հոգեւոր «կամարներ» կերտեցին: Այդ շինարարութիւնը սկսաւ Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեան օրերուն: Սուրբ Գիրքին մէջ ես հիացիկ դիտեցի բազմաթիւ կամարներ, ապա պահ մը շունչ առի անոնց շուքին տակ: Ահա` քանի մը պատկերաւոր արտայայտութիւններ. «Կամարաձեւ խորանն երկնից», «Լանջագեղ կամար», «Կամարք շուրջանակի», «Կամար ականակապ»: Ապա թերթեցի մեր հին մատեանները եւ յօրինեցի ժողովածուիս յաջորդ պրակը…
Աստուածակամարի Եօթը Գոյները
Ահա թէ «կամար» բառը 1836 թուականին ինչպէ՛ս սահմանուեցաւ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» երկհատոր բառարանին մէջ. «Որ ինչ կազմեալ է կոր ձեւով իբրեւ զաղեղն, կամ գմբեթաձեւ, կամ խորանաձեւ եւ գօտիաձեւ». ապա նկատեցի, որ հին օրերուն մեր գրիչները փոխանակ հողեղէն գեղեցկուհիի մը կամարաձեւ յօնքը դիտելու` նայած են վեր եւ դիտած են երկինքը: «Կամար» բառը հին մատենագրութեան մէջ ունեցած է հոգեւոր` «երկնային» իմաստ. «Ի կամարն երկնից համբարձան», «Ի կամար վերնայինն երկնի», «Եօթնաստեղեան երկնից կամարք»: Կամարը եղած է նաեւ «գօտի» եւ դարձած է իշխանութեան նշան. «Կամար իշխանական», «Կամարն եպիսկոպոսութեան»: 10-րդ, 12-րդ, 14-րդ դարերուն «կամար» բառը դարձած է աւելի զարդարուն: Յարգելի՛ ընթերցող, այժմ կ՛առաջարկեմ, որ մեր գրականութեան կամարազարդ դահլիճներուն մէջ քալենք եւ դիտենք մեր բանաւոր կամարները. «Կամարազարդ խորան», «Կամարազարդ պսակեալ հրաշիւք», «Եթերանման կամարակապ», «Կամարակապ փողոց», «Լոյս կամարաձեւ»: Իսկ երբ գարնան բերքաբեր անձրեւէն ետք հայը երկնակամարի վրայ տեսաւ ծիածանը, զայն կոչեց «Կամարաձեւ կրակ»: Միջնադարու հայը ծիածանին համար նաեւ յօրինեց բանաստեղծական թուացող նկարագրութիւն մը. «Գոյնս զանազանս, եւ ըստ երկնային գնդին երեւի ՛ի տեսիլ կամարաձեւ, զոր եւ մարդիկ աստուածակամար կարդացին»:
Սի–Օ–Սէ–ն Ունի 33 Կամար
Հայոց մայրենին, ինչպէս Սպահան քաղաքի Սի-օ-Սէ կամուրջը, բազմակամար է, կամ` բազմաթռիչք, ինչպէս ճարտարապետները կը սիրեն անուանել: Մինչ Սպահանը հայկական Նոր Ջուղային կապող Սի-օ-Սէ կամուրջը կը հպարտանայ իր 33 կամարով, արդեօք հայոց լեզուն նոյնպէս կրնա՞յ հպարտանալ այն բանին համար, որ ճարտարապետական կամարի առնուազն 33 տեսակի յատուկ անուն ունի: Փորձենք. կանթաձեւ, սլաքաձեւ, աղեղնաձեւ, երեքնուկաձեւ, հովհարաձեւ, նշտրակաձեւ, կիսաշրջանաձեւ, շրջուած, մանգաղաձեւ, ձուաձեւ, սեպաձեւ, պայտաձեւ, խուլ. եղաւ 13. միակեդրոն, երկկեդրոն, միաժապաւէն, միաթռիչք, եռաթռիչք, եռատերեւ, եռաթեւ, թաղակիր, գմբեթակիր, շեղ. եղաւ 23. ցածրանիստ, ցածրանիստ սլաքաւոր, բարձրանիստ, բարձրանիստ սլաքաւոր, բարձրակոր, բեռնաթափիչ, կեղծ կամար. ահա եղաւ 30: Դեռ չհաշուեցի` կախ ընկածը, սողունը, տափակը, միջանկեալը, լրիւը եւ այլն: Իսկ կայ բառ մը, որ հպարտ նստած է մեր բառարաններուն մէջ, սակայն կը բացակայի Հայաստանի քաղաքներէն. «յաղթակամար»-ն է անիկա` նշանաւոր իրադարձութեան մը կամ ռազմական յաղթանակի պատուին կանգնեցուած դարպասը, ինչպէս` Հռոմի մէջ Տիտուս կայսրի կառուցածը` Arco di Tito, կամ Փարիզի Յաղթանակի կամարը` l՛Arc de Triomphe: Իսկ մենք այժմ երթանք եւ հպարտանանք «Չարենցի կամար»-ով:
Ինչպէս Անհաս Փառքի Ճամբայ
1957 թուականն է. Խորհրդային Հայաստան. Երեւան-Գառնի մայրուղին: Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը` հանրապետութեան դափնեկիր ճարտարապետը, անցնելով այդ մայրուղիէն` Ողջաբերդ գիւղի մօտակայ բլրակէն կը նկատէ Արարատի հրաշալի տեսարանը: Ճարտարապետը կ՛իջնէ ինքնաշարժէն, կը բարձրանայ բլուր եւ տեղւոյն վրայ կ՛որոշէ կամար մը կառուցել: Կամարը կ՛անուանէ «Արարատի կամար» եւ անոր ճակատին վրայ կը փորագրէ Եղիշէ Չարենցի սքանչելի տողերը. «ԱՇԽԱՐՀ ԱՆՑԻՐ` ԱՐԱՐԱՏԻ ՆՄԱՆ ՃԵՐՄԱԿ ԳԱԳԱԹ ՉԿԱՅ, ԻՆՉՊԷՍ ԱՆՀԱՍ ՓԱՌՔԻ ՃԱՄԲԱՅ` ԵՍ ԻՄ ՄԱՍԻՍ ՍԱՐՆ ԵՄ ՍԻՐՈՒՄ»: Ահա հայուն միակ յաղթանակի կամարը, կամ` փառքի կամարը: Իսկ եթէ դուք, յարգելի՛ ընթերցող, ուզէք գիտնալ, թէ Չարենցի տողերը ինչո՞ւ թէ՛ այս յօդուածին մէջ եւ թէ՛ այդ կամարին վրայ գլխագիր են, պատճառը այն է, որ բանաստեղծը ակնարկելով մեսրոպեան նշանագրերուն` կ՛ըսէ. «Չե՜մ մոռանայ աղօթք դարձած երկաթագիր գրքերը մեր»: Երկաթագիրը հայկական անդրանիկ գրատեսակն է եւ ստեղծուած է իբրեւ գլխագիր:
Երգ` Յօնքերը Կամար Աղջկան
Քանի մը ժամ առաջ, յարգելի՛ ընթերցող, երկնակամարը շիկացած էր, իսկ այժմ նոյն կամարին վրայ բարձրացաւ լիալուսինը: Գիշերային այս արծաթափայլ ժամուն կ՛առաջարկեմ, որ աւարտենք քարէ կամարներու պատմութիւնը եւ անձկութեամբ ակնկալենք գրական կամարներու հեքիաթը: Յաջորդ յօդուածիս մէջ, յարգելի՛ ընթերցող, կը մտածեմ աշուղներ եւ բանաստեղծներ հրաւիրել ու հեշտօրէն տարուիլ անոնց քնարական երգերով: Իսկ այսօր իբրեւ հրաժեշտի մեղեդի` ունկնդրենք «հասակը սօսի», «աչքերը նուշ», «դէմքը լուսին» Նուպարի երգը (Նուպար, արեւելահայ աւանդութեան մէջ` իգական անուն).
«Նուբարի բոյը չինար է,
Աչքերը նուշ ու խումար է,
Երեք օրուայ լուսնի նման,
Ունքերը կեռ ու կամար է»:
Խաղաղ մնացէք երկնի եօթնագոյն կամ արծաթափայլ կամարին տակ:



