Մինչ Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը երրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակուին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւնները գրաւելու` ըսելով. «Օգնութիւնը ճամբան է»:
Թրամփ խոստացաւ «չափազանց ուժեղ քայլ» որդեգրել, եթէ իրանեան իշխանութիւնները մահապատիժի ենթարկեն ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուած անձեր:
Ան իրանցի ցուցարարները քաջալերեց իրենց շարժումը մինչեւ իշխանութիւններու տապալում շարունակելու:
«Իրանցի պաշտօնատարներու հետ բոլոր ժողովները ջնջուած են, մինչեւ որ ցուցարարներու անհեթեթ սպանութիւնը դադրի», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ամերիկեան սպառնալիքներու լոյսին տակ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւններ առկախուած են:
Իրանցի պաշտօնատարը նշած է, որ ամերիկեան սպառնալիքները կ՛ականահարեն դիւանագիտական ջանքերը, եւ հիւլէական թղթածրարին դիւանագիտական լուծում գտնելու ժողովները ջնջուած են:
Թեհրան շրջանի պետութիւններու, որոնց շարքին Թուրքիոյ ղեկավարներէն խնդրեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական մագլցումը արգիլել:
Թուրք պաշտօնատար մը իր կարգին յայտարարեց, թէ Անգարան Իրանի հարցով կապի մէջ է ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ:
Իրանի մէջ մարդկային իրաւանց հսկողութեան «Հարանա» կայքը, որուն կեդրոնը Միացեալ Նահանգներն է, հաղորդեց, որ ցոյցերու ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 2571-ի, անոնց 2403-ը քաղաքայիններ են, իսկ 147-ն կառավարութեան առնչուած անհատներ: Սպաննուած են նաեւ ցոյցերուն չմասնակցող 9 քաղաքայիններ: Ցոյցերու 17 օրերուն ընթացքին ձերբակալուած են 18434 անձեր:
ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք մտավախութիւն յայտնեց Իրանի շուրջ զինուորական հռետորաբանութեան նկատմամբ եւ նշեց. «Կարեւոր է, որ բոլոր պետութիւնները դիւանագիտական երկխօսութեան ուղին ընտրեն եւ ոչ թէ զինուորական հռետորաբանութիւնը»:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններէն ետք, Իսրայէլի մէջ պաշտօնատարներուն մօտ գոյութիւն ունի այն համոզումը, թէ Իրանի դէմ ամերիկեան հարուածը ժամանակի հարց է»:
«Բանակը պաշտպանական եւ յարձակողական գետնի վրայ կը պատրաստուի, ներառեալ օդային պաշտպանութեան համակարգի մարտունակութիւնը բարձրացնելով», նշած է կայանը:
Իրանի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց զինուորական միջամտութիւն կատարելու պատրուակ ստեղծելու յանցանքով:
ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի ներկայացուցչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Միացեալ Նահանգներու պատրանքներն ու Իրանի նկատմամբ քաղաքականութիւնը հիմնուած են վարչակարգի փոփոխութեան վրայ: Ամերիկան պատժամիջոցները, սպառնալիքները, կազմակերպուած անկարգութիւններն ու քաոսը կ՛օգտագործէ զինուորական միջամտութեան պատրուակ ստեղծելու համար»:
Ներկայացուցչութիւնը նշեց, որ Ուաշինկթընի կիրարկած «խաղի կանոնները» «անգամ մը եւս պիտի ձախողին»:


