Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինը` վերջինիս դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին: Այդ մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց Նախարարութեան դիմատետրի պաշտօնական էջը:
«Երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծուած են վերջին տարիներուն իրականացուած միատեղ աշխատանքի արդիւնքները, որոնց շնորհիւ կարելի դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումն ու անոր շարունակական զարգացումը: Ի թիւս այլ ծրագիրներու, զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են «ԹՐԻՓՓ ուղի» ծրագիրի կեանքի կոչման համար իրականացուող քայլերուն` ընդգծելով նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը շրջանային փոխկապակցուածութեան, կայուն զարգացման խթանման տեսանկիւնէն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարար Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Քվինին երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ գործընկերութեան օրակարգի հարստացման մէջ ունեցած աւանդին համար` յաջողութիւն մաղթելով անոր հետագայ գործունէութեան մէջ:


