Լիբանանի մարմնամարզութեան նորակազմ ֆետերասիոնին կազմակերպած 2025-ի Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան արդիւնքներուն վաւերացուելէ ետք, 10-է աւելի հայ մարզիկներ գրաւեցին պատուաւոր դիրքեր:
Նախապէս նշած էինք 2018-ի Ա. կարգի Լիլիթ Աքըլի ազատ պարի եւ պարանի ոսկի մետալները, մինչ Տաթեւիկ Լոճիքեան 2018-ի Գ. կարգի ազատ պարի Լիբանանի ախոյեան դարձաւ:
2017-ի ծնունդ մասնակիցներուն մէջ, Ա. կարգի մրցումներուն, Արին Սեփեթճեան ազատ պարի, պարանի ձեւի եւ օղակներու երրորդ դիրքը գրաւելով շահեցաւ 3 պրոնզ մետալ:
2017-ի Գ. կարգի ազատ պարի պրոնզ մետալ շահեցաւ Քայլի Հալվաճեան:
2016-ի բաժինին մէջ, Արինա Պոհչալեան ազատ պարի եւ օղակներու մրցումներուն շահեցաւ պրոնզ 2 մետալներ Գ. կարգին մէջ, մինչ Ալիք Էկօ ազատ պարի արծաթ եւ օղակներով պարի արծաթ մետալ շահեցաւ Բ. կարգի մրցումներուն: Լէանտրա Գույումճեան ազատ պարի պրոնզ մետալը շահեցաւ Գ. խմբակին մէջ:
2015-ի բաժինի Բ. կարգին մէջ Սերենա Հաւանճեան պարանով պարի ոսկի մետալ շահեցաւ:
2014-ի բաժինէն մէջ, Սէրլի Տեքերմենճեան Գ. կարգի ազատ պարի ոսկի մետալը շահեցաւ, եւ օղակներու պրոնզ մետալն ալ նուաճեց:
2012-ի Ա. կարգին մէջ Մարիլին Պոհչալեան 4 ոսկի մետալներ նուաճեց` շահելով օղակի, գնդակով, փայտիկներու եւ ժապաւէնի պարերու մրցումները:
Նախապէս նշած էինք նաեւ Սերաֆինա Սերոբեանի 4 ոսկի մետալներուն մասին` պարանի, ժապաւէնի, օղակի եւ փայտիկներու ձեւերուն, 2011-ի բաժինին մէջ:


