Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հնգեակ յանձնախումբի անդամ երկիրներու` Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարին, Միշել Իսան, Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին եւ Ալա Մուսան:

Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք շարք մը նիւթեր, որոնց կարեւորագոյնը կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի ծրագիրն էին»:

«Անոր եւ լիբանանեան կառավարութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը յայտնեցինք, եւ ըսինք, թէ բարեկարգումները չափազանց կարեւոր են, ելեւմտական բացի ծրագիրը միջազգային ֆինանսաւորման հաստատութիւններու եւ տնտեսական գործընկերներու վստահութեան վերատիրանալու համար ճիշդ ուղղութեամբ քայլ է: Մաղթեցինք, որ ելեւմտական բացի օրինագիծը առարկայական ու շինիչ քննարկումի արժանանայ եւ գոյանայ ելք մը, որ կը բաւարարէ պետութեան ձգտումներն ու հայեցակարգը», նշեց դեսպանը:

«Քննարկեցինք նաեւ Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլի աւարտի հարցը եւ կառավարութեան անոր երկրորդ փուլը սկսելու մտադրութիւնը: Անգամ մը եւս ընդգծեցինք, թէ յանձնախումբի անդամները Լիբանանի բարեկամներ են եւ բոլոր փուլերուն անոր կողքին պիտի կանգնին:

«Մենք իր բոլոր հաստատութիւններով լիբանանեան պետութեան որդեգրելիք քայլերուն կողքին ենք: Ինչ կը վերաբերի զէնքի մենաշնորհման հարցին, կը կարծեմ, թէ պետութիւնն ու բանակը լաւ ձեւով կ՛ընթանան», յայտնեց Մուսա:

«Քննարկեցինք նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու հարցը եւ զանոնք իրենց ժամկէտին կատարելու մեր սպասումը յայտնեցինք, եւ ասիկա այնքան Լիբանանի բարեկամներուն պահանջը չէ, որքան իր բոլոր հաստատութիւններով Լիբանանի պահանջը: Այս գործընթացը կատարելը շատ կարեւոր է երկարատեւ դատարկութենէն ետք հաստատութիւններու աշխատանքի վերականոնաւորման համար: Այս ուղղութեամբ իւրաքանչիւր քայլի կը զօրակցինք», նշեց Եգիպտոսի դեսպանը:

Անդրադառնալով զէնքի մենաշնորհման հոլովոյթի աւարտին համար լիբանանեան պետութեան կողմէ ճշդուած պայմանաժամի հարցին` Մուսա յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ըսաւ, որ պէտք է այդ հարցը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտել, եւ Սալամ այսօր վերահաստատեց զայն: Մենք յառաջիկայ ամսուան սկիզբը կը սպասենք երկրորդ փուլի գործնական ներկայացման»:

«Այն, ինչ որ պետութիւնը կ՛ընէ, քաջալերական է: Գնահատեցինք առաջին փուլին կատարածը, եւ այդ գնահատումը դրական է: Աւելի ուժեղ ու արագ քայլերու կարիքը ունի՞նք: Նոյնիսկ իշխանութեան երեք պետերով ներկայացուած պետութիւնը այդ մասին կը խօսի, եւ ատիկա քաջալերական երեւոյթ է: Վստահ ենք, որ հարցերը լաւ ձեւով կ՛ընթանան», ըսաւ Եգիպտոսի դեսպանը:

«Պայմանաժամեր չկան, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը կարիքը ունի այդ թղթածրարը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու, եւ կը սպասենք յառաջիկայ փուլի ընթացքին անոր քայլերուն, որոնք, կը կարծենք, թէ դրական պիտի ըլլան», յայտնեց Մուսա:

«ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հեռացման հարցը զգայուն հարց է: Աշխատանք կը տանինք հարցերը դասաւորելու` երաշխաւորելու համար, որ կացութիւնը, ՖԻՆԻՒԼ-ի բացակայութեան, կը մնայ ապահով եւ կայուն», ըսաւ Եգիպտոսի դեսպանը:

Ֆրանսայի դեսպանը իր կարգին «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Ֆրանսան պիտի մասնակցի Մեքանիզմի յանձնախումբին դիւանագիտական բաժինին` սպասելով, որ առաքելութիւնն ու յանձնախումբին մէջ աշխատելաձեւը կը յստականան, այդ հիմամբ ալ պիտի ճշդուի Փարիզի ներկայացնելիք անձնաւորութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա «Էմ.Թի.վի.»-ին յոյս յայտնեց, որ «Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլը արագօրէն կը սկսի եւ արագօրէն կ՛աւարտի»:

«Պայմանաժամը ամէնէն կարեւոր բանն է», ընդգծեց դեսպանը:

Վարչապետ Սալամ վարչապետարանին մէջ Հնգեակի յանձնախումբի դեսպաններուն հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հնգեակի յանձնախումբի դեսպաններուն շնորհակալութիւն յայտնեցի անոնց այցելութեան եւ մեր կառավարութեան բարեկարգչական երթին հետեւիլ շարունակելնուն համար, մասնաւորաբար գնահատելնուն համար ելեւմտական բացի եւ պահ դրուած գումարներու վերատիրացման նախագիծը, որ կառավարութիւնը խորհրդարանին ուղարկեց»:

«Գնահատեցի իրենց զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակի Լիթանի գետի հարաւին մէջ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլը աւարտելուն, եւ անոնց վստահեցուցի երկրորդ փուլի եւ անոր յաջորդող փուլերու գործադրութեան նկատմամբ մեր հաստատակամութիւնը», նշեց վարչապետը:

 

 

Նախորդը

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

Յաջորդը

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.