. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան 7 յունուարին պիտի այցելէ Պէյրութ, լիբանանցիները պիտի յորդորէ որդեգրելու ելեւմտական բացի օրինագիծը եւ պիտի քննարկէ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի հարցը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը 8 յունուարին պիտի գումարէ ժողով մը, ինչպէս արդէն ծանօթ է, առանց քաղաքական ներկայացուցչութեան: Պիտի մասնակցին միայն զինուորականները, որովհետեւ քննարկումը պիտի վերաբերի բացառապէս գետնի վրայ բանակին իրագործածին առնչուած զինուորական հարցերու»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Մինչ զէնքի մենաշնորհման պայմանաժամի երկարաձգման կողքին որեւէ լայնածաւալ պատերազմի բացառման հարցը վճռուեցաւ, իսրայէլեան հարուածները պիտի շարունակուին, կրնան մագլցում ու կշռոյթի բարձրացում արձանագրել, ինչպէս նաեւ կրնան Հըզպալլայի կառոյցի աւելի խորքը թիրախաւորել»:
. «ԺԱԶԻՐԱ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայան. «Սուրիոյ նախկին վարչակարգի ուժերէն շուրջ 20 օդաչուներ կը բնակին Լիբանան եւ կը փորձեն նախկին վարչակարգի մնացորդացին միանալ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 23000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.320.000 լ.ո.-ի եւ 1.359.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 14000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.237.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.188.000 լ.ո.:


