. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միջազգային դրամական ֆոնտը կառավարութենէն պահանջած է ելեւմտական բացի օրինագիծի վաւերացման չաճապարել, որովհետեւ մօտեցումը ամբողջական չէ, եւ այդ առնչութեամբ ունի նկատումներ, որոնք տարեսկիզբէն` արձակուրդի մէջ եղող իր մասնագէտ պաշտօնեաներու վերադարձէն առաջ պիտի չներկայացնէ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Դեսպան Քարամ պիտի ներկայացնէ իր երկրի պարտաւորութիւններու կատարման համապարփակ պատկերը` բանակի կատարողականի, տեղակայման եւ համաձայնագիրով անկէ պահանջուածի իրականացման միջոցով, մինչդեռ իսրայէլեան կողմը ամբողջովին պատասխանատու պիտի նկատուի իր պարտականութիւններուն համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Պաղեստինեան զէնքի թղթածրարը դարձեալ արծարծելու հիմնական նպատակը Համաս շարժումը պաշարումի ենթարկելն է: Ֆաթհ շարժումը միակ խմբաւորումն է, որ գործնականին մէջ ընդառաջեց զինաթափման ծրագիրին»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-իսրայէլեան վեհաժողովի աշխատանքին հետեւած քաղաքական ականաւոր շրջանակներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «2026 թուականը 2025 թուականի շարունակութիւնը պիտի ըլլայ` Իսրայէլ Հըզպալլայի թիրախաւորումը պիտի չդադրեցնէ»:
. 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 13000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.343.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը նուազեցաւ 14000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.382.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 10000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.251.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 4000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.188.000 լ.ո.-ի:


