Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Աշխարհէն Հրաւէր` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

December 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Իր դարաւոր կեանքի ընթացքին չէ պատահած, որ Կաղանդ պապուկը հրաւէր ստանայ որեւէ երկրէ: Ան` իբրեւ համամարդկային կերպար ու անկրկնելի մարդասէր, միշտ ալ եղած է զինք սիրողի կողքին, աշխատած է` հասնելու բոլորին, ուրախացնելու ժողովուրդներն ու մանկական աշխարհը համակ:

Այս պարագային, զարմանալին այն է եղած, որ հրաւէրի նախաձեռնութիւնը կատարուած է խումբ մը ընտանի անասուններու կողմէ, որոնք դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած են ու կը շարունակեն ապրիլ հայաշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ: Անոնք լաւապէս ճանչցած են հայու առանձնայատկութիւնը, կենցաղակերպն ու մտայնութիւնը, աւելի՛ն. անոնք երկար ժամանակ ապրելով հայոց հողին վրայ` կրցեր են ըմբռնել ու խորապէս հասկնալ հայութեան սէրն ու կապուածութիւնը հայրենի հողին:

Փաստօրէն կենդանական աշխարհի իրերայաջորդ սերունդներ ականատես են եղած` հայ գիւղացիի մարդասիրութեան, քրտնաջան աշխատանքին, նուիրումին, մայր հայրենիքին հանդէպ տածած սիրոյն եւ զայն պաշտպանելու անկոտրում կամքին:

Ճիշդ է, որ պատմութեան ընթացքին եղեր են դաժան ժամանակներ, հայատեաց թշնամիներ կոտորեր ու թալաներ են հայութիւնը, սակայն հայութիւնը յաջողեր է պահել իր ինքնութիւնը, կռուեր է պաշտպանելու ընտանիք ու արժանապատուութիւն եւ կրցեր` շատ արագ վերականգնիլ ու գոյատեւել:

Վստահաբար այս բոլորի քաջածանօթ Կաղանդ պապուկը, ի տես հրաւէրի կողքին ուղարկուած նամակի բովանդակութեան, կրկնակի զարմանք կ՛ապրի, երբ կ՛իմանայ, որ հայոց Արցախ աշխարհը ենթարկուած է զազրելի վերաբերումի` թուրք-ազերի հորդաներու կողմէ, եւ հակառակ ազատատենչ արցախահայութեան ուժեղ մարտերուն` հայը կը ստիպուի հեռանալ հայրենի հողէն` նոր ցեղասպանութեան մը չենթարկուելու մտավախութեամբ:

Հետաքրքրականը, ըստ Կաղանդ պապուկին, այն է, թէ ինչպէ՞ս այս հրաւէր-նամակը հասած էր իրեն եւ որո՞ւ ձեռամբ գրուած:

Ինչպէս գիտենք, որ մեծ մարդասէր Կաղանդ պապան դարերէ ի վեր կ՛ապրի ձիւնապատ հիւսիսային բեւեռի մէջ ուր կան անծայրածիր անտառներ եւ տեսակաւոր անասուններ: Սպիտակ հագած անտառներու կեդրոնին կառուցուած է Կաղանդ պապուկին մեծ դղեակը, որ զարդարուած էր գունաւոր լոյսերով եւ գեղեցիկ զարդերով:

Կաղանդ պապուկը, ինչպէս միշտ, ամէն ձմրան եղանակի նախօրէին կամաց- կամաց կը պատրաստուի իր սրբազան առաքելութեան` ամբողջ աշխարհի տարածքին շրջելու եւ իր պատրաստած նուէրները մանուկներու բաշխելու: Դուրսը` ձիւնածածկ անտառին մէջ, իրենց կարգին, Կաղանդ պապուկի հաւատարիմ անասունները` եղջերուները, արդէն իսկ պատրաստ կը սպասէին մեծ մարդասէրի ազդանշանին` սայլերը միացնելու եւ դէպի երկինք սաւառնելու:

Իր առօրեայ աշխատանքին առընթեր, Կաղանդ պապուկը հանգիստի պահուն` երբ նստեր իր բազկաթոռին վրայ, պիշ-պիշ կը նայէր դիմացի պատին վրայ խնամքով կախուած գունաւոր գուլպաներուն, ուր զետեղուած կ՛ըլլային տարբեր երկիրներէ իրեն հասած նամակներ:

Գունաւոր լոյսերով զարդարուած պատին վրայ յանկարծ իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ բացիկ մը, որ ունէր տարօրինակ տեսք: Ան շուտով կը բանայ զայն ու կը կարդայ իմանալու համար անոր բովանդակութիւնը:

Զգալի էր, որ այդ հրաւէր-բացիկը մարդ արարածի մը կողմէ պատրաստուած չէր: Կարդալէ ետք բացիկին բովանդակութիւնը, ի յայտ կու գայ, որ այն ինչ, որ գրուած էր, հայաշխարհի ընտանի անասուններու կանչն էր, հրաւէրը, տեսակ մը անոնց ողբն ու մտահոգութիւնը, որով անոնք կը դրսեւորէին` ցոյց տալու իրենց ներքին տուայտանքը` ի տես հայութեան պարզած վիճակին, Արցախ աշխարհէն հայութեան տեղահանումին եւ Հայաստանի մտահոգիչ կացութեան:

Փաստօրէն բացիկ-նամակին մէջ, անոնք` ընտանի անասունները, նաեւ կը յիշէին, որ վերջին տարիներուն յաճախ, ամէն Ամանորին, բարեկամ թէ ազգակից անասուններու հետ (սկիւռ, արագիլ, թեւատ, արծիւ, սպիտակ արջ, եղնիկ եւ այլն) իրենց մտահոգութիւններուն մասին կը գրէին Կաղանդ պապուկին, որպէսզի օգտակար դառնայ իրենց եւ ճար մը գտնէ պատահածին` արցախահայութեան տեղահանումին:

Անոնք ուզած էին բազում ճանապարհներով հաղորդակցիլ Կաղանղ պապուկի հետ` վերջ մը դնելու իրենց հաւաքական ցաւին ու տառապանքին:

Բացիկ-նամակը կարդալէ ետք, Կաղանդ պապուկի յուզաշխարհը կ՛ալեկոծի, տեսակ մը զայրոյթ կ՛արթննայ իր մէջ, կ՛որոշէ ելք մը գտնել ու հասնիլ տառապեալ ընտանի անասուններուն եւ հարազատի կոչով մը ներկայանալ հայութեան:

Ինչպէս միշտ, ձիւնածածկ անտառին կեդրոնը գտնուող Կաղանդ պապուկի դղեակը լոյսերու մէջ կը շողար: Իրեն օգնական անասունները վերջացուցած էին իրենց գործը ու կը սպասէին Կաղանդ պապուկի ազդանշանին:

Արդէն իսկ հարիւրաւոր նուէրներ բեռցուած էին սայլերու վրայ:

Երկինքը մաքուր եւ աստղազարդ էր, քամին խաղաղօրէն կը փչէր:

Ժամը հասած էր Կաղանդ պապուկի մեկնումին` սաւառնելու դէպի երկինք:

Կաղանդ պապուկը հագած էր իր կարմիր զգեստը, մէջքին կապած` լայնկեկ գօտին, ու ոտքերուն կը փայլէին սեւ մոյկերը:

Ամբողջ տարուան յոգնութենէ ետք, պահիկ մը ան նստաւ իր բազկաթոռին վրայ, ծխամորճը ձեռքին` մտածումի մատնուեցաւ: Կ՛ուզէր ելք մը գտնել ու վերջ տալ հայաշխարհի ցաւին ու տառապանքին:

Յանկարծ կը փայլին Կաղանդ պապուկի կարմրուկ այտերն ու աչքերը. ան մտայղացումով մը հանդէս պիտի գար եւ հասնէր իր սիրելի բարեկամներուն:

Ամանորի գիշերը ամէն ինչ կազմ ու պատրաստ էր, Կաղանդ պապուկը դուրս կու գայ իր դղեակէն ու կը նստի իր գեղեցիկ սայլակին վրայ, ան բարի նայուածքով մը կու տայ ազդանշանը` դէպի երկինք ճախրելու:

Կաղանդ պապուկի առաջին հանգրուանը Արցախ աշխարհն էր, ուր իրեն կը սպասէին ընտանի անասունները, որոնք հաւաքուած էին երբեմնի իրենց ագարակին մէջ: Կաղանդ պապուկը հազիւ հասած` ամբողջ շրջանը կը լուսաւորուի, ձիւնածածկ դատարկուած բնակարանները տեսակ մը տիեզերական բարութեամբ ու շունչով կը լեցուին, տուներու ծխնելոյզներէն դէպի երկինք կը բարձրանան հայաբոյր երգեր ու աղօթքներ, եւ, ջերմութեան ու լաւատեսութեան ծուէններ կը սկսին տարածուիլ շուրջբոլոր: Ընտանի անասուներու ուրախութիւնը անսահման էր, անոնք հասկցած էին Կաղանդ պապուկի պատուէրն ու պատգամը:

Կաղանդ պապուկի յաջորդ հանգրուանը կ՛ըլլայ Հայաստան, ուր հայութիւնը հաւաքուած` կը տօնէր իր Ամանորը: Ճիշդ է, որ ան բոլոր մանուկներուն պիտի տար նուէրներ, սակայն` միաժամանակ ան բերած էր հիւլէ մը Մեսրոպ Մաշտոցէն, կամք` Մամիկոնեան գերդաստանէն, շունչ` Նարեկացիէն, սէր եւ յոյս` Խրիմեան Հայրիկէն, աւանդութիւն` Կոմիտասէն, խանդաղատանք` Շիրազէն, ազատատենչ ոգի` հայդուկներէն,  մարտունակութիւն` Սասնոյ լեռներէն, արարատասիրութիւն`

Աբովեանէն, հայրենապաշտութիւն` Արամ Մանուկեանէն, ու մանաւանդ ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւն` սրբադասուած 1,5 միլիոն նահատակներէն:

Ամենազօր մարդասէրը` Կաղանդ պապուկը, խորապէս համոզուած էր, որ հայութիւնը կրնար իր վիճակէն դուրս գալ, եթէ երբեք թօթափէր անտարբերութիւնն ու մտքի դալկութիւնը: Ըստ իրեն, հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայութիւնը իրաւունք չունի յանձնուողական կացութեան մէջ գտնուելու, այնքան ատեն որ տէր է իր սեփական ճակատագրին ու ազգային արժանապատուութեան:

Յայտնապէս, այս Ամանորին, իւրաքանչիւր հայաստանաբնակ թէ սփւռքահայ երեխայ, իր ստացած նուէրին առընթեր, զգաց` տարօրինակ շունչ մը, անբացատրելի զգացում մը, ինքնագիտակցութեան գալու ներքին հրաւէր մը, որ ձեւով մը համակեց ամբողջ հայութիւնը:

Այո՛, Կաղանդ պապուկը, որ օժտուած էր տիեզերական ուժով, հաւատք ունի, որ պիտի յաջողի իր այս առաքելութեան մէջ:

Ան գիտնալով հայոց դարաւոր պատմութիւնն ու մշակոյթը` կը հաւատայ, որ դժուար ու անհանդուրժելի օրերը պիտի անցնին, ու վերստին պիտի փայլի հայոց  սրբատաշ աստղը, որ խարսխուած է Արարատի գագաթին:

Բարի՛ Ամանոր:

 

 

 

Նախորդը

Մասիս Ալեքսանդրեան

Յաջորդը

Նոր Տարի, Նոր Յոյսեր

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.