Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասիս Ալեքսանդրեան

December 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Բարդ են մարդկային յարաբերւթիւնները: Աւելի բարդ են մարդկային ծանօթութիւնները, իսկ ամէնէն բարդը, մարդ արարածին մէջ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈ՛ՒՄՆ Է:

Մեր կեանքի ընթացքին մարդոց կը հանդիպինք, կը ծանօթանանք: Շատ անգամ այդ ծանօթութիւնը պարզ` «Բարեւ» – «Աստծոյ բարին» արտայայտութենէն անդին չ՛անցնիր, կամ ծանօթութեան պարզ հարթակի մը վրայ կը մնայ:

Քիչ անգամներ միայն մարդկային ծանօթութիւնները կ՛անցնին գիտակցական մակարդակներու… այն ատեն պարզ ծանօթութիւնը նոր իմաստ կը ստանայ: Այն ատեն կ՛անդրադառնանք, որ այդ պարզ ծանօթութիւնը հիմնական մարդկային, գիտակցական արժէքներու վրայ կառուցուած է:

Մասիսի մեկնումի այս տխուր եւ անակնկալ առիթով պիտի փորձեմ վեր առնել այս ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՄԱՐԴՈ՛ՒՆ, ՀԱՅՈՒՆ, ԱՄՈՒՍԻՆԻՆ, ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀՕ՛Ր, ՄԵԾ ՀՕ՛Ր, ԵՂԲՕ՛Ր նուիրուածութեան ոգիին վեհութիւնը:

Յետադարձ ակնարկով երբ կը նայիմ Մասիս Ալեքսանդրեանի անցած կեանքի ճանապարհին, անոր անսահման խրոխտ ոգիին, անոր խիզախ կեցուածքին, կ՛անդրադառնամ, որ, բառին իսկական առումով, ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ անհատ մը ճանչցած եմ կեանքիս ընթացքին: Գլխագի՛ր կը գրեմ ՄԱՍԻՍ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԵԱՆ անունը:

Մասիս ծնած էր Իրաքի հիւսիս-արեւելեան Սուլէյմանիյէ նահանգը, 1939-ին:

Իր մարդկային գիտակցութեան եւ ազգային կազմուածութեան հիմքը կու գար իր ընտանիքէն:

Ան անդրանիկ զաւակն էր ընկ. Նիկողոսին եւ տիկին Աստղիկին: Նիկողոս Ալեքսանդրեան դեղագործ էր, համաշխարհային «Ֆայզըր» դեղագործական ընկերութեան ներկայացուցիչը` Իրաքի մէջ: Սուլէյմանիյէ փոքր հայկական գաղութի հայկական վարժարանի ուսուցչական պարտականութիւնը իր ուսերուն առած էր ան:

Այնտեղ փոքրիկ Մասիսը իր այբուբենը պիտի սորվէր: Հետագային Ալեքսանդրեանները փոխադրուեցան Պաղտատ: Նիկողոս Ալեքսանդրեան Իրաքի «Գոյամարտ» թերթի կառավարութեան մօտ արտօնատէրը եղաւ: Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան (ՀԵԵՄ) գործօն անդամ եւ ՀՅԴ ուսանողական միութեան դաստիարակ:

Նիկողոս եւ Աստղիկ բախտաւորուեցան չորս զաւակներով` Մասիս, Վարանդ, Շանթ եւ Սեւան, որոնց դաստիարակեցին ազգային շունչով:

Մասիս այդպիսի հայկական միջավայրի մէջ մեծցաւ: Յաճախեց Պաղտատի հայկական վարժարանը, ապա ժեզուիթներու երկրորդական վարժարանը` Պաղտատ քոլեճ: Աւարտելէ ետք ընդունուեցաւ Անգլիոյ Լիծ համալսարան, ուրկէ ստացաւ իր պսակաւորի վկայականը` առեւտրական ղեկավարման մէջ:

Անգլիա գտնուած օրերուն ան անդամակցեցաւ տեղւոյն ՀՅԴ «Նաւասարդ» կոմիտէութեան եւ Հայ երիտասարդական միութեան:

Լոնտոնի մէջ կեանքի նոր դռներ բացուեցան Մասիսի կեանքին մէջ: Այնտեղ հանդիպեցաւ Ֆրանսայէն ժամանած, ազգային շունչով տոգորուած աղջնակի մը` Սոնիկին: Մասիսն ու Սոնիկը անդրադարձան, որ կեանքը իրենց համար նոր ուղեւորութեան ճանապարհ մը ճշդած է: Եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մէջ հիմը դրին ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՆ:

Ուսումը աւարտելէ ետք Մասիս եւ Սոնիկ վերադարձան Պէյրութ, Լիբանան: Իր ուսման բերմամբ, Մասիս աշխատանք գտաւ «Ըրնըսթ էնտ եանկ» համաշխարհային ընկերութեան մէջ` հասնելով ղեկավար դիրքերու:

Մասիս եւ Սոնիկ բախտաւորուեցան հինգ զաւակներով` Նարեկ, Սեւակ, Ռուբէն, Մարալ եւ Սանան:

Զաւակները ամուսնացան, եւ Մասիսն ու Սոնիկ ականատես եղան իրենց թոռներուն:

Լիբանանի մէջ Մասիս չէր կրնար զերծ մնալ հայկական միջավայրէն: Ան անդամակցեցաւ եւ իր ներդրումը բերաւ` ՀՅԴ-ի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւններուն եւ Ազգային իշխանութիւններու աշխատանքին մէջ:

Լիբանանի մէջ իր ազգային գործունէութեան հետ, Հայաստանն ու Արցախ ողնայարային գոյութիւն եղան Մասիսի կեանքին մէջ:

ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ընկերութիւնը` կառուցելու եւ օժանդակելու Արցախի հաստատման եւ կառուցողական գործունէութիւններուն:

Մասիս Ալեքսանդրեան նշանակուեցաւ տնօրէնը այդ հաստատութեան:

ԱՌԻ կազմակերպութիւնը կեդրոնացաւ Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջանները զարգացնելուն եւ ուռճացնելու աշխատանքներուն վրայ: Սփիւռքի տարածքին գործարարներու այս հաւաքական աշխատանքը իր հսկայական դրական բնոյթը ստացաւ: Տուներ, աւաններ կառուցուեցան, գիւղատնտեսութիւնը զարգացաւ… այլ խօսքով, ՀԱՅՐԵՆԻՔ գաղափարը կայունացաւ:

ԱՌԻ կազմակերպութիւնը, Մասիսին ղեկավարութեամբ, հայրենիքին օժանդակելու ՆՈՐ ձեւ որդեգրեց: Նիւթապէս ներդրում ունեցողը ինք եւս կ՛օգտուէր իր աջակցութենէն: Բոլոր օժանդակողները դրամատան շահոյթ ստացան իրենց ներդրման դիմաց: Դրամատան գաղափարը գործադրուեցաւ: Դրամատան տոկոսային շահոյթ ապահովուեցաւ ներդրողներուն համար: Օրինակելի գործնական այս գաղափարը մեծապէս նպաստեց Արցախին: Այս գաղափարը փայլուն, գործնական գաղափար է մանաւանդ այս օրերուն:

Երանի թէ հայկական կազմակերպութիւնները ի գործ դնեն զայն:

Մասիս Ալեքսանդրեան սքանչելի գաղափարը ունեցաւ համաշխարհային գործարարական հասկացողութեան` հաշուետու-հաշուէառ ձեւը գործի դնել Հայաստանի մէջ` իր «Ըրնըսթ էնտ եանկ» ընկերութեան բաժանմունք մը հաստատելով Երեւանի մէջ:

Աւելի՛ն. Մասիս համաշխարհային մակարդակի հասցնելու համալսարանական գործարարական ուսումը, վեց տարի Երեւանի ամերիկեան համալսարանին մէջ դասաւանդեց այդ նիւթը:

Կ՛ըսեն դաժան է իրականութեան աչքերուն մէջ նայիլը:

Այո՛, դաժան է:

Այսօր, ցաւ ի սիրտ, հոս ենք, դաժան իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք…

Սիրելի՛ Մասիս, սիրե՛լի ընկեր, սիրելի գլխագի՛ր ՀԱ՛Յ… գործդ կէս մնաց… շուտ գացիր…

Երանի թէ այս խօսքս քու կենդանութեանդ ըսած ըլլայի… յոբելեանիդ առթիւ: Բայց գիտցի՛ր,  գիտցի՛ր, որ սրտանց կը խոնարհիմ, անզուգական Մասիս Ալեքսանդրեան, քու յիշատակին առջեւ:

Մասի՛ս, գործդ պիտի շարունակուի քեզի պէս նուիրեալներու կողմէ: Վառեցիր ջահ մը, որ երբեք, երբեք պիտի չմարի:

Մասի՛ս, դուն կ՛ապրիս: Կ՛ապրիս սիրելիիդ` Սոնիկին համար: Դուն միշտ օրինակելի հայր,  մեծ հայր, եղբայր պիտի մնաս զաւակներուդ, թոռներուդ, եղբայրներուդ եւ հայ ազգին համար:

Ազգիդ նուիրեալ անզուգակա՛ն զաւակ, դուն ՉԵ՛Ս մահացած…

Ո՜չ, չե՛ս մահացած… Դուն ՉԵ՛Ս մահանար…

Անունիդ նման, պիտի նայիս հայրենիքիդ, ազգիդ, անոնց վերելքին եւ հրահրես, որ սերունդերը պահեն, պահպանեն, գուրգուրան այս մին-ու-ճար ՀՈՂԻՆ վրայ:

ՅԻՇԱՏԱԿԴ ԱՆԹԱՌԱՄ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ, ՄԵՐ ՍԻՐԵ՛ԼԻ, ԸՆԴՄԻ՛ՇՏ ՍԻՐԵԼԻ ՄԱՍԻՍ:

26 դեկտեմբեր 2025
Նիւ Եորք

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Նամակ` Իմ Կաղանդ Պապայիս

Յաջորդը

Հայոց Աշխարհէն Հրաւէր` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.