ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Երեւանէն կարգ մը աղբիւրներ կը հաւաստեն, որ Թուրքիոյ հետ սահմանները բանալու գործընթացը արագացնելու փորձերը յաջողութիւն չեն խոստանար ներկայիս: Ոմանք մինչեւ իսկ, այսպէս կոչուած, «Թրամփի ուղի»-ի գործարկումէն ետք, անհաւանական կը գտնեն Թուրքիոյ կողմէ սահմաններու լիակատար բացումը: Առաւելագոյնը` 2026 յունուարէն դիւանագիտական անցագիր կրողներուն միայն արտօնուի սահմանը հատել: Այս ալ միայն ենթադրութիւն մըն է:
Հայաստանի իշխանութիւնները 8 օգոստոսի երեկոյեան ամբողջ աշխարհին աւետեցին ճանապարհներու բացուելու լուրը: Իսկ ներկայիս կը մտածեն, թէ ինչպէ՞ս համոզեն թուրքերը, որ բանան սահմանը:
Հայեւթուրք յարաբերութիւնները կը մնան ժամանակակից միջազգային քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան ամենաբարդ եւ բազմաշերտ հարցերէն մէկը:
Տարիներ շարունակ լռութիւն կը տիրէ հայեւթուրք բանակցութիւններու ընթացքին իրական բովանդակութեան մասին: Բանակցութիւնները կ՛ընթանան մշուշոտ: Ոչ ոք տեղեակ է քննարկուող օրակարգէն: Առիթներով միայն կ՛իրազեկուին լաւատեսութիւն ներշնչող խոստումներ` առանց բացատրութեան, առանց մտածողութեան յստակացման:
Երբ խօսքը կը վերաբերի պետութեան գերիշխանութեան, պատմական ժառանգութեան եւ անվտանգութեան, լռութիւնը կը դառնայ վտանգ:
Դարաւոր հակամարտութիւնը, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, տարագրութիւնը, Պաղ պատերազմի ժամանակաշրջանէն փակ սահմաններու իրողութիւնը, Արցախի ազատագրական պայքարին պատճառով Հայաստանի դէմ տնտեսական շրջափակումը, 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին անվերապահ աջակցութիւնը, Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական վերջին փոփոխութիւնները երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները դրած են պատմագիտական, իրաւական, անվտանգային եւ դիւանագիտական առանցքային հանգոյցի մը մէջ:
Հայեւթուրք յարաբերութիւնները, որ սնանած են մեր ժողովուրդի կոթողային փորձառութենէն ու դարաւոր ցաւերէն, այսօր ալ կը մնան մեր ազգային մտածողութեան ու քաղաքական օրակարգին ծանրագոյն հարցերէն մէկը: Ցեղասպանութենէն յառաջացած բաց վէրքերը, պատմական արդարութեան չվերականգնուած պահանջը բարոյական պարտադրանք մը կը յառաջացնեն, որուն մէջ հայը ոչ միայն իր պատմութիւնը կը պաշտպանէ, այլեւ կը պահանջէ իր արժանապատուութեան ամբողջական հատուցումը:
Միաժամանակ, ժամանակակից աշխարհակարգը մեզ կը դնէ նոր խնդիրներու եւ քաղաքական ընտրութիւններու դարպասին առջեւ: Միջազգային քաղաքականութեան խաչմերուկին Թուրքիոյ անփոփոխ եւ հետեւողական հակահայ ռազմավարութիւնը կը բախի մեր ազգային գոյութեան եւ պատմական յիշողութեան: Հետեւաբար Հայաստանի համար պէտք չէ ընկալուի իբրեւ քաղաքական պարզ մօտեցում մը. ան ունի ինքնութեան, հոգեբանական խորք, ազգային գոյութեան կշիռ:
Հայեւթուրք յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր խորհրդանշական կամ զանգուածային կապերով: Անոնք կը ներառեն ամբողջ հաւաքական յիշողութեան, արդարութեան եւ գոյատեւման միջեւ ընթացող մաքառումներ: Նախապայմանը ոչ թէ սահմանին հապճեպ բացումը պիտի ըլլայ, այլ` ազգային շահերու պահպանման եւ երկարաժամկէտ անվտանգութեան յստակ երաշխիքը:
Հայոց ցեղասպանութիւնը յուշ կամ բարոյական պահանջ չէ միայն: Հայեւթուրք յարաբերութիւններու հիմքը հայոց պետականութեան ինքնութիւնն ու անվտանգութիւնն է: Ցեղասպանութիւնը ժխտելով` Թուրքիա կը շարունակէ իր սպառնալիքի եւ ճնշման լեզուն: Ճանաչումը կրնայ դառնալ փոխադարձ յարաբերութիւններու անշրջանցելի օղակը, որովհետեւ առանց պատմական իրողութեան համակողմանի ընդունման` յարաբերութիւնները կը կորսնցնեն բարոյական հիմքը եւ կը վտանգեն Հայաստանի միջազգային ինքնութիւնը:
Պետութիւն մը, որ կը ժխտէ իր կատարած ցեղասպանութիւնը, երբեք չի կրնար կայուն վստահելի գործընկեր դառնալ: Իսկ պետութեան մը ղեկավարը, որ կասկածի ու հարցականի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, նոյնքան խոցելի է, որքան` ցեղասպանը:
Երկիր մը ինչպէ՞ս կրնայ «իրական» քաղաքականութիւն վարել, երբ անոր սահմանակից պետութիւնը տակաւին կը ժխտէ իր կատարած յանցագործութիւնը եւ կը շարունակէ պատմական սպառնալիքի քաղաքականութիւնը:
Պետութիւն մը, որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը, ինչպէ՞ս կրնայ ստեղծել կայուն եւ արժանահաւատ հաշտեցման ուղի: Միւս կողմէ` ինչպիսի՜ անվտանգային հետեւանքներ կրնան ունենալ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ աճող դերակատարութիւնը եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ուղղուածութեան փոփոխութիւնը:
Միայն անցեալի յիշատակ չեն Արեւմտեան Հայաստանի վանքերը, եկեղեցիներն ու ժողովուրդի մը պատմամշակութային կոթողները. անոնք համայն ժողովուրդի մը պատմական քարտէսն են: Թուրքիա պարտաւոր է երաշխաւորել` յստակ վերահսկողական համակարգ, միջազգային կառոյցներու մասնակցութիւն (ԵՈՒՆԵՍՔՕ), պահպանութեան ու վերականգնման թափանցիկ կառուցուածքներ:
Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական յանձնառութիւն է, որ անհրաժեշտ է ներառել իբրեւ բանակցութիւններու առաջնահերթ կէտ: Առանց անոր` յարաբերութիւնները կը դառնան ինքնանպատակ եւ վտանգաւոր:
Հայաստանի աշխարհագրական սահմանները ամրակայուած են միջազգային օրէնսդրութեամբ: Սակայն Թուրքիոյ իշխանական եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ տակաւին կը գտնուին այնպիսիք, որոնք Հայաստանի տարածքը կը դիտեն իբրեւ պատմական «անվտանգային գօտի»:
Այս տրամաբանութիւնը կը պահանջէ` սահմաններու անառարկելի ճանաչում, տարածքային ամբողջականութեան յստակ հաւաստագիր եւ միջազգային երաշխաւորներու մասնակցութիւն:
Առանց անվտանգութեան պատշաճ հիմքի սահման բանալ` կը նշանակէ քաղաքական ինքնասպանութեան ճանապարհ հարթել Թուրքիոյ սպառնալիքներուն առջեւ:
Հայաստանի համար առաջնահերթ է` սահմաններու անառարկելի ճանաչում, ռազմական սպառնալիքներու վերացում, օդային եւ ցամաքային անվտանգութեան միջազգային վերահսկելի երաշխիք:
Առանց այս երաշխիքին` սահման բանալը կը դառնայ վտանգ, ոչ թէ` յաջողութիւն:
Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը կազմեն տարածաշրջանային միասնական ճակատ: Քաղաքական անթոյլատրելի սխալ մը պիտի ըլլայ հայեւթուրք երկխօսութեան օրակարգէն դուրս ձգել Արցախի հարիւր հազարէ աւելի տեղահանուած բնակչութեան տունդարձը:
Հայաստան պէտք է պնդէ իրաւունքներ` ապահով վերադարձ, սեփականութիւն, մշակութային ինքնութիւն եւ միջազգային պաշտպանութիւն:
Այս պայմանը միայն մարդասիրական քայլ մը չէ, անիկա համազգային անվտանգութեան հարց է:
Թուրքիա կը հանդիսանայ Ազրպէյճանի ռազմավարական գործընկերը: Հայեւթուրք բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան պէտք է (թէեւ` մեծ դժուարութեամբ) արցախահայութեան ապահով վերադարձը երաշխաւորէ
Սահմաններու բացումը անհնար է դիտել իբրեւ զուտ տնտեսական գործարք: Վնասող եւ տուժող կողմը անկասկած պիտի ըլլայ Հայաստանը: Գոյութիւն ունի իրական վտանգ` թրքական արտադրանքի կտրուկ ներխուժում, ազգային տնտեսութեան կախուածութիւն, ներքին շուկայի հսկողութեան կորուստ, ռազմավարական ճնշման տակ երկարաժամկէտ մնալու լուրջ հաւանականութիւն:
Սահմանի բացումը պէտք է շաղկապուի համաչափ մաքսային քաղաքականութեան ու ռազմավարական ոլորտներու սահմանափակման, ինչպէս նաեւ պետական պաշտպանութեան կառուցուածքներու ամրապնդման հետ:
Թուրքիա այսօր կը փորձէ Կովկասը վերաձեւել իր աշխարհաքաղաքական ընկալումով: Հայաստանի համար առաջնահերթ մտահոգութիւն պէտք է դառնայ չմտնել այնպիսի տնտեսական կամ անվտանգային նախագիծերու մէջ, որոնք կը սպառնան Հայաստանի գերիշխանութեան:
Յարաբերութիւններու բնականոնացումը` պէտք է ըլլայ երկկողմանի շահերու հիման վրայ, ոչ` իբրեւ դարաւոր ազդեցութեան շարունակականութեան արտայայտութիւն:
Հայաստանը պէտք է յստակօրէն մերժէ նման փապուղիի մը մէջ մտնելու արկածախնդրութիւնը, որ ծանր հարուած պիտի հասցնէ իր գերիշխանութեան կամ պիտի պարտադրէ թրքամէտ ուղղութիւն մը:
Յարաբերութիւններու բնականոնացում` չի նշանակեր քաղաքական ենթակայութիւն:
Այս բոլորէն անկախ, թուրք հասարակութեան մէջ կը գործեն այնպիսի հոսանքներ, որոնք պատրաստ չեն տեսնելու հայ ժողովուրդը` իբրեւ ինքնուրոյն, արժանապատիւ կողմ:
Այս պատճառով անհրաժեշտ է ստեղծել պատմագիտական երկխօսութիւն, քաղաքացիական հասարակութեան կամուրջներ, որոնք կը յառաջացնեն հասարակական հիմք` կայուն յարաբերութեան համար: Մշակութային համագործակցութիւններ, որոնք պիտի փարատեն նախապաշարումները եւ հիմք դառնան խաղաղութեան, ոչ թէ իշխանական շահերով, այլ` հասարակութիւն-հասարակութիւն կապերով:
Յարաբերութիւններու բնականոնացումը ինքնին դրական գործընթաց է, սակայն Թուրքիոյ նկրտումներուն ընթացք տալ առանց սկզբունքային օրակարգի` կը վերածուի վտանգաւոր զիջումներու, որոնք կրնան կործանել Հայաստանի անվտանգութիւնը, տնտեսական եւ հոգեւոր հաստատութիւնները:
Հայաստանի շահը կը պահանջէ` հրապարակային եւ ճշմարիտ օրակարգ եւ երկարաժամկէտ արժանապատուութեան քաղաքականութիւն:
Մնացածը միայն պատրանք է:


