Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ սուրիական քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը սուրիական բանակին օգնութեամբ յաջողած են արեւմտեան Հոմսի գիւղական Թելքալխ քաղաքին մօտ Շապրունիէ եւ Տապպուսիէ գիւղերու մերձակայքին մէջ լիբանանեան հողերէն սուրիական հողեր, եւ սուրիական հողերէն Լիբանան Նահր Քապիր Ժանուպի գետին ճամբով ապօրինաբար անցնիլ փորձող շարք մը անձեր խեղդուելէ փրկել:
Փրկուածները հաղորդած են, թէ իրենց խումբը կը բաղկանար 11 անձերէ, որոնցմէ չորսը լիբանանեան հողեր վերադարձած են, իսկ ջուրի հոսանքը շարք մը ուրիշներ իրեն հետ տարածէ: Սուրիական կողմը երկու կիներու եւ երիտասարդի մը դիակները յայտնաբերած է:
Լիբանանեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կարգ մը լրատուական կայքեր հրապարակած են տեղեկութիւններ, թէ լիբանանեան բանակը գետը կտրել փորձող սուրիացիներու ստիպած է սուրիական հողեր վերադառնալ, եւ նշեց, թէ բանակին միաւորները նշեալ շրջանին մէջ չեն միջամտած, որովհետեւ ապօրինի կերպով սահման անցնելու վերաբերեալ որեւէ տեղեկութիւն չեն ստացած, ինչպէս նաեւ անոնք ոեւէ անձի գետ վերադառնալ չեն ստիպած, եւ այժմ սուրիական իշխանութիւններուն հետ համակարգումով խեղդուած անձերու որոնում կը կատարէ:
«Բանակը սուրիացիներու սահմանային օրինական անցակէտներու ճամբով սուրիական հողեր կամաւոր վերադարձը կը դիւրացնէ, ինչ որ անոնց անվտանգութիւնը կ՛ապահովէ, ինչպէս նաեւ անոնց ապահով կերպով սուրիական կողմ հասնելնուն հաստատում կը ստանայ` առնչակից սուրիական իշխանութիւններուն հետ համակարգումով», նշեց լիբանանեան բանակը:


