Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Կէտեր Կորսնցուց

December 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ժալիլ Քանայի դէմ մրցումին:

Մրցումը աւելի դիւրին պէտք էր ըլլար, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքը ըստ երեւոյթին այս տարեշրջանին իրենք կը դժուարացնեն մրցումը: Վերջին ճշգրիտ փոխանցումը կատարելու կամ զայն օգտագործելու լուրջ հարցեր կան: Կեդրոնի դիրքը շատ լաւ կը գործէ խմբապետ Աւիկի եւ Յակոբ Նաճարեանի հետ, բայց վստահաբար Աւիկի տարիքը (37 տարեկան կը բոլորէ 12 օրէն) չի ներեր 90 վայրկեան պայքարելու: ՀՄԸՄ-ի տղաքը անակնկալ կոլ մը ստացան 26-րդ վայրկեանին, երբ Ապպաս Մրէյշի սխալէն ետք Քանա նշանակեց իր առաջին կոլը:

42-րդ վայրկեանին սխալ մը եւս, եւ շատ դանդաղ բերդապահ Ռապիհ Սարհան ստացաւ 2-րդ կոլը: Արդիւնք` 2-0 ի նպաստ Ժալիլ Քանայի:

Հազիւ վայրկեան մը անցած, Սերժ Օսքեան անզսպելի ձախ ոտքի ուժգին հարուածով մը պատասխանեց` նշանակելով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի առաջին կոլը` Յակոբ Նաճարեանի փոխանցումէն ետք:

Բ. կիսախաղի 8-րդ վայրկեանին, Եուսեֆ Համատէի օդային փոխանցումէն ետք վեթերան Ուասիմ Ապտել Հատի գլխու հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 2-րդ կոլը:

5 վայրկեան ետք, Տիգոյի փոխանցումը կոլի փորձեց վերածել նոյնինքն Ապտել Հատի, բայց գնդակը անցաւ բերդին մօտէն:

80-րդ վայրկեանին ոսկի առիթ մը կորսուեցաւ, երբ գնդակը հասաւ Ատնան Շամիի, որ առանձին չկրցաւ նշանակել յաղթանակի կոլը:

Նշենք, որ Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած էին Միկել Խանճեան, Քարլոս Թոմաս եւ Հիւսէյն Զալզալէ, իսկ վերջին վայրկեաններուն` Ֆատել Ռիտա:

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր երեք մրցումներն ալ նոյն դաշտին վրայ խաղցաւ ու միայն անոնցմէ մէկուն կրցաւ յաղթել, եւ օտար դաշտերու վրայ խաղալը աւելի դժուար կրնայ ըլլալ մանաւանդ մեկնելով հիւսիս` Թրիփոլի, Սուրիոյ սահմանին մօտ, կա՛մ ալ հարաւ, ուր յոգնեցուցիչ մրցումներ կրնանք ունենալ:

Մարզիչը, որ աւելի ծանօթ պէտք է ըլլայ մարզիկներուն, զգալիօրէն չի կրնար ճիշդ կերպով դաշտ ներկայացնել խումբը կամ կատարել փոխարինումները:

Յուսանք, որ ամէն բան կը շտկուի, եւ խումբը կը վերադառնայ յաղթանակներու շարքին:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Մարզական Կեանք. Տարուան Լաւագոյնները Ընտրուեցան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 120 Կէտ Նշանակեց, Բայց Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.