Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մարզական Կեանք. Տարուան Լաւագոյնները Ընտրուեցան

December 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հանրապետութեան գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց «Տարուան լաւագոյնները» տարեկան մրցումներու արդիւնքները:

2025 տարուան յաղթողները որոշուեցան մարզական հաւատարմագրուած լրագրողներու փակ եւ գաղտնի քուէարկութեան շնորհիւ, որմէ ետք նախարարին հրամանով ձեւաւորուած յատուկ յանձնախումբը յայտարարեց արդիւնքները:

Քուէարկութեան հոլովոյթին հետեւեցաւ նախարարի տեղակալ Յասմիկ Աւագեան:

Մրցանակներու ամէնէն հեղինակաւորը` տարուան «Երեք լաւագոյն մարզիկներ»-ը ընտրուեցան 2024-ի Ողիմպիական խաղերու մրցանակակիրները, որոնք 2025-ին կրցան գերազանցել իրենց իսկ նուաճումները:

Ծանրաբարձ Վարազդատ Լալայեան եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան դարձան աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեաններ:

Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան շահեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, նուաճեց աշխարհի բաժակը եւ աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն արծաթէ մետալ շահեցաւ` իր ասպարէզի լաւագոյն տարիներէն մէկը բոլորելով:

2025-ի աղջկանց լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ 20 տարեկան ծանրաբարձ Ալեքսանտրա Գրիգորեան: Ան Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան դարձաւ, երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ախոյեանութեան (մեծերու) արծաթէ մետալակիր:

Տարուան լաւագոյն խումբի տիտղոսը շահեցաւ Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան (Եուրօ) աւարտական մրցաշարքին: Թեկնածու էին նաեւ Հայաստանի հոքիի ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ Նոա ակումբը, բայց ֆութսալի հաւաքականի յաջողութիւնը անմրցելի էր: Լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ ընտրուեցաւ յունահռոմէական ոճի 20 տարեկան ըմբիշ Գասպար Տէրտէրեան, որ 2025-ին դարձած էր աշխարհի ախոյեան (20 տարեկանէն վար) Եւրոպայի փոխախոյեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 5-րդ դիրքը գրաւած էր:

«Տարուան բացայայտում» եւ «Հանդիսատեսի համակրանքի մրցանակ» տիտղոսները շահեցաւ քարաթէի մարզիկ Սուրէն Յարութիւնեան, որ աշխարհի քարաթէի ֆետերասիոնի կազմակերպած աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալ շահած էր` Հայաստանին պարգեւելով պատմական առաջին մետալ:

«Մարզիկ, որ Հայաստանը աւելի յայտնի դարձուցած է» տիտղոսը շահեցաւ Համլեթ Մանուկեան (մարմնամարզութիւն), մինչ երկրի լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Փաշիկ Ալավերդեան (ծանրաբարձութիւն):

Նախորդը

Էտուարտ Սփերձեան Ընտրուեցաւ Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Յաջորդը

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Կէտեր Կորսնցուց

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.