Լեւոն ԺԴ. պապը Վատիկանի մէջ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն իր արտասանած խօսքին մէջ հայրական ողջոյն ուղղեց քրիստոնեաներուն, «մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնց վերջերս կատարած առաքելական առաջին այցելութեանս ընթացքին ուզեցի հանդիպիլ»:
Ան նշեց, որ գիտէ «զանոնք շրջանցող հզօր հակամարտութիւններուն դիմաց անկարողութեան անոնց զգացումը»:
«Քրիստոսին կ՛աղօթենք, որպէսզի Լիբանանին, Պաղեստինին, Իսրայէլին եւ Սուրիոյ արդարութիւն ու խաղաղութիւն շնորհէ», նշեց Լեւոն ԺԴ. պապը:
Պապը նաեւ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց` «անկեղծ եւ ուղղակի» երկխօսութեան մէջ մտնելու «քաջութիւնը» ունենալու:
«Մասնաւորաբար կ՛աղօթենք տառապած ուքրանացի ժողովուրդին համար, որպէսզի զէնքի աղմուկը դադրի, եւ առնչակից կողմերը, որոնց միջազգային թիկունք կը կանգնի միջազգային ընտանիքի յանձնառութիւնը, քաջութիւնը ունենան անկեղծ, ուղղակի եւ յստակ երկխօսութիւն ունենալու», աւելցուց Լեւոն ԺԴ. պապը:


