Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Ե.) «Ազդակ»-ը` Ընկերային Ցանցերու Վրայ

December 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»,  բացի իր կայքէն, արդէն ծանօթ է, որ առկայ է ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներու վրայ` Դիմատետր, X, Ինսթակրամ եւ Թելեկրամ: Այս բոլորին կը հետեւի «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակիցներու երիտասարդ խմբակ մը, որ յատուկ ծրագրաւորումներ եւ ձեւաչափեր կը պատրաստէ «Ազդակ»-ի նիւթերու ելեկտրոնային տարածքներու վրայ տարածման համար:

Անշուշտ այս բոլորը հասանելիութեան  նոր աստիճաններ կը գրանցեն «Ազդակ»-ի նիւթերուն համար: Կան բնականաբար տարբերութիւններ. Դիմատետրի էջը առաւելաբար կը տարածէ գաղութային իրադարձութիւններու մասին լուրերը: Ինսթակրամը լուսանկարներու վրայ կեդրոնացումով ամփոփ լուրեր կը թողարկէ, մինչ X-ն ու Թելեկրամը հիմնականին մէջ արագ լրահոսը կը վերարտադրեն:

Արագ լրահոսի ծրագիրը հետեւողականութեամբ կը շարունակուի առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ ժամերը. անոնք, որոնք այդ ծրագիրը չեն ներբեռնած, առիթ կ՛ունենան X-ի եւ Թելեկրամի ճամբով ստանալու արագ լրահոսը:

«Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքը յատուկ է «Ազդակ»-ի լսարաններու տեսագրութիւններուն:  Ձեւով մը տեսադարան մը, ուր կը թարմացուին նիւթերը ամսական հերթականութեամբ, լսարանի կայացումէն անմիջապէս ետք: Մինչ, «Ազդակ»-ի կազմակերպած ձեռնարկները եւ յատկապէս շնորհահանդէսները ուղիղ սփռուեցան «Ազդակ»-ի դիմատետրի էջերէն:

Օրական հերթականութեամբ «Ազդակ»-ի նիւթեր կը ստանան նաեւ «Ազդակ»-ի «Ուաթց ափ»-ի կայանին հետեւորդները: Ի տարբերութիւն «Ազդակ»-ի արագ լրահոսին, այնտեղ արդէն ընդարձակ լրատուութիւն, խմբագրական եւ յօդուած կարդալու կարելիութիւն կայ:

Քննարկելի էր նաեւ «Թիք-թոք»-ի վրայ ներկայութիւն ունենալը. սակայն ելեկտրոնային բաժինի երիտասարդ խմբակը ներկայ պահուն նպատակայարմար չգտաւ այդ մէկը եւս ներառել ընդհանուր ցանցին: Չի բացառուիր, որ ամիսներ ետք «Ազդակ» ունենայ նաեւ իր այդ հարթակը:

Ինչ կը վերաբերի «Ռիլզ»-ին, ապա առայժմ անոր գործառոյթը փոխարինած է «Ազդակ»-ի առաջնային լուրերու վիտէօ տարբերակով մատուցումը ընկերային ցանցերու համապատասխան էջերով, շաբաթական հերթականութեամբ:

«Ազդակ»-ի կայքի արտադրութիւնն է, որ հիմնականին մէջ նիւթ կը հայթայթէ այս ամբողջ ցանցային համակարգին: Աւելի ճիշդը հիմնականին մէջ տպագիր տարբերակի  բովանդակութիւնն է, որ կը շրջագայի նորանոր թիւեր գրանցելով հասանելիութեան: «Ազդակ»-ը, բոլոր ժամանակներէն աւելի հասանելի է այսօր ընթերցող զանգուածի մը բաւական լայն աշխարհագրութեամբ: Մօտէն հետեւողներ կը նկատեն, որ կայքային տարբերակը, օրուան ընթացքին կը թարմացուի: Այդ թարմացումը լրատուութիւնը արագ թողարկած ըլլալու հեւքին հետ կապ ունի: Արագ լրահոսը անշուշտ այդ առաջնային խնդիրը ունի, սակայն գերհակիրճ ըլլալու պարտադրանքը չ՛օգներ, որ լուրը իր ամբողջութեան մէջ թողարկուի: Կայքի օրուան ընթացքին թարմացումները որոշակիօրէն կը լրացնեն այդ բացը:

Այս չի նշանակեր, որ «Ազդակ» նպատակադրած է արագութեան մրցանիշներ գրանցել: Առաջինը հաղորդած ըլլալու մրցավազքին ներքաշուած են շատ մը լրատուամիջոցներ  եւ այդ պատճառով  հարուած կը հասցնեն յաճախ հաւաստիութեան:

Մեր բոլոր ցանցերուն բովանդակութիւնը «Ազդակ»-ի պաշտօնական լրատուութիւնն է. հետեւաբար` պատասխանատու: «Լայքահաւաք»-ն ու հետեւողներու թիւերու արագ բազմապատկումը չեն մեր առաջնահերթութիւնները: Այլ` հաւաստիութիւնը:

Նախորդը

Ցաւակցագիր

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 229-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.